Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի նշեց. «Մեզի արաբական եւ միջազգային կողմերէ զգուշացումներ հասան, թէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան պատրաստուած է»` աւելցնելով. «Դիւանագիտական մեր հաղորդակցութիւնները կ՛աշխուժացնենք Լիբանանն ու անոր կառոյցները իսրայէլեան որեւէ հարուածէ զերծ պահելու»:
Ռաժժի «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութեան կը ձգտինք, եւ խաղաղութեան համաձայնութիւնը ներկայիս հեռու է»:
«Լիբանանեան պետութիւնը Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կը կատարէ զայն համոզելու, որ զէնքը յանձնէ, սակայն ան կը մերժէ», ըսաւ ան:
«Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իրանեան դերակատարութիւնը շատ ժխտական է, եւ Թեհրանի վարած քաղաքականութիւնը անկայունութեան աղբիւրներէն մէկն է», աւելցուց Ռաժժի` նշելով. «Իրանի հետ խնդիր ունինք, եւ երկխօսութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, պայմանով, որ ան դադրի մեր ներքին հարցերուն միջամտելէ»:
«Իրան պէտք է դադրի Լիբանանի մէջ ոչ օրինական կազմակերպութիւն մը ֆինանսաւորելէ», յայտնեց ան:


