Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է 2025-ի մարզական ոլորտի լաւագոյն թեկնածուներու պաշտօնական ցանկը:
Ամէն տարի տեղի ունեցող այս մրցանակը եղած է աւանդական իրադարձութիւն մը, որ կ՛ամփոփէ մարզական տարին` արժեւորելով այն մարզիկները, մարզիչները եւ խումբերը, որոնք իրենց նուաճումներով եւ նուիրումով նշանակելի ներդրում ունեցած են հայկական մարզական կեանքի զարգացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ալ միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին:
Մրցանակը կ՛ընդգրկէ մարզական զանազան մարզաձեւեր, տարիքային խումբեր, որոնք մաս կազմած են Եւրոպայի կամ աշխարհի ախոյեանութիւններուն, միջազգային մրցաշարքերուն, երիտասարդական ախոյեանութիւններուն եւ համալսարանական մրցաշարքերուն:
Թեկնածուներուն մէջ կան նաեւ ազգային խումբերու յայտնի անուններ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ մարզիկներ, որոնք արդէն այսօր կը կերտեն հայկական մարզական աշխարհի ապագան:
2025 թուականի մրցումին պիտի ընտրուին տարուան լաւագոյն երեք մարզիկները, լաւագոյն (աղջիկ) մարզիկ, հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկ, լաւագոյն խումբ, լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ, վերադարձ դէպի ասպարէզ (վիրաւոր մարզիկներու համար), Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյնս ներկայացնող մարզիկ, լաւագոյն մարզիչ, ինչպէս նաեւ համակիրներու համակրանքը շահած մարզիկ (առցանց քուէարկութեամբ):
Իրբեւ թեկնածուներ նկատի առնուած են միայն ողիմպիական մարզաձեւերու ներկայացուցիչները եւ այն մարզաձեւերը, որոնք ներառուած են Հայաստանի գործող յատուկ զարգացման ծրագիրին մէջ, օրինակ` Ուուշու, ճատրակ եւ սամպօ:
Մինչդեռ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ը եւ բազկամարտը ընդգրկուած չեն, հակառակ անոր որ 2025-ին այս մարզաձեւերուն մէջ զգալի յաջողութիւններ ունեցան հայաստանցի բազմաթիւ մարզիկներ: Այս տարի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեան դարձաւ Սպարտակ Միքայէլեան, որ Հայաստանի աշխարհի երեք ախոյեաններէն մէկն է (2025-ին)` Մալխաս Ամոյեանի եւ Վարազդատ Լալայեանի հետ:


