Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քվին. «ԹՐԻՓՓ-ը Շատ Ամուր Երաշխիքներ Կու Տայ Հայաստանին»

December 16, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Թրամփի ուղիի` ԹՐԻՓՓ-ի տեսլականի կարեւոր տարր է: Այս մասին «ՍիվիլՆեթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին:

«Ասիկա իսկապէս ազդեցիկ նախագիծ պիտի դառնայ, եթէ օգտագործուի երկաթուղիի այն հատուածը, որ Նախիջեւանէն կ՛անցնի, կը վերադառնայ Հայաստանի` Շիրակի, Կարսի ճամբով Թուրքիա, եւ այնտեղէն ուր ալ որ երթայ, որովհետեւ Թուրքիան բաւական զարգացած երկաթուղային ցանց ունի», ըսած է դեսպանը:

Դեսպանը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ այս հարցով ուղղակի կերպով կ՛աշխատին Թուրքիոյ հետ` աւելցնելով, որ Հայաստան եւս կ՛աշխատի Թուրքիոյ հետ` փորձելով իրականացնել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` այդ տեսլականը իրականացնելու համար:

«Ստեղծելով անվտանգ, ապահով ճամբայ թէ՛ հիւսիսի մէջ, թէ՛ հարաւի մէջ, որ պիտի անցնի Նախիջեւանէն, ապա Հայաստանէն` դէպի Գիւմրի եւ Թուրքիոյ Կարս նահանգ, պիտի բացուի տարանցիկ ճամբայ, որ արեւելքը պիտի կապէ արեւմուտքին եւ հակառակը, ինչէն պիտի օգտուին գրեթէ բոլոր երկիրները, որոնցմէ պիտի անցնի այդ ճամբան: Ես կ՛ըսէի, որ Հայաստանը, թերեւս, աւելի շատ պիտի օգտուի, քան միւսները, որովհետեւ վերջին 30 տարիէն աւելի Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան սահմանները փակ եղած են», ըսած է Քվին:

Ներկայացնելով ԹՐԻՓՓ-ի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու տեսլականը` դեսպանը ընդգծած է, որ անիկա երթուղի է, որ պիտի օգնէ արեւելքը արեւմուտքին եւ արեւմուտքը արեւելքին կապել, վերջնական արդիւնքով` Կեդրոնական Ասիան` Արեւմտեան Եւրոպային:

Անոր համոզումով` Կովկասը երկար ժամանակ այդ երթուղիին համար խոչընդոտ եղած է աշխարհաքաղաքական տարբեր պատճառներով:

«ԹՐԻՓՓ-ի մշակման զուգահեռ, տեսլականը այն է, որ անիկա պիտի մշակուի Միացեալ Նահանգներու հետ` որոշ համատեղ ձեռնարկութեան միջոցով, որուն ստեղծման ուղղութեամբ հիմա կ՛աշխատինք: Հայաստանը մնայուն տեղ պիտի ունենայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ` ատոր զարգացման նպաստելու եւ ապահովելու, որ իրականութեան մէջ պահպանուին իր տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնը: Այնպէս որ, կը կարծեմ` ԹՐԻՓՓ-ը շատ ամուր երաշխիքներ կու տայ Հայաստանին, որ անիկա չբախի այն խնդիրներուն, որոնց մասին կային մտահոգութիւններ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Նախորդը

Քրեմլին. «Քիեւի ՕԹԱՆ-էն Դուրս Մնալը Բանակցութիւններուն Մէջ Հիմնական Կէտ Է»

Յաջորդը

Քալլաս. «Հայաստանը Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Եւրոպական Միութենէն Օգնութիւն Խնդրած Է»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.