Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտարարեց. «Ազրպէյճան այսօր կը սկսի նաւթամթերքի Հայաստան արտածումը»։
ԱՓԱ-ի փոխանցումով, 28 նոյեմբերին Գաբալայի մէջ երկու երկիրներու փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆայեւի հանդիպումի ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիմամբ՝ «այսօր Հայաստան պիտի ուղարկուի 22 վակոն պենզին, որ արտադրուած է ՍՈՔԱՐ ընկերութեան կողմէ»։
Ըստ լրատուամիջոցի, պենզին պիտի վաճառուի միջազգային շուկայական գիներուն համապատասխան գիներով։
«Ազատութիւն» կը գրէ, որ թէ հայկական ո՛ր ընկերութիւնները գնած են ազրպէյճանական պենզինը, տակաւին յայտնի չէ։
Նախքան այդ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն, թէ ազրպէյճանական վառելանիւթի ներածման ի՞նչ ծաւալներու մասին է խօսքը, հայաստանեան ո՞ր ընկերութիւնները մտադիր են Ազրպէյճանէն քարիւղ գնել եւ Ազրպէյճանը ի՞նչ գինով պատրաստ է քարիւղ ու նաւթամթերք վաճառել Հայաստանին, եւ արդեօք ատիկա մրցունակ պիտի ըլլա՞յ Ռուսիայէն ներածուող վառելանիւթին նկատմամբ, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան պատասխանած էր. «Վառելանիւթի առնչուած հետագայ ընթացքը արդէն սեփական մարզի արտածողներու եւ ներածողներու համագործակցութեան տիրոյթի մէջ է, իսկ հաւանական գործարքներու պայմանները պիտի ըլլան շուկայական»։


