Երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. դասակարգի Բ. հանգրուանի իր մրցումին 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իժթիմահի խումբէն։Առաջին կիսախաղին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ աւելի լաւ էր իր մրցակիցէն եւ 19-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը՝ շնորհիւ Եուսեֆ Համատէի։
Սակայն 5 վայրկեան ետք քոռնըրի մը վրայ Իժթիմահի օգտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական սխալներէն եւ հաւասարեցաւ։
32-րդ վայրկեանին Ալի Ֆահըսի փոխանցումէն ետք Ուասիմ Ապտել Հատի նշանակեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երկրորդ կոլը։
Կիսախաղէն քիչ մը առաջ Ալի Շեհատէի եւ Ապպաս Մբէյշի աններելի սխալներէն ետք Իժթիմահի անգամ եւ եւս հաւասարեցաւ։
Բ՛. կիսախաղին ՀՄԸՄ չկրցաւ իր բնական խաղը խաղալ, եւ 10 վայրկեան ետք արդէն իսկ արդիւնքը 2-3 էր՝ անգամ մը եւս պաշտպանողական գիծի եւ բերդապահի սխալներէն օգտուելով 85-րդ վայրկեանին Ապպաս Մրէյշի սխալէն ետք Իժթիմահի լաւապէս օգտուեցաւ եւ նշանակեց իր 4-րդ կոլը։
Պէտք է լրջօրէն աշխատիլ պաշտպանողական գիծի սխալներուն վրայ, բան մը, որ շատ ծանր կ´ազդէ խումբին վրայ։ Փախարինող մարզիկներն ալ որեւէ բան չփոխեցին մրցումի ընթացքին վրայ։
Յոյսով, որ յաջորդ մրցումներուն մեր տղաքը աւելի կ´օգտուին մրցակիցի սխալներէն եւ մոռնալով այս մրցումը կը շարունակեն իրենց յաջող ընթացքը։


