. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կրնայ հրապարակուիլ իշխանութեան երեք պետերուն` Ժոզեֆ Աունի, Նեպիհ Պըրրիի եւ Նաուաֆ Սալամի կողմէ միացեալ դիրքորոշում մը, որուն մէջ անոնք կը հաստատեն լիբանանեան սկզբունքները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան յարձակումին, հեռացման եւ գերիներու վերադարձին»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան մեծ մագլցում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ իսրայէլացին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան յայտարարութենէն ի վեր իր շարունակուող պատերազմին մէջ իր ուզածը կ՛իրագործէ, եւ ոչ ոք կը փորձէ զայն զսպել` ո՛չ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը, ո՛չ ալ մէկ ուրիշը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Մինչեւ այս պահը Հըզպալլայի կողմէ վարչապետ Սալամի յառաջիկայ տարուան սկիզբը Լիթանի գետէն հիւսիս եւ Աուալի գետէն հարաւ զինաթափման անցնելու մասին յայտարարութեան պատասխան մը չհրապարակուեցաւ: Տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ կուսակցութիւնը ինքզինք պատասխանելէ զանց պիտի կացուցէ եւ կեդրոնանայ Լիթանի գետէն հարաւի թղթածրարին վրայ ու պիտի ուղղուի յառաջիկայ տարուան սկիզբը այդտեղ իր զինուորական ներկայութեան աւարտը յայտարարելու, ինչ որ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի թղթածրարը կը վերածէ 2026 թուականին Լիբանանի համար լարուած ականի»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Պինա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին հարցականի տակ առած են վարչապետ Սալամի առանց Իսրայէլի յարձակումները դադրեցնելուն եւ բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս գալուն կառավարութեան կողմէ բանակի ծրագիրի երկրորդ փուլին անցնելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեան ժամանակը:
Անոնք նշած են, որ կառավարութեան 5 սեպտեմբերի նիստի որոշումները բանակի ծրագիրի երկրորդ փուլի աւարտը կը կապեն իսրայէլեան հեռացման, յարձակումի դադրեցման, բանակի համար անհրաժեշտ ներուժի գոյութեան եւ անոր գործառնական լիազօրութիւններու տրամադրման: Այս որոշումները նաեւ սահմանած են, թէ Իսրայէլի հեռացումէն եւ յարձակումի դադրեցումէն առաջ Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուող բանակի առաջադրանքները աւարտելու ժամկէտներ չեն սահմանուած: Աւելի՛ն, նախարարաց խորհուրդը իր բանաձեւերէն մէկուն մէջ հաստատած է, որ Լիբանանը կատարած է 27 հոկտեմբերի համաձայնագիրով ստանձնած իր բոլոր պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները, մինչդեռ բռնագրաւումը ատկէ ոչ մէկը կատարած է:
Աղբիւրները հարց տուած են, թէ Սալամ ինչպէ՛ս կրնայ անտեսել բանակի գնահատականը` հաշուի առնելով, որ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ, բազմիցս յայտարարած է, թէ երկրորդ փուլին անցնիլը անկարելի է առանց Իսրայէլի հեռանալուն եւ յարձակումներու դադրեցման:
.95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 24000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.384.000 լ.ո.-ի եւ 1.424.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 17000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.280.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 1.184.000 լ.ո.-ի:


