Տոնպասի մէջ Ուքրանիոյ տարածքային զիջումները կը խոչընդոտեն հակամարտութեան լուծման հոլովոյթը: Այս մասին բրիտանական «ԱնՀըրտ» կայքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վանս:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւներուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է` Մայամիի մէջ նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւի գլխաւորած ռուսական պատուիրակութեան հետ խորհրդակցութիւններէն ետք:
«Ես կը կարծեմ, որ մեր ձեռք բերած յառաջընթացը այն է, որ բոլոր հարցերը այժմ բացայայտ կը քննարկուին», նշած է Վանս` աւելցնելով, որ ուքրանական հակամարտութեան լուծման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն խաղաղ կարգաւորման բացարձակ վստահութիւն չկայ:
«Կը կարծեմ` մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ատիկա տեղի ունենայ, սակայն նաեւ շատ հաւանական է, որ ատիկա տեղի չունենայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
Անոր համաձայն, կը քննարկուի նաեւ Զապորոժիէի հիւլէական կայանի միացեալ վերահսկողութեան կարելիութիւնը եւ Ուքրանիոյ մէջ ռուսերու կարգավիճակը:


