Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

December 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց լսարանը սկիզբ առաւ «Քորոնա» համավարակի օրերուն, սկզբունքով փոխարինելու համար առկայ լսարանները, որոնք գրեթէ ամսական հերթականութեամբ տեղի կ՛ունենային, հիւրընկալելով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն դասախօսներ: Առցանցը այսօր արդէն հատած է թիւով 80-ի սահմանը  եւ հաստատօրէն կ՛առաջնորդուի լրացնելու համար 100 թիւը:

Թիւերով չէ միայն, որ կը յատկանշուին այս լսարանները: Հիւր-դասախօսներու մասնագիտութիւնը, անոնց ունեցած փորձառութիւնը ոչ միայն ակադեմական, այլ նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ նախ եւ առաջ «Ազդակ»-ին ապահովեցին բարձրորակ միջավայր մը, թէկուզ առցանց:

Դասախօսութիւններու նիւթերը բազմաբնոյթ են: Մշակութային, ընկերաբանական, հասարակագիտական, երաժշտագիտական եւ անշուշտ քաղաքական:

Բնականաբար հարց պիտի ծագի, որ համավարակի անհետացումէն ետք ինչո՞ւ շարունակուեցաւ առցանց լսարանի դրութիւնը: Պարզ է պատասխանը: Առցանց դրութիւնը թէ՛ դասախօսներու եւ թէ՛ մասնակիցներու առումով ապահովեց լայն աշխարհագրութիւն մը: Փաստօրէն մեր դասախօսները տարբեր երկիրներէ են. նաեւ` մասնակցող լսարանականները:

Կային առաջարկներ, որ բաց ծրագիրով, ուղիղ հեռարձակումով  առցանց դասախօսութիւնները կարենային դիտել, հետեւիլ անոր. ան, որ այդ պահուն պատահաբար միացած էր ընկերային ցանցերուն եւ դիմատետրի «Ազդակ»-ի էջին, կարելիութիւն ունենար մասնակցելու լսարանին:

Առցանց լսարանները կը ծանուցուին դասախօսութենէն շաբաթներ առաջ` տպագիր, ելեկտրոնային տարբերակներով, առաւել եւս «Ազդակ»-ի ուաթց ափ կայանով. առընթեր այդ յայտարարութիւնները կ՛ուղարկուին հարիւրաւոր անուններ հաշուող ցանկերու: Ընդհանրապէս անոնց, որոնք մասնակցած են լսարաններուն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նաեւ իր ցանցին միացած հասցէներու ուղարկել յայտարարութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով այլոց  մասնակցելու լսարանին:

Կը մնանք նոյն որոշումին կառչած: Հարիւրաւորներու կ՛ուղարկուի յղումը, իսկ անոնք, որոնք կ՛ուզեն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցիլ, կը դիմեն յայտարարուած հասցէին եւ կը ստանան յղումը: Այսքան մեծ տարածքներու վրայ յայտարարելէ եւ լսարանը կայանալէն ետք, ամբողջ դասախօսութեան տեսագրութիւնը կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ, եւ դարձեալ անոր յղումը կ՛ուղարկուի նոյն հասցէներուն: Հետեւաբար, ուղիղ հեռարձակելու եւ պարագայաբար միանալու կարելիութիւն տալու փոխարէն նախընտրելի է նման մակարդակով դասախօսութիւններու պարագային նախապէս իրազեկուիլ եւ հայց ուղարկել մասնակցութեան:

«Ազդակ» ունի իր եութիուպեան ալիքը, ուր տեղադրուած են 80-է աւելի այս դասախօսութիւնները: Առաջադրանք է եւ հետագայ ծրագիր, այդ բոլորին արտագրումն ու խմբագրումը կատարելը: Ապա` հրատարակելը: «Ազդակ»-ի «Սիրուհի Պուտագեան» մատենաշարի հատոր մը  կամ գուցէ հատորներ կրնան կազմել այս բարձրորակ մակարդակով ներկայացուած դասախօսութիւնները:

Առցանց դասախօսութիւնները պիտի շարունակուին անպայման: Անոնց նպատակը արդիական խնդիրներու մասին լսարանին մասնակցողները իրազեկելն է նախ եւ առաջ: Բայց նաեւ մեր թերթին շուրջ համախմբելը` հայկական իրականութեան տարբեր մասնագիտութիւններու ամէնէն հեղինակաւոր անունները:

Այս բոլորին մէջ պէտք է նկատել նաեւ, որ մասնագիտական նիւթի մատուցման համար արեւմտահայերէնի օգտագործումը ոչ միայն օրինակելի հանգամանք ունի, այլ նաեւ խորհուրդ: Խորհուրդ, որ կը վերաբերի մայրենիի մեր ճիւղին զարգացման, մասնագիտական բառապաշարներու կերտման, շատ յաճախ օտար բառերու հայացման եւ այդ ճամբով լեզուի կենսունակութեան պահպանման ամէնէն ազդեցիկ նպաստը բերելուն:

Նախորդը

Ուշաքով. «Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարման Նախաձեռնութեան Մէջ Լրջութիւն Չկայ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.