Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյմսի Ազատ Հարուածները Օգնեցին, Որ Լէյքըրզ Յաղթէ

December 16, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լըպրոն Ճէյմս 2 ազատ հարուածներ նշանակեց մրցումի աւարտէն 3,9 երկվայրկեան առաջ, մինչ Լուքա Տոնչիչ 29 կէտեր նշանակեց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ 116-114 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆինիքս Սանզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Լէյքըրզ 20 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի աւարտէն 7,48 վայրկեան առաջ (99+9), բայց Ֆինիքս յաջորդական կէտեր նշանակեց եւ 114-113 արդիւնքով յառաջացաւ Տիլըն Պրուքսի 3 կէտնոց կողովէն ետք, աւարտէն 12,2 երկվայրկեան առաջ: Պրուքս Լըպրոնի վրայէն նշանակած ղր 3 կէտնոց կողովը` նոյն պահուն դպնալով անոր: Պրուքս զայրացած հրեց Լըպրոնի` իր երկրորդ թեքնիքըլ ֆաուլը կատարելով, եւ վտարուեցաւ դաշտէն: Ատիկա առիթ տուաւ Լըպրոնին ազատ հարուածի մը, որ սակայն Լըպրոն կորսնցուց: Յաջորդ յարձակումին, Ճէյմս 3 կէտնոց կողով մը կը փորձէր, երբ Տեւըն Պուքըր ֆաուլ կատարեց անոր վրայ` աւարտէն, 3,9 երկվայրկեան առաջ:

40 տարեկան Ճէյմս, որ 26 կէտ նշանակեց, կորսնցուց իր առաջին առիթը, բայց նշանակեց յաջորդ 2-ը` յաղթանակը նուիրելով Լէյքըրզին: Կրէյսըն Էլըն փորձեց պազըրով կողով նշանակել, բայց ձախողեցաւ:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 131-136 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն, հակառակ անոր որ Սթեֆըն Քըրրի 48 կէտեր նշանակեց:

Շէյտըն Շարփ 35 կէտեր նշանակեց ի նպաստ Փորթլենտի: Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ առանց Անթոնի Էտուըրտծի կրցաւ 117-103 արդիւնքով յաղթել Սաքրամենթօ Քինկզի: Ճուլիըս Ռենտըլ 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սաքրամենթօ իր 20-րդ պարտութիւնը կրեց 26 մրցումներու ընթացքին:

Պարտութիւններու երկար շարքէ ետք Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց, 114-104 արդիւնքով յաղթելով Շիքակօ Պուլզի: Շիքակօ, որ շատ լաւ ձեւով սկսած էր տարեշրջանը, իր 15-րդ պարտութիւնը կրեց 25 մրցումներու ընթացքին, մինչ Փելիքընզ իր 5-րդ յաղթանակը արձանագրեց 27 մրցումներու ընթացքին:

Թրէյ Մըրֆի 20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Փելիքընզի, մինչ Քոպի Ուայթ 20 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պուլզի:

Փոլ Ճորճ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ սակայն 117-120 արդիւնքով պարտուեցաւ Աթլանթա Հոքսէն: Տայսըն Տենիելզ 27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Աթլանթայի:

Նախորդը

Մեսսի Այցելեց Հնդկաստան Եւ… Քաոսի Վերածեց

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Ճոն Սինա Լքեց Իր Ասպարէզը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.