Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեւմտական Բացի Մասին Օրինագիծը Բուռն Ընդդիմութեան Կ՛արժանանայ

December 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռազի Հաժ «Նաշրա»-ին յայտնեց, թէ «ելեւմտական կայունութիւն եւ պահ դրուած գումարներու վերստանձնում» խորագիրը կրող օրինագիծը, որ շատոնցուընէ կը սպասուէր, հասարակական կարծիքին համար ցնցիչ է, որովհետեւ սպասումները չի բաւարարեր:

Հաժ նշեց, որ նախագիծը կը թերանայ արձանագրուած վնասներուն յստակ պատասխանատուութիւն ճշդելու մէջ, այդ հարցին մէջ «ընդհանուր բացթողումներու, կուտակուած քաղաքականութիւններու եւ տնտեսական արտակարգ պայմաններու» մասին կը խօսի առանց պատասխանատուութիւնը յստակօրէն պետութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներուն վրայ դնելու:

Ան նշեց, որ Հզօր հանրապետութիւնը կ՛ընդդիմանայ այս նախագիծին, որովհետեւ անիկա «ոչ պահ դրուած գումարները կը վերադարձնէ, ո՛չ ալ` վստահութիւնը, պատասխանատուութիւններ չի ճշդեր, հաշուետուութեան հիմք չի ստեղծեր, միջին դասակարգը չի պաշտպաներ, ո՛չ ալ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի ոլորտները, ո՛չ հանգստեան կոչման ֆոնտերը, ո՛չ սենտիքաներու, ո՛չ ընկերային ապահովութեան գումարները կը պաշտպանէ, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը դէպի տեւական աճ չի մղեր»:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, թէ պլոքը ելեւմտական բացի օրինագիծը ազգային տնտեսութեան վերականգնման եւ ելեւմտական կացութեան անվտանգութեան համար հրատապ կը նկատէ, սակայն վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ներկայացուցած օրինագիծը «կարգ մը կէտերու մէջ բարեփոխումներու կարիք ունի, իսկ այլ կէտերու մէջ` յաւելումներու»:

Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ըսաւ, որ Ելեւմտական բացի լուծման օրինագիծը յառաջիկայ փուլին քննութեան եւ քննարկման պիտի ենթարկուի:

Ան աւելցուց, որ նախագիծը յստակ բացեր կը պարունակէ, եւ շեշտեց. «Արտօնելի չէ, որ լուծումը որեւէ ձեւով պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերու հաշուոյն ըլլայ»:

Հանգստեան կոչուած զօրավար Մունիր Աքիքի խօսքը պետութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ դրամատուներու միութեան ուղղելով յայտնեց. «Անիրաւութիւն է, աւելի՛ն, անբարոյականութիւն ու անխղճութիւն է պահ դրուած գումարներու սեփականատէրերը զրկէք մէկ լումայէ իսկ, 1992 թուականէն ի վեր ձեր կիրարկած ելեւմտական քաղաքականութեան պատճառով»:

Դրամատուներու միութիւնը եւս կտրուկ կերպով մերժեց նախարարաց խորհուրդին ներկայացուած ելեւմտական բացի օրինագիծը:

Նախորդը

Մուսա. «Կ՛աջակցինք Նախագահ Աունին»

Յաջորդը

Զգուշացնելով Նեթանիահուն` Կրահամ. «Համասն Ու Հըզպալլան Կը Վերազինուին»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.