Պաքուի մէջ աւարտած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ իրականացուող դատական քննութիւնը, կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Դատարանի նախանցեալ օրուան նիստի ընթացքին կողմերը յայտարարած են, որ չեն առարկեր դատաքննութեան աւարտին եւ ճառերու փուլի մեկնարկին դէմ։
Բացի ատկէ, Վարդանեանի նշանակուած փաստաբանը ներկայացուցած է երկու միջնորդութիւն, զորս դատարանը չէ բաւարարած։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները չեն մանրամասնած, թէ ի՛նչ միջնորդութիւններ ներկայացուած են:
Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 18 դեկտեմբերին։
Երբեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանին Պաքուն կը մեղադրէ շարք մը յանցանքներու, որոնց շարքին՝ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմ ծրագրելու, նախապատրաստելու եւ իրագործելու, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, մարդիկը տեղահանելու մէջ:
Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ խիստ պատժաչափերու առջեւ կանգնած հայ գերիներու (պաշտօնական տուեալներով՝ 23 հայ գերի) հարազատները կþըսեն, որ դատավարութիւնը լուսաբանող միակ լրատուամիջոցը՝ ազրպէյճանական պետական ,Ազերթաճե գործակալութիւնը, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան յայտարարութիւններն ու արտայայտած միտքերը ամբողջութեամբ չի փոխանցեր, կը խմբագրէ, յաճախ սխալ կը թարգմանէ, ինչ որ նոյնպէս պետական մակարդակով ընթացող շոյի մէկ մասը կը նկատեն:


