. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան մթնոլորտին մէջ փոփոխութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ անոնք սկսած են ապօրինի զէնքի մասին խօսելու ընթացքին «զինաթափում»-ի փոխարէն «զսպում»-ի մասին խօսիլ: Անոնք նաեւ աւելի մեծ ճկունութիւն կը ցուցաբերեն եւ կ՛ընդգծեն, թէ կը ձգտին Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Որոշումի կայացման մայրաքաղաքներուն ու Լիբանանի դէմ պատերազմի դադրեցման հովանաւոր պետութիւններուն մօտ ուղղուածութիւնը իր իշխանութիւնը երկրի բոլոր հողերուն վրայ տարածելու եւ զինաթափում կատարելու կառավարութեան խոստումներու կատարման համար յաւելեալ ժամանակ տալն է»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլի մէջ պատկերը մտադրութիւններու փոփոխութեան մասին չի յուշեր, որովհետեւ պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ տեղեկութիւններու դիտաւորեալ սպրդումները կը շարունակեն մտածել տալ, թէ մեծ հարուածի ընտրանքը սեղանի վրայ է` օդուժի եւ ցամաքային ուժերու մեծ պատրաստուածութեամբ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Լիթանիէն հարաւ շրջանին մէջ շրջագայութիւնը գործնական ապացոյց է, թէ բանակին ծրագիրը կը կառավարուի քաղաքական յստակ որոշումի ծիրին մէջ եւ գոյութիւն ունեցող միջազգային մեքանիզմներուն հետ համակարգումով, ինչ որ կը սահմանափակէ ինքնագլուխ նախաձեռնութիւններու տրամաբանութիւնը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Դիւանագիտական պատուիրակութիւնը շրջագայութենէն գոհ դուրս եկաւ, եւ դեսպաններէն մէկը բանակի հրամանատարի պատասխանները որակեց շատ համոզիչ: Հարցումները կեդրոնացած են առաջին փուլի ազդուութեան եւ երկրորդ փուլ անցնելու ձեւին վրայ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ համակարգումը հասաւ բարձր մակարդակի, կառուցողական համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ` նպատակ ունենալով ներկայ դժուար փուլը յաղթահարել նուազագոյն կորուստներով` արտաքին առաջարկներուն հակազդելու համար միասնական հռետորաբանութիւն ստեղծելու վրայ հիմնուած ռազմավարութեան ծիրին մէջ»:
-95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 9000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.433.000 լ.ո.-ի եւ 1.473.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 25000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.324.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 31000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.169.000 լ.ո.-ի:


