Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չինաստանէն Սէուտական Արաբիա, Բանակցային Երեւոյթներ

December 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ հնչեղութիւն ստացաւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին Սէուտական Արաբիա մեկնումը։ Ուշագրաւ էր, որ կը հաղորդուէր, որ եռօրեայ այս հանդիպումները երաշխաւորուած եւ միջնորդաւորուած են Թուրքիոյ կողմէ։ Կայ նաեւ լիբանանեան բաժինը՝ նախագահի գիտակցութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահի տնօրինութեամբ։

Շրջագիծը լրատուութեան այս ձեւով կþամբողջացուի։ Որոշ արձանագրումներ անպայման պէտք է կատարել այս առիթով։

Նախ, անմիջապէս մտաբերել Փեքինի մէջ Չինաստանի միջնորդութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումը եւ ազդարարումը դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մեկնարկին։

Թուրքիոյ միջնորդութիւնը մտածել կու տայ այստեղ։ Ռիատը եւ Անգարան մրցակից պետութիւններու կարգավիճակ ունին տարածաշրջանին եւ յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման բախումներով։ Այդ օրինակները տարբեր երկիրներու մէջ իրենց բացայայտ դրսեւորումները ստացած են եւ կը շարունակեն ստանալ։

Մինչ Թել Աւիւ-Պէյրութ  բանակցային գործընթաց «Մեքանիզմ»-ի ձեւաւորման մասին պաշտօնական հրապարակումներ կը կատարուին, այս առիթով կը հաղորդուի, որ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահները տեղեակ են այս գործընթացին մասին. աւելի՛ն՝ կը տնօրինեն նաեւ զայն։

Իսրայէլեան սպառնալիքներու սաստկացման, միջազգային ընտանիքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ ժամկէտի սպառման պարագային իսրայէլեան յարձակումներուն կանաչ լոյս տալու պաշտօնական յայտարարութիւններուն բովին մէջ, Սէուտական Արաբիան կը հիւրընկալէ Հըզպալլայի ներկայացուցիչը։

Նման հիւրընկալում մը անպայման պէտք է ունենայ ամերիկեան համաձայնութիւն։ Համակարգում նոյնիսկ։ Հակառակ  Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն առկախուած ըլլալուն, քաղաքականօրէն հասկնալի է, որ երկու պետութիւններն են, որոնք միջնորդաւորուած կը բանակցէին այս պարագային Սէուտական Արաբիոյ մէջ։

Վերադառնանք Անգարայի գործօնին։ Անգարայի դերակատարութիւնը կամ երաշխաւորութիւնը այս գործընթացին տեսականօրէն  հաշտ չþընկալուիր Ռիատի կողմէ։ Թուրքիան, Կազայի կայունացման ուժերուն մաս կազմելու կþինքնաառաջադրուի, եւ այդ առաջադրումը զօրակցութիւնը կը վայելէ Ուաշինկթընին։ Առատ են այն վերլուծումները, որոնք շրջանին մէջ Իրանի դերի վերասահմանումի գործընթացին մէջ կը տեսնեն Անգարայի աշխուժացումը։

Այս բոլոր իրադրութիւններու խճանկարը  տեսանելի կը դարձնէ Մեքանիզմի համար ենթահողի պատրաստութիւն մը։ Եթէ Մեքանիզմը Թել Աւիւ-Պէյրութ միջդիւանագիտական է զինուորական բաղադրութեան կողքին, ապա Ռիատի մէջ կատարուածը, առաջին նախընթացն է իր ձեւաչափով եւ որ  ըստ էութեան գետնի վրայ ենթահողի ձեւաւորման առումով որոշիչ է։

«Ա.»

 

Նախորդը

Ռուբէն Վարդանեանի Գործով Դատաքննութիւնը Աւարտած Է

Յաջորդը

ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալը Այսօր Հայաստան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.