Անջատուած եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանգստեան կոչուիլը պահանջող 10 եպիսկոպոսներ երէկ ժամը 5:00-ին Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ հրաւիրած էին հաւաք՝ իրենց պահանջը ներկայացնելու համար: Միաժամանակ, ընդդիմութեան զանազան ուժեր, որոնց կարգին ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ հաւատացեալներուն կոչ ուղղած էին համախմբուելու Ս. Էջմիածինի մէջ՝ պաշտպանելու համար Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
700 ոստիկաններ Ս. Էջմիածինի մէջ շղթայ մը կազմած էին: Երեկոյեան ժամերգութենէն առաջ պարզուած էր հետեւեալ պատկերը՝ ոստիկանական շղթայէն այն կողմ հաւաքուած էին կաթողիկոսի հեռացումը պահանջողներ սակաւաթիւ անձեր, իսկ միւս կողմը՝ վեհափառ հայրապետին հազարաւոր աջակցողները: Այստեղ էին նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներ: Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ ժամերգութեան կատարումէն եւ իրենց հրաւիրած հաւաքին սկիզբէն կէս ժամ ետք անջատուած 10 եպիսկոպոսները դուրս եկան Մայր աթոռի մօտ հաւաքուած հազարաւոր հաւատացեալներուն առջեւ՝ տեղեկացնելով, որ վեհափառի հրաժարականի պահանջով նամակ յանձնած են քարտուղարութեան։
«Մեր առաքելութիւնը այս պահուն աւարտած է։ Յաջորդ անգամ մենք այստեղ պիտի ըլլանք ձեզի հետ միասին՝ մայր տաճարէն աղօթելու մեր ժողովուրդի, ազգի, հոգեւոր դասի ամրապնդման եւ պայծառութեան համար», ըսաւ Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Վազգէն արք. Միրզախանեան:
Անոր ելոյթին ժամանակ հաւատացեալներէն շատեր կը սուլէին, ոմանք «Յուդա» կը կանչէին:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր ելոյթին մէջ նշեց, որ առկայ խնդիրները կը լուծուին կանոնական կարգով: Ան յորդորեց սրբազան հայրերուն վերադառնալ կանոնական դաշտ:
«Այսօր տագնապալի օրեր կþապրինք, այս պայմաններուն մէջ փոխանակ հանրութեան մէջ հաշտութեան, հանդուրժողականութեան, միասնութեան հոգին զօրացնելու, ընդհակառակը՝ կը շարունակուին յարձակումները մեր եկեղեցւոյ դէմ: Սուրբ Էջմիածինի հանդէպ հերթական ոտնձգութիւնը կատարուեցաւ այսօր, ցաւօք նաեւ մեր որոշ եկեղեցականների միջոցով», յայտարարեց վեհափառ հայրապետը:
«Այս աղմուկը, որ կը բարձրացուի եկեղեցւոյ մէջ, երբեք չի կրնար խաթարել մեր առաքելութիւնը, մեր ծրագիրները, որոնք կոչուած են մեր երկրի շինութեան, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար», ըսաւ ան:
Տասը անջատուած եպիսկոպոսները ոստիկանութեան հսկողութեան տակ դուրս եկան Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տարածքէն՝ ժողովրդային ցասումի մթնոլորտի մէջ:
«Այստեղ ենք՝ ի աջակցութիւն հայոց հայրապետին, Սուրբ Էջմիածինին եւ Մայր աթոռին։ Մեր ներկայութեամբ զօրակցութիւն կը յայտնենք մեր եկեղեցւոյ, որ այսօր հարուածի տակ է տիրադաւներու եւ այս խամաճիկ իշխանութեան դաւաճաններու կողմէ», Մայր աթոռի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը։
Իշխան Սաղաթէլեան ահազանգեց՝ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կþիրականացուի ապազգայնացման ծրագիր՝ պայքար հայկական ինքնութեան, հայկական մշակութային ժառանգութեան, մեր հաւատքի եւ մեր եկեղեցւոյ դէմ։ Այս մարդոց միակ նպատակը մեր ազգային՝ 1700-ամեայ հաստատութիւնը վարկաբեկելն է, թուլացնելը, անոր դերակատարութիւնը նուազեցնելը. «Մենք այդ սադրանքներուն պիտի չենթարկուինք։ Ցոյց պիտի տանք, որ կանգնած ենք հայոց հայրապետին եւ եկեղեցւոյ կողքին, ամուր ենք մեր դիրքերուն մէջ եւ թոյլ պիտի չտանք, որ այս սադրանքները կեանքի կոչուին»։


