Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Ռազմավարական Հակահարուածը Հայ Պետականութեան Լինելիութեան Ճգնաժամի Լոյսին Տակ

December 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Յստակ է, որ վարչապետ Նեթանիահուի յարձակողապաշտ ծրագիրները Իրանի դէմ եւ առհասարակ իսրայէլեան ծաւալապաշտութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ արդէն կը բախին Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարմիր գիծերուն։ Այս առումով, կը գտնուինք բոլորովին նոր իրականութեան մը դէմ յանդիման։
Իսրայէլի բացայայտ յաւակնութիւնները Իրանի, Սուրիոյ, Եմէնի եւ անշուշտ, առաջին հերթին, Կազայի մէջ ինքնաբերաբար սպառնալիքի տակ կþառնեն Թուրքիոյ կենսական շահերը տարածաշրջանին մէջ եւ կը խախտեն թուրք-իսրայէլեան երբեմնի ռազմավարական սերտակցութեան պատմական հիմքերը։ Մթնոլորտը սրած է այնքան, որ Թուրքիա պատրաստ կը թուի բուռն քայլերու։ Պատրաստ է պատերազմի… Գէթ այս է իմաստը, իր վերջին ելոյթներով, նախագահ էրտողանի խօսոյթին։ Թուրքիա արդէն իսկ դիմած է տնտեսական լուրջ պատժամիջոցներու` ծանր ամբաստանութեան տակ առնելով Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը։
Կացութիւնը լուրջ է ու աննախընթաց եւ պարտադիր կը դարձնէ հարցադրութիւնը, թէ որքա՞ն է ան պայթիւնավտանգ, եւ ի՞նչ կրնան ըլլալ անոր տարածաշրջանային հետեւանքները։
Աւելցնեմ անմիջապէս, որ հակառակ ներկայի ձգտուած մթնոլորտին եւ հակառակ Իսրայէլի ցեղասպանական գործողութիւններուն Կազայի մէջ` առայժմ դժուար է պատկերացնել պատերազմական ուղիղ առճակատում մը երկու երկիրներուն միջեւ։ Փաստը այն է, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ կը շարունակեն բարդ եւ բազմաշերտ կապերով կախուած ըլլալ իրարմէ։ Անոնք կը շարունակեն բնական դաշնակիցներ ըլլալ անբնական տարածաշրջանի մը` մշտապէս հակասական չափորոշիչներով։ Անոնք կը գտնուին զիրար միաժամանակ «սիրելու» եւ «ատելու» գերիրական կացութեան մէջ (love-hate relationship), զոր հարկադրուած են դիմագրաւելու ամէն օր եւ ամէն օր աւելի ստիպողական գործօններով եւ յաճախ՝ հակառակ իրենց կամքի՛ն։ Այս բարդ հաշուարկին հանրագումարը հետեւեալն է. հակառակ Էրտողանի աննախադէպ սպառնալիքներուն` ուղղուած Իսրայէլի, ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱՌԱՅԺՄ ԴԵՌ ԱՒԵԼԻ ՇԱՀԱՒՈՐ Է ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԷՄ ՉՊԱՏԵՐԱԶՄԵԼՈՎ, ՔԱՆ` ՀԱԿԱՌԱԿԸ։ Եւ հոս իսկ պէտք է փնտռել այս խիստ անսովոր կացութեան երկուութիւններու բանալին։
Կասկած չկայ, որ թուրքեւիսրայէլեան յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած փոխշահաւէտ կապերու հաւասարակշռութիւնը այժմ մտած է խորքային խախտումներու (disruptions) դժուարին մէկ փուլ։ Եւ այս մէկը լոկ պաղեստինեան դատով չէ, որ կը պայմանաւորուի։ Առաջին անգամ ըլլալով` Թուրքիա եւ Իսրայէլ իրարու մէջ կը տեսնեն հակադիր շահերէ սնանող սպառնալիքներ։ Երբեմնի գործակիցները փոխակերպուած են իրերամարտ ախոյեաններու։ Անոնք ունին սուր գիտակցութիւնը, որ իրենք սոսկ շրջանային ուժեր չեն այլեւս, այլ` կայսերական շահերու յաւակնորդներ, որոնց յաւակնութեանց ծիրերը այժմ կը մտնեն մէկզմէկու ապահովութեան դաշտերէն ներս եւ ամէն քայլափոխին ծնունդ կու տան նոր հակամարտութեանց։
Առաջին հերթին, պէտք է ընդգծել, որ Իսրայէլի կողմէ հետեւողականօրէն տկարացուած Իրան մը երբեք չի կրնար հանգստութիւն պատճառել Թուրքիոյ` նոյնիսկ ի մտի ունենալով թուրքեւիրանեան վէճերու մնայուն թնճուկը։ Չեն կրնար հանգստութիւն պատճառել նաեւ իսրայէլեան ուժի խարսխաւորման ճիգերը Սուրիոյ, սուրիական Քիւրտիստանի, Իրաքի, իրաքեան Քիւրտիստանի եւ առհասարակ արեւելեան Միջերկրականի առաջնագծային ռազմաբեմերուն վրայ։ ԱՍԿԷ ՊԷՏՔ Է ՀԵՏԵՒՑՆԵԼ, ՈՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ, ԻՆՔՆԻՆ, ԼՈՒՐՋ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓԱՆԹՈՒՐՔԻՍՏԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՆԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ ԿԸ ԹՈՒԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԷ ԳՈՐԾԵԼ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ` ՀԱԿԱՌԱԿ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՄԻՋԵՒ ԱՅԼԱՊԷՍ ՓՈԽՇԱՀԱՒԷՏ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ԱՌԿԱՅՈՒԹԵԱՆ։ ՅՍՏԱԿ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՒԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍԵՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՆՈՐ ԿՌՈՒԱՆՆԵՐՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԿԱՐԵՆԱԼ ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ։ ԿՌՈՒԱՆՆԵ՛Ր, ՈՐՈՆՔ ԴԵՌ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԲԻՒՐԵՂԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼԷ։
Կրկնե՛նք։ Էրտողանի Թուրքիան յանկարծ կþանդրադառնայ, որ Նեթանիահուի տեսլականով գործող Իսրայէլը դարձած է տարածաշրջանի ճակատագիրը տնօրինելու յաւակնող ուժ։ Այսինքն՝ նմանը Թուրքիո՛յ… Նմանը Իրանի՛… Հետեւաբար անխուսափելի է, որ «նման»-ները այլեւս չհանդուրժեն զիրար եւ ի վերջոյ վանեն զիրար։ Տարածաշրջանի կեանքին մէջ տեղի ունեցած է շրջանային ուժերու ներքին ուռճացում մը, որ կþառաջնորդէ յարացոյցի (paradigm) անխուսափելի վերիվայրումներու։ Գերտէրութիւններու երբեմնի խաղադաշտին մէջ յանկարծ ինքզինքնին հաստատած են՝ (ա) փանթուրքիստական Թուրքիան (այսօր արդէն Ազրպէյճանի փոխօգնութեամբ), (բ) Նէոսիոնիստական Իսրայէլը եւ (գ) շիիզմի առաջնորդ Իրանը իրենց միջեւ որպէս առաջին եւ անմիջական կռուախնձոր ունենալով Սուրիան եւ ինքնաբերաբար՝ Լիբանանն ու Իրաքը ու Եմէնը։
Ասիկա տարբեր աշխարհագրութիւն մըն է այլեւս։ Ասիկա երբեմնի Պաղ պատերազմի տրամաբանութեան ենթակայ եւ մեծերու կողմէ կառավարելի ռազմադաշտը չէ այլեւս։ Աշխարհակարգը վաղուց դադրած է միահեծան երկբեւեռութեան կանոններուն ենթակայ ըլլալէ։ Եւ եթէ բեւեռները, այնուամենայնիւ, կը շարունակեն գոյատեւել, անոնք կը գոյատեւեն շատ աւելի «պատանդուած» ներքին կարգուսարքերով եւ համաձայնութիւններով։ Չմոռնանք, որ հոս ներկայ են նաեւ Չինաստանն ու Հնդկաստանը եւ ուրիշներ։ Եւ չմոռնանք մերօրեայ Սէուտական Արաբիան` իր նոր ուժային հեռանկարներով։
Նոր տարածաշրջանը կը տարբերի նախորդէն այն յստակ իրականութեամբ, որ Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Իրան գերտէրութեանց սոսկական ստորադասները չեն այլեւս։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը լծակային յարաբերութիւններ կը ջանայ հաստատել գերտէրութեանց ազդեցութեան գօտիներէն ներս եւ ՈՒՂՂՈՐԴԵԼ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԵԱՆՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ԸՍՏ ԻՐԵՆՑՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ՇԱՀԵՐՈՒՆ։ Իսկ Իսրայէլ վաղուց դադրած է «հիւր»-ի եւ «նպաստաւորեալ»-ի դիրքերէն գործելու ԱՄՆ-ի եւ առհասարակ Արեւմուտքի մէջ։ Ան կը տիրապետէ քաղաքական հզօր կամրջագլուխներու` Արեւմուտքի մայրաքաղաքներէն ներս քաղաքականութիւն պարտադրելով ամէն քայլափոխին։ Այս առումով, գերտէրութիւններու քաղաքական բեմը վերածուած է մրցավայրի` Իսրայէլի եւ միւս շրջանային ուժերուն միջեւ։ Հակակշռել Իսրայէլի ազդեցութեան գօտին` Արեւմուտքի ռազմավարական գօտիներուն մէջ դարձած է Թուրքիոյ եւ այլ շրջանային ուժերու ամէնօրեայ յաճախանքը եւ իրենց լինելիութեան բանալին։ Տիրող առաջադրութիւնն է (մէկզմէկու դէմ) «պատերազմ»-ը շահիլ Արեւմուտքի մայրաքաղաքներուն մէջ` առաջ քան տարածաշրջանի առճակատման փուլերուն մէջ իրարու բախելէ։ Այս «պատերազմ»-ը համաշխարհային է իր բնոյթով, եւ` բազմամակարդակ։ Զայն պէտք է շահիլ իր ողջ բարդութեան մէջ։
Էրտողանի ազդարարութիւնները` ուղղուած Իսրայէլի, կու գան յստակացնելու, որ Թուրքիան ակնյայտօրէն կը գիտակցի այս նոր կացութեան բարդութիւններուն, եւ որ` ուժական Իսրայէլ մը իր տարածաշրջանային յարձակողապաշտ դիտաւորութիւններով բնաւ հանդուրժելի չի կրնար ըլլալ այլեւս։ Ըսենք, որ տեսական հողի վրայ ան կրնայ հանդուրժելի ըլլալ ՄԻԱՅՆ այն ատեն, երբ յարգուին թրքական շահերու ռազմավարական շատ զգայուն շեմերը։ Եւ, անշուշտ, այն, ինչ որ տեղի կþունենայ վերջերս տարածաշրջանի բեմին վրայ, յիշեալ զգայուն շեմերու բացայայտ ոտնակոխումն է Նեթանիահուի կողմէ։ Էրտողանի սաստը` ուղղուած Նեթանիահուի, կու գայ ըսելու, որ ժամն է խաղաքարտերը բանալու։ Ժամն է զանոնք հիմնովին վերարժեւորելու… Եւ որ` այս պայմանը անժամկէտ չէ այլեւս եւ ունի անմիջական ու շօշափելի հետեւանքներ։
Միաժամանակ կարելի չէ չտեսնել, որ Էրտողանի սաստը ուղղուած է… նաեւ Ալիեւին։ Ու Թրամփի՛ն։ Եւ, ինչո՞ւ չէ, Եւրոպայի մեծերուն։
Նեթանիահուին ուղղուած իր սաստով Էրտողան պատրաստ կը թուի ներքին կարգով հաշուի նստելու իր արբանեակ՝ Պաքուի փոքրիկ իշխանաւորին հետ եւս մաքրելով բոլոր հաւանական երկուութիւնները։ Էրտողան տրամադիր չէ այլեւս անտեսելու Ալիեւի գործօն սերտակցութիւնը Նեթանիահուի հետ։ Ցարդ կը գործէր թրքական յաջող մարտավարութիւն մը Պաքուի միջոցով Իսրայէլի երթուդարձը Կովկասի մէջ վերահսկելու։ Այդ գործընթացը սպառած է ինքզինք։ Հոս կան արդէն կարմիր գիծեր եւ Էրտողան կը «յիշեցնէ» (ի լուր բոլոր շահագրգիռ կողմերուն), որ Անգարա՛ն է, որ պիտի ճշդէ այդ գիծերու կանոնակարգը Հարաւային Կովկասի մէջ ստորադաս դերակատարութիւն մը միայն վերապահելով Ալիեւին։
Բարդը այն է, որ Էրտողան կրկին կը զգայ, որ այս կէտին վրայ Թուրքիա կը գտնուի ականուած մակոյկի մը մէջ Իսրայէլի հետ միասին։ Սկզբունքով Էրտողանի սաստը պէտք է խուճապի մատնէ Արեւմուտքը եւ յատկապէս ԱՄՆ-ը։ Տրամաբանական է, որ այդ խուճապը անպայման գոյութիւն ունենայ (եւ ունի՛), բայց ան առայժմ կը խռովէ դիւանագիտութեան ներքին բաւիղները միայն։ Թուրքիոյ համար յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ ուղիղ առճակատման մը պարագային ԱՄՆ եւ Եւրոպա պիտի դիրքորոշուին ի նպաստ Իսրայէլի։ Ինչպէս ըսինք, Իսրայէլ կը տիրապետէ Արեւմուտքի քաղաքականութեան բոլոր ներքնուղիներուն եւ գործելու տեղ չի թողուր Թուրքիոյ։ Այս առումով, Թուրքիա պէտք է շատ «կարօտնայ» Ռուսաստանը։ Առանց Ռուսաստանի հաւասարակշռող եւ վճռորոշ զէնքին՝ Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները (գէթ տեսանելի ապագայի կտրուածքով) սահմանափակ են…Բայց նաեւ ընդունինք մէկ բան։ Ա՛յն, որ խորամանկ դիւանագէտի չափանիշներով անոնք աննշան չեն։ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան ՈՒՆԻ իրական զէնքեր` Ուաշինկթընի ուշադրութիւնը արագօրէն գրաւելու։
Եւ էրտողան այն մարդն է, որ չի վարանիր դիւանագիտութեան ռիսքային սահմանագծերուն վրայ գործելու եւ իր կարողականութիւնները փորձարկելու թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Մոսկուայի բեմերուն վրայ…Նեթանիահուի ուղղուած Էրտողանեան հակահարուածը (թէկուզ` բերանացի) արդիւնաւէտ ըլլալու իսկական գրաւականներ ունի։ Ան կրնայ բաւարար ուժ հաւաքել դիւանագիտութեան հողին վրայ եւ, յամենայն դէպս, փոխել ռազմադաշտի ընդհանուր հաշուարկը բոլորին համար։ Թուրքիոյ դասական քեմալական խաղը կրնայ առայժմ թոյլ երեւիլ, բայց, այնուամենայնիւ, ան կþանհանգստացնէ Արեւմուտքի եւ յատկապէս թրամփեան ԱՄՆ-ի աքիլլէսեան կրունկները։ Կþանհանգստացնէ մանաւանդ Իսրայէլը։ Երբեք աննշան չէ այն ռազմավարական նեցուկը, որ մինչեւ վերջերս Իսրայէլ ստացած է Թուրքիայէն։ Նեթանիահու կը սխալի, եթէ կը կարծէ, թէ ինք կրնայ յաւիտենապէս նեղ կացութեան մէջ դնել Էրտողանը պաղեստինեան հարցի իր քաղաքական յանձնառութեանց ոլորտին մէջ եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհի իր դաշնակիցներուն առջեւ։
Կասկած չկայ, որ Էրտողանի պատերազմական սպառնալիքով դրսեւորուած ռազմավարական հակահարուածը, առաջին հերթին, կը միտի գոյութիւն ունեցող տարածաշրջանային իրավիճակը խախտելու յօգուտ Թուրքիոյ։ Եւ յատկապէս առաւելութիւն շահելու Իսրայէլի վրայ։ Այս առումով, պատերազմը սկսած է արդէն իսկ։ Ասիկա պաղ պատերազմ մըն է առայժմ։ Ան սկսած է Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած քաղաքական այլատիպ գրոհներով, որոնք առայժմ պէտք չունին ռազմական թէժ դրսեւորումներու։ Թուրքիոյ բուռն ազդարարութեամբ, դիւանագիտութեան խաղատախտակը արդէն իսկ ենթարկուած է զգալի փոփոխութեան։ Էրտողան յստակ պատգամ մը յղած է աշխարհակարգի տէրերուն։ Ըստ Թուրքիոյ օրակարգին, տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւնները կը կարօտին հիմնական վերանայման, եւ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿþԱԿՆԿԱԼԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ՈՐՈՇԻՉ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԻ ԴԻՐՔԵՐ ԶԲԱՂԵՑՆԵԼ ԱՅԴ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ՄԷՋ։
Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածը կը թիրախաւորէ շարք մը կէտեր տարածաշրջանին մէջ, որոնցմէ մէկն է նաեւ Հարաւային Կովկասը եւ առաջին հերթին՝ Հայաստա՛նը։ Պատմական փաստ է, որ կայսերական շահեր հետապնդող ուժերը իրենց ծաւալապաշտ գործողութիւններուն գինը վճարել կու տան գործընթացի զոհերուն։ Քաղաքականութեան ուժային փոխներգործութեանց օրէնքն է ասիկա։ Շղթայի մը ուժը ճշդողը իր ամէնէն տկար օղակն է միշտ։ Իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ այդ ողբալի դիրքին տեւաբար մատնուողը Հայաստանն է վերջերս եւ փաշինեանական համակարգը՝ այդ անկումային կարգավիճակը նուիրագործող գործի՛քը։ Ան ստեղծուած է այդ պաշտօնին համար։
Հայաստանը իր ամբողջական հակակշռին տակ ունենալու հրամայականը կենսական արժէք է Թուրքիոյ համար այս օրերուն։ Միայն այդ միջոցով է, որ Թուրքիոյ խաղաքարտը գերակշիռ արժէք կը ստանայ թէ՛ Արեւմուտքի (իմա՛ Թրամփի), թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Ալիեւի, թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ՛ Իրանի նկատմամբ… Որով նաեւ հսկայ այժմէութիւն կը ստանայ (թուրք կայսերական շահերուն համար) Թուրքիոյ փանթուրքիստական քաղաքականութիւնը։ Յատկապէս` էրտողանեան ռազմավարութեան համար պարարտ փորձագետին հայթայթող Սիւնիքի ճանապարհային իր շահադրդիչներով։ Ան կը դառնայ մեծ հրամայական մը Թուրքիոյ կայսերական օրակարգի ընթացաւորման համար։ Եւ, անշուշտ, պարզ է, որ այս կացութեան մէջ բոլոր խաղաքարտերը դասաւորուած են Հայաստանի լինելիութեան դատին դէմ։ Ողբերգութիւնը այն է, որ փաշինեանական վարչակարգի մականին տակ Հայաստանը տէր չունի։ Իր ինքնահոսի ընթացքով այս կացութիւնը հայ անկախ պետականութեան վերջնական հաշուեյարդարն է, որ կը կանխատեսէ։
Եւ այս հաշուեյարդարն է, որ կանխելու պատմական մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի մեր ժողովուրդը այս պահուն։ Աւելցնենք անմիջապէս, որ այդ պարտաւորութիւնը նախ եւ առաջ կախուած է երկրի ընդդիմութեան վիզերէն։ Եւ երկբայելու թանկ «հաճոյք»-ը վաղուց արդէն գոյութիւն չունի։
Հարցականը գոյութենական է իր տարողութեամբ։
Այս կենաց-մահու հաշուեյարդարը յաջողապէս կանխելու առաջին վճռական քայլը փաշինեանական համակարգի ամբողջական եւ անյապաղ լուծարումն է։ Մենք իրաւունք չունինք թոյլ տալու, որ Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածը (ուղղուած՝ Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի) դառնայ Հայաստանի լինելիութեան դատին մահավճիռը։ Այստեղ եւս պարտականութեան դատին կանչուած է, առաջին հերթին, երկրի ընդդիմութիւնը, որ, իր կարգին, արմատական ինքնազտումի հրամայականին առջեւ կը գտնուի։
Ասիկա այն իսկ պահն է, երբ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը պիտի շրջեն պատմութեան վճիռը։ Այլ ելք չունին։ Ընդհակառա՛կն, անոնք ունին ոսկեայ պատեհութիւնը` Հայաստանի տեղը վերստին ամրագրելու տարածաշրջանի ուժային քարտէսին վրայ։ Անկասկա՛ծ՝ դժուարին առաջադրութիւն մը, բայց նաեւ միա՛կը՝ ծուռ դարձած անիւը շրջելու եւ երկիրը վերստին դնելու նոր վերելքի արժանապատիւ ճակատներուն վրայ։
Մենք պիտի մերժենք զոհ երթալ Էրտողանի մեծ խաղին` հայ պետականութեան ամբողջական հակակշիռը կրկին հաստատելով Սիւնիքի դարպասին վրայ։ Այդ դարպասին տիրութիւն ընելու պատմական պատասխանատւութիւնը Հայաստանին կը պատկանի։ Մենք պիտի ըլլանք դերակատարը այդ դարպասին շուրջ կազմաւորուած աշխարհաքաղաքական միջազգային շահերը ի մի բերող եւ դիւանագիտութեան քաոսը կարգաւորող։ Մեր քաղաքական հանճարն է, որ պիտի թամբէ այդ անկայուն ձին եւ քաղաքականութեան կապարը վերածէ ոսկիի…
Էրտողանի ռազմավարական հակահարուածով շղթայազերծուած տարածաշրջանային գործընթացը տեղ մը ի վերջոյ պիտի հաւասարակշռուի։ Մեր անյետաձգելի պարտաւորութիւնն է հայ անկախ պետականութեան իրաւունքներուն տէր կանգնիլ՝ անյապաղ եւ ՎՃՌԱԿԱՆՕՐԷՆ վերջ դնելով փաշինեանական իշխանութեան եւ իր բոլոր մեքենայութիւններուն։
Դեկտ. 3, 2025
Նախորդը

«Loving Father, Bitter Son». Աքսորի, Լռութեան Եւ Հաշտութեան Հետքերով

Յաջորդը

Հիանալի Ժապաւէններ` Հռոմի Պապերու Մասին

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.