«Էջերն անմահութեան»-ը յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու` յանուն այդ կտակի ամբողջացման:
Մտաւորական, նախանձախնդիր, պատմագէտ, օսմանագէտ, արեւելեան լեզուներու, յատկապէս` պարսկերէնի ու արաբերէնի մասնագէտ, բանասէր ու մանկավարժ, ուսուցիչ, Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան վերահիմնադիր, ՀՅԴ-ի անդամ Վարդան Բախշեան ծնած է 1 յունիս 1965-ին, Արմաւիր, Հայաստան:
Նախնական եւ միջնակարգի կրթութիւնը ստացած է Արմաւիր քաղաքի թիւ 2 (այժմ` Վարդան Բախշեան) դպրոցը, ուր յաճախ ան յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայոց պատմութեան եւ ազգային խնդիրներու նկատմամբ:
Երկրորդական իր ուսումը աւարտելէ ետք, 1982-1984 տարիներուն ան կը ծառայէ Խ. Միութեան բանակին մէջ` լաւապէս հմտանալով զէնքին ու մարտարուեստին:
1984-ին կ՛ընդունուի Երեւանի պետական համալսարան` իբրեւ պատմաբանութեան ուսանող: 1989-ին, աւարտելէ ետք իր ուսումը ան անմիջապէս կը շարունակէ իր մագիստրոսական ուսումը, միաժամանակ որոշ աշխատանքներ կատարելով Հայաստանի Աշխարհագրութեան եւ քարտէսագրութեան գիտական հիմնարկին մէջ: Վարդան Բախշեան իր ուսանողական տարիներուն տիրապետած էր եւ կ՛ուսումնասիրէր ազրպէյճաներէն եւ թրքերէն լեզուներ` իբրեւ գլխաւոր նպատակ ունենալով թրքական արխիւներէն մէջբերել Հայոց պատմութեան անյայտ էջերը եւ պաշտպանել Հայ դատը: Ուստի կը սկսի պատրաստուիլ ներկայացնելու իր դոկտորական աւարտաճառը` «Արեւմտեան Հայաստանի վարչատարածքային բաժանումները» նիւթով: Ան կարճ ժամանակի մէջ կը կատարէ աղբիւրագիտութեան ու վերլուծման լայնածաւալ եւ բեղուն աշխատանքներ, ապա կը ճշդէ վարչական միաւորներու ընդգրկած սահմանները` կազմելով Կարսի, Կարնոյ, Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի տեղագրութիւնն ու վարչատարածքային եւ պատմաշխարհագրական սահմանները:
Վարդան Բախշեանի ուսանողական տարիները կը զուգադիպին հայոց նորագոյն զարթօնքի` Արցախի պահանջատիրութեան շրջանին: Այդ փուլին Վարդանն ու իր քոյրը` Աննան, ամբողջ էութեամբ կը նուիրուին արցախեան շարժումին: Անոր առաջին գործը կ՛ըլլայ ուսանողական շրջանակներու մէջ արթնցնել ազատագրութեան գաղափարը, ապա խումբ մը ընկերներով հիմը կը դնէ Հայ ուսանողական դաշինք միութեան, որ կը հրատարակէր Հայաստանի առաջին անկախ թերթերէն մէկը` «Դաշինք» ուսանողական թերթը, որուն գլխաւոր խմբագիրը արցախեան ազատագրական շարժումի դերակատար գործիչներէն Վարդան Բախշեանն էր:
2 դեկտեմբեր 1989-ին Հայաստանի մէջ կը վերահաստատուի ՀՄԸՄ-ը, որուն յաջողութեան մէջ մեծ ներդրում ունէր Վարդան Բախշեան: Ան կը դառնայ Հայաստանի ՀՄԸՄ-ի վերահիմնադիրներէն մէկը եւ կ՛ընտրուի Երեւան մասնաճիւղի առաջին վարչութեան ատենապետ: Հայաստանի մէջ ան լայնածաւալ աշխատանք կը տանի` ՀՄԸՄ-ի ծանօթացման, հայրենիքէն ներս նոր մասնաճիւղերու հիմնադրութեան եւ կազմութեան առումով: Կազմակերպական կեանքին զուգահեռ, ան անմասն չի մնար ֆիզիքապէս տոկուն, պատրաստակամ ու հայրենասէր սկաուտներ պատրաստելու աշխատանքէն: Վարդանին համար ՀՄԸՄ-ը ազգային, բարոյական, հայակերտիչ ու մարդակերտիչ միութիւն է, որ անշեղօրէն ու հաւատարմօրէն կը գործէ իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, յատկապէս` «Բարձրացո՛ւր»-ով:
1990-ին կ՛անդամակցի իր պաշտելի կազմակերպութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այդ ժամանակ իր դոկտորական աւարտաճառը պատրաստ էր, բայց կ՛որոշէ մեկնիլ Արցախ:
Վարդան Բախշեանի համոզումով, կեանքն ու ուսումը կրնան սպասել իրեն, բայց հայրենիքի պաշտպանութիւնը` Ո՛Չ:
Ան պատմագէտ էր, գիտէր, որ նոր պատմութիւն մը կերտելու եւ հայրենիքի փրկութեան համար չկայ որեւէ սահման. անհրաժեշտ էր իւրաքանչիւր հայորդիի զէնքի կոչումը: Անմիջապէս մաս կը կազմէ Դաշնակցութեան մարտական խումբերուն, կը մեկնի ճակատ, մէկ ձեռքին զէնք` կերտելու համար նոր պատմութիւնը, իսկ միւսին գրիչը` պատմագրելու համար Հայոց պատմութեան նորագոյն էջերն ու ֆետայիներուն սխրանքները: Վարդան իր առաջին մարտական մկրտութիւնը կը ստանայ Բերդաձորի ինքնապաշտպան մարտերուն:
Երկու ամիս ետք կը վերադառնայ Երեւան: Հպարտութեամբ կը պատմէ իր մարտական ընկերներուն սխրագործութիւնները, բայց երբ կարգը հասնի իր քաջագործութեան, ան կը լրջանայ ու չ՛արտայայտուիր: Անոր մարտի ընկերները կը պատմեն, թէ կռուի ժամանակ Վարդան անբաժան էր կրակոտ մարտէն, ան ներկայ էր հոն, ուր կար կրակ, ուր վտանգ մը կը սպառնար իր ընկերոջ կեանքին կամ ալ հայրենի հողին: Պարտաւորուած կը զգար իր ստանձնած գործերը կատարելու անթերի եւ աւարտին հասնելու միայն յաջողութեամբ:
Վարդանը ճանցողները զայն կը նկարագրեն իբրեւ` «Հայոց պատմութեան քալող գիրք»: Ան ոչ թէ լոկ Հայոց պատմութիւնը դասաւանդող ուսուցիչ մըն էր, այլ նաեւ` հայրենիքի հանդէպ սէր արթնցնող: Ան ունէր գիրքի պաշտամունք, ընթերցասէր էր, եւ իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց մըն էր գիտելիքներ քաղելու եւ ծանօթանալու իր ազգի պատմութեան:
Վարդանը այն տղոցմէ էր, որ հայրենասիրութեան մէջ կարեւոր կը նկատէր սերունդներու դաստիարակութիւնը: Ան անսահման սէր եւ հետաքրքրութիւն ուներ Արցախի նկատմամբ, այն աստիճան, որ ՀՄԸՄ-ի միջշրջանային Ա. բանակումին պատրաստ էր լքել բանակավայրը, եթէ բանակողներուն չդասախօսէր «Արցախեան շարժումը»` իր պատմական անցեալով, ներկայ իրավիճակով ու ազատագրութեան անհրաժեշտութեամբ: Նոյն բանակումին, Հրազդանի մօտակայ լերան բարձունքներուն, բանակողներուն դասախօսեց Լիզպոնի հինգին եւ Խանասորի արշաւանքին մասին, իր բաճկոնին տակ` իր հրացանը ուսին…
«Մի քիչ էլ մնայ, Վարդա՛ն ջան, մի քիչ էլ խօսիր, մեր երեխաները քեզնից շատ բան ունեն սովորելու»
Բերդաձորի բնակչութիւնը չկշտացաւ Վարդանի ներկայութենէն: Ան ցանկալի եւ սպասելի էր իւրաքանչիւր տան մէջ, իւրաքանչիւր հաւաքոյթի, պատմելու ու դաստիարակելու համար ներկաները ազգային-հայրենասիրական պատմութիւններով, ան մանաւանդ կը խօսէր իր պաշտելի հերոս-ֆետայիներու` Նիկոլ Դումանի, Դրոյի, Նժդեհի մասին, մասնաւորաբար` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մասին:
Ապշահար, օր մը Վարդանին ընկերները հարց կու տան, թէ ան ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այսքան գիտելիք ամբարած է Դաշնակցութեան մասին. Վարդան կը նշէ, որ ինք իբրեւ ազգային նկարագիրի տէր անձ` վիրաւորուած կը զգայ, որ այդ շրջանի Դաշնակցութեան պատմութիւնը խեղաթիւրման ենթարկուած է, ուստի կ՛ըսէ.
«Վերջին քանի մը տարիներուն միայն կը կարողանայինք ազատօրէն կարդալ Դաշնակցութեան գրականութիւնը, իսկ անցեալին Դաշնակցութեան մեծութիւնը սովորած էինք հակադաշնակցական գրութիւններից եւ արձանագրուած մէջբերումներից: Այն, ինչ որ խոցելի էր, մեր խէրը անիծած համայնավար գրագէտներուն, մեզ համար իրականութիւն էր»:
Ապրիլ 1991-ին Աթէնքի մէջ կը մասնակցի ՀՄԸՄ-ի Ե. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին եւ կ’ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հայրենի առաջին անդամը: Այդ ժողովին նշմարելի էր Վարդան Բախշեանի ունեցած ներդրումը: Նկատելի էր իր լուրջ մօտեցումը` իր ընկերային ու ժպտադէմ խօսակցութիւններով, անեքթոտներով, ուր յաճախ պատմութիւններով մեծապէս խանդավառեց ու ոգեւորեց իր շրջապատը:
Բայց եւ այնպէս, ան մտահոգ էր Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուելով: Գիտէր, որ իրեն վստահուած այս նոր պատասխանատուութեան պատճառով ինք ամբողջական իր ներդրումը պիտի չունենայ արցախեան շարժումին, ա՛յն շարժումին, որուն յաղթութեան գինը զոհողութիւն կը պահանջէր, որուն համար Վարդան պատրաստ էր իր ամէնէն թանկագինը` կեանքը տալու: Այս մասին իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ.
«Ես մթնոլորտը բազմիցս փորձած եմ ներկայացնել: Դարձեալ պիտի հայհոյեմ… որովհետեւ այսօրուայ պարապ ու անհանգիստ վիճակովս զարհուրելի կացութեան մէջ եմ: Կրնա՞ս երեւակայել, երբ Գետաշէն կռիւ է, երբ կ՛ուզեմ երթալ… բայց ատկէ զրկուած եմ եւ կարծես հաշմանդամ լինեմ: Մարդ պիտի զբաղուի նրանով, ինչով ինքը կ՛ապրի»:
Վարդան Բախշեանի հաւատացած հայրենիքը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանն էր: Վարդան կ՛ընդվզէր եւ կը բարկանար, երբ մէկը ակնարկէր Արեւտմեան Հայաստանի հողատարածքին` իբրեւ Թուրքիա: Իրեն համար արցախեան շարժումը չսկսաւ 1988-ին, այլ իր ծնունդէն: Անոր ներաշխարհը կապուած էր ծնողքին ծննդավարին` Սիւնեաց աշխարհին, իսկ ինքը հասակ առած ու կազմուած էր Գարեգին Նժդեհի պատմութիւններով ու անոր գաղափարախօսութեամբ:
Վարդան Բախշեան մաս կազմած է Դաշնակցութան ջոկատներուն, իսկ Շուշիի ազատագրումը իր մեծագոյն ու նուիրական երազանքն էր, իսկ Արցախի ազատագրութիւնն ու միացումը Հայաստանին` սրբազան նպատակ:
Վարդան Բախշեանը, Արթուր Ղարիպեանն ու Վարդան Ստեփանեանը մտերիմ ընկերներ ու զինակիցներ էին: 1992-ին Արթուր Ղարիպեանի նահատակութեան օրը, իր զինակից ընկերները կը վկայեն, թէ այդ օր Արթուր չորս փամփուշտ ցոյց տալով` կ՛ըսէ.
«Էս մէկը Դուշմանինն է, մէկը` Ուզբեկինը, միւսը` Վարդան Բախշեանինը, չորրորդն էլ իմն է»:
Իսկ Դուշմանն ու իր միւս ընկերները բազմիցս կը փորձէին համոզել Բախշեանին, որ մարտի դաշտ չմեկնի, որովհետեւ իրեն նման մտաւորականները պէտք էին հայ ազգին: Իսկ մարտի ընթացքին կը փորձէին զայն հեռացնել վտանգաւոր գործերէ: Անոնք կը հաւատային, որ այսօրուան ազատագրուած տարածքները ապագային պաշտպաններ պէտք պիտի ունենան, եւ այդ պաշտպանը Վարդանն էր, որ ազգային գաղափարներով պիտի պատրաստէր ու դաստիարակէր ապագայի սերունդները:
Բայց ոչ ոք կարողացաւ Վարդանը ետ պահել իր ընտրած ճանապարհէն.
«Իմ առաջին անելիքն այսօր հայրենիքի պաշտպանութի՛ւնն է՛»:
Ա՛յս էր Վարդանի համոզումը: Ա՛յս էր անոր ընտրած ուղին: Իր օրագիրին մէջ, ուր կատարուած են գրառումները Արցախի մէջ իր ապրած օրերէն, կը նշէ.
«Շարքին մէջ խօսիլն ու ծխելը արգիլուած են: Պէտք է հնազանդիլ հրամանտարին եւ կատարել իր բոլոր հրահանգները` պահելով անձնական կարծիքը: Ընկերներուն հանդէպ` գերագոյն յարգանք ու հանդուրժողութիւն: Զերծ մնալ քաղաքական գոյներէ եւ գնահատականներէ»:
Վարդան կը սիրէր յարգել եւ պաշտպանել իր տեսակէտները, բայց բացառիկ յարգանք ունէր այլ կարծիքի հանդէպ: Ան չէր պարտադրեր ուրիշներուն, որ իրեն նման մտածեն, բայց ժամանակի ընթացքին ուրիշներու համար Վարդանին ապրած կեանքն ու մտածելակերպը դարձան բարի, «նախանձելի» օրինակ մը:
«Կեանքը Ղարաբաղում է, այստեղ չեն ապրում մարդիկ, հոգով մեռնում են»:
16 դեկտեմբեր 1991-ին խորհրդային բանակն ու Ազրպէյճանի ՕՄՕՆ-ը մեծաքանակ զօրքով ու զինամթերքով կը շրջապատեն Հասանապտ գիւղը: Գիւղի պաշտպան մարտիկները կրցան ետ մղել թշնամիին գերազանցող ուժերը, սակայն անհաւասար մարտին ժամանակ հերոսաբար կը նահատակուին` Վաչէ Ռոստոմեան, Վարդան Բախշեան եւ Գագիկ Գրիգորեան եւ կ՛անցնին ԷՋԵՐՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ:
Այդ օր, առաւօտ, Դաշնակցութեան ջոկատը գումարտակը Ստեփանակերտէն կ՛ուղղուի դէպի Ասկերանի Հասանապատ գիւղը: Ջոկատէն, 11 հոգինոց խումբ մը մեկնած էր հետախուզութեան: Անոնք Հասանապատ գիւղին մօտակայքը, թաքնուած թփուտներու ետին կը հաղորդակցէին հաղորդիչներու ճամբով, երբ կ՛անդրադառնան, որ պաշարուած են եւ կը գտնուին թրքական երկու ձորակներու ու զօրքերու միջեւ: Մէկը կը գտնուէր իրենց թիկունքը, իսկ միւսը` 800 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Վարդան կ՛առաջարկէ շղթայ մը կազմել եւ սկսիլ յարձակման: Կրակահերթի ժամանակ կը վիրաւորուի իրենց ընկերը` Դաւիթը: Գագիկն ու Վարդանը ձայնի ուղղութեամբ կը փորձեն հասնիլ օգնութեան, երբ կը հասնի թրքական նոր զօրք մը, անոնք ստիպուած` կը նահանջեն, որուն ընթացքին կը վիրաւորուի Գագիկը: Մինչ այդ Արամն ու Ներսէսը կը հասնին օգնութեան եւ գետի ճամբով կը սկսին միասնաբար նահանջել դէպի Հասանապատ: Այդ պահուն թշնամիին գնդակը կը խփէ Վարդանը եւ ան կ՛իյնայ ջուրին մէջ: Ներսէսը զայն կը շալկէ ու կը տանի գետի ափ, Գագիկին մօտ, միաժամանակ երբ Վաչէն ու Ազատը կ՛ապահովէին տղոց նահանջը, կը նահատակուի Վաչէն:
Ժամանակ մը ետք կը հասնի Ազատը. տղաքը շրջափակուած էին, իսկ մարտը` անհաւասար, հինգ ընկեր, որոնցմէ Վարդանը` նահատակուած, իսկ Գագիկը` ծանր վիրաւոր: Արամը, նռնակը հանելով եւ կ՛առաջարկէ, որ անձնասպան ըլլան: Նոյն ժամանակ Գագիկը կը փակէ իր աչքերը իր զինակից ընկերներուն ներշնչելով նոր մարտունակութիւն եւ վիթխարի վճռակամութիւն: Անոնք, զոհուած երկու ընկերներու կողքին, կը կազմեն եռանկիւն մը, եւ երեք-չորս ժամ թշնամի զօրքին դիմադրելէ ետք կը լսուի Դուշման Վարդանի պայմանական կրակոցը, ու կը հասկնան, որ իրենց ընկերները հասած էին օգնութեան…
«Ես մեկնում եմ կռիւ` մեռնելու կամ յաղթելու, բայց` յաղթելո՛ւ»:
Վարդանի համար չկար այլընտանք: Ազատագրութեան դրօշին երդման հաւատարիմ` ան վերադարձաւ Արցախ ու գտաւ իր ապրելու իմաստը եւ մնաց անդաւաճան իր ուխտին: Ան նահատակուեցաւ, բայց իր իտէալ Դումանին նման` յաղթեց մահը եւ անձաւ ԷՋԵՐՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ:
Վարդան Բախշեան իր կարգապահութեամբ, խիզախութեամբ, խստապահանջութեամբ, մարտունակութեամբ, իր կեցուածքով ու մտածելակերպով ժառանգած էր ֆետայիին կերպարը: Ան կը հաւատար, որ իւրաքանչիւր հայու պատասխանատւութիւնն ու պարտքն է զինուորագրուիլ ազգային գաղափարական դպրոցի մը, որ իրեն համար ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր:
Գուցէ Վարդան գիտէր, թէ այս կեանքը իրեն համար կարճ պիտի ըլլայ: Միթէ այդ պատճառո՞վ է, որ ան կը փորձէր կարելի եղածին չափ եւ իր կարելիութենէն շատ աւելին ընել իր ազգին ու հայրենիքին համար:
Իբրեւ պատմագէտ եւ ուսանող` իր գրիչով սրբագրեց պատմութեան կեղծարարութիւնները: Իբրեւ ուսուցիչ, դասախօս կամ զրուցող` իր շուրջիններուն մէջ վառեց այն ջահը, որ կը բոցավառեր իր սրտին մէջ: Եւ իբրեւ ազատամարտիկ, իր կուրծքով պատշպանեց ու կեանքին գնով գնաց փաստելու, որ հայրենիքի փրկութեան համար չկայ որեւէ սահման նուիրուածութեան: Ան կրնար իր գրասենեակը նստած` զբաղիլ սերունդներու դաստիարակութեամբ, բայց նախընտրեց «Մահ կամ ազատութիւն»-ի ճանապարհը: Անոր իտէալներէն էր Նիկոլ Դուման: Վարդան կը հաւատար Դումանի համոզումին, թէ որեւէ ազգ, եթէ կ՛ուզէ գոյատեւել, պէտք է ընդունակ ըլլայ զէնքի, եւ պատրաստ` ինքնապաշտպանութեան:
Պատմագէտ Վարդան լաւ ուսումնասիրած ըլլալով Հայոց պատմութիւնը, ծանօթ էր, որ Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ յաճախ եղած են պարտութիւններ, բայց ան քաջ գիտէր, որ երբ հայը իր աննկուն կամքով համոզուած ըլլայ վեհ գաղափարի մը, միաժամանակ ապրի յաղթութեան տեսլականով, անպայմանօրէն այդ պարտութեան պիտի յաջորդեն Հայոց պատմութեան յաղթական, փայլուն եւ բեղուն էջերը:
Շարունակե՛նք Վարդանի առաքելութիւնը եւ իրեն նման համոզուինք, որ Հայոց պատմութեան նորագոյն ու պանծալի էջերը կը կերտուին միմիայն զոհողութեամբ:



