Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դուք Ալ Լապտեր Կ՛ուզէ՞ք…

December 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Դիոգինէսի լապտերը ձեռքիս` մտայ լուրերու պողոտաները ո՛չ թէ հռչակաւոր փիլիսոփային պէս պատուաւոր մարդ, այլ… ապուշներ փնտռելու նպատակով: Պատմեմ հանդիպած-գտածներէս մէկ քանիին մասին, եւ դո՛ւք ըսէք, թէ ասոնք ո՛ր դասակարգին կը պատկանին, թէեւ իրենք զիրենք իմաստո՜ւն կը ներկայացնեն եւ… կը հաւատան իրենց ըսածին:

***

Ամերիկեան քաղաքական բեմը վերջերս ինկած է տարօրինակ փոթորիկի մը ալիքներուն մէջ: Գերագոյն պատասխանատուներ պատերազմ հռչակած են թմրեցուցիչի մաքսանենգներու դէմ (յանցաւորները պէտք է դատուին, պատժուին), արդէն քանի՜ նաւ-մակոյկ յարձակման ենթարկուեցան, բազմատասնեակ զոհեր արձանագրուեցան: (Մէկդի ձգենք ամբոխահաճ եւ քարոզչական երեսները, քաղաքական եւ նիւթական շահերու հետամտութեան իրողութիւնը): Բացայայտուեցաւ, որ յարձակումի մը պահուն երկու նաւազներ փրկուած են, սակայն վերէն տրուած հրամանի մը հիմամբ, նաւը ռմբակոծող օդանաւորդը վերադարձած է եւ սպաննած` ջուրերուն վրայ ծփացող տատանեալները: Բնականաբար մեծ աղմուկ բարձրացաւ, քննադատութեան ենթարկուեցան հրաման տուողները: Նախագահը իր պաշտպանութեան նախարարին ուսին բեռցուց ոճրային արարքին պատասխանատուութիւնը, ան ալ պատասխանատուութիւնը նետեց զինուորական հրամանատարի մը գրպանը: Բոլորն ալ փորձեցին արդարանալ: Ընդհանրապէս հարց չբարձրացաւ, թէ օդանաւորդը ինչո՞ւ ենթարկուած է անպաշտպան փրկեալները սպաննելու հրահանգին: Չէ՛, հարց բարձրացնող եղա՛ւ. քանի մը ծերակուտական կոչ ուղղեցին զինուորներու, որ չենթարկուին ապօրինի հրահանգներու, ի մտի ունէին նաեւ քաղաքներու մէջ քաղաքայիններու դէմ արձակուած ուժերը: Նախագահը սպառնաց… սպաննել նման ընտրանք պաշտպանողները:

Յետո՞յ: Թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ պատերազմ հռչակած Թրամփը երկու օր առաջ ներում շնորհեց  Հոնտուրասի նախկին նախագահ Հուան Օրլանտօ Այրնանտէսի, որ տարի մը առաջ ամերիկեան դատարանի մը կողմէ 45 տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր… թմրեցուցիչի փաստացի մաքսանենգութեան եւ հռչակաւոր մաքսանենգէ մը կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքներով: (Իբրեւ կաշառակեր մեղադրուած Սարքոզին ալ վերջերս պայմանական ազատութիւն գտաւ): Օրին ըսուած էր, որ հոնտուրասցին 450 (կամ 500 ԹՈՆ, ո՛չ թէ կրամ կամ քիլօ) մտցուցած է Միացեալ Նահանգներ: Թրամփի ներման որոշումը կ՛արդարացնեն` ըսելով, որ «նախկինները», այսինքն` Պայտընի իշխանութիւնները, քաղաքական նկատառումներով դատապարտած են զայն:

… Ամերիկացի ծերակուտականները լուր ունի՞ն, թէ փաշինեանական Հայաստանի մէջ ալ ոստիկանները նման յարձակումներ (թէեւ` ո՛չ մահացու) կը գործեն սեփական ժողովուրդին, ընդդիմադիրներուն, նահատակ զինուորներու ծնողներուն վրայ, թէ` Հայաստանի մէջ ալ դուրսէն հասած թմրեցուցիչի մեծ պահեստ մը քողազերծուեցաւ մօտիկ անցեալին (ի դէպ, յաճախակի դարձած են թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան քողազերծման դէպքերը), անոր մէջ տեսնուեցան իշխանականներու մատները, սակայն այդ դէպքը թաղուած է փակ դարակներու մէջ:

***

ՆԱԹՕ-ն ժողով ըրեր է, որոշեր են աւելցնել զէնքի գնումները, նաեւ մեծ մասը համաձայն գտնուեր է 4 միլիառ եւրոյի յաւելեալ զէնք հասցնել Ուքրանիա: Այս բոլորը կ՛ըլլան սեփական տագնապները ծանրացնելու, ժողովուրդին սպառողական կարողութիւնները մսխելու գնով (Ֆրանսայի մէջ երկար ատենէ ի վեր սուր բանավէճ կ՛ընթանայ հանգստեան կոչուելու տարիքը բարձրացնելու նախագահին ու համախոհներուն «գիւտը»): Զէնքի գնումները պիտի չըլլան Չինաստանէն, Ռուսիայէն կամ այլ արտադրողներէ, այլ… Միացեալ Նահանգներէն: Կը յիշէ՞ք, թէ Թրամփ քանի մը ամիս առաջ պարտադրեց, որ ՆԱԹՕ-ականները բարձրացնեն իրենց պաշտպանութեան պիւտճէները, յետոյ նաեւ յայտարարեց, որ անոնք պէտք է ամերիկեան զէնք գնեն ու տան Ուքրանիոյ: Անդին` Թրամփի «իմաստո՜ւն» պատուիրակները Մոսկուա այցելեր են, քիչ մը զբօսաշրջութիւն ըրեր են, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմի դադարեցման մասին շօշափելի արդիւնք չեն գտած: Լուրը տարածողներ առաւելաբար կը բարձրաձայնեն այն, որ խաղաղութեան ամերիկեան ծրագիրը խմբագրուած է… Մոսկուայի մէջ. անոնք մոռցած են, որ Թրամփ եւ Փութին բացայայտօրէն աւելի՛ շահագրգռուած են ուքրանական հողերու եւ հանքերու բաժնեկցութեան թղթածրարով, իսկ նոր ծախսերու տակ մտնելը ձգած են ՆԱԹՕ-ի անդամներու ուսերուն: Անոնք պատրաստ են ծախելու Ուքրանիա՛ն ալ, Եւրոպա՛ն ալ: Հիմա պէտք է գտնել պատասխանը սա հարցումին, թէ ո՞վ է դաշնակիցը, ո՞վ է թշնամին, եւ Եւրոպան (կամ ուրիշներ) ինչպէ՞ս կրնայ վստահիլ դաշնակիցին: (Հայկական առածը կ՛ըսէ. «Աղջի՛կս, քեզի՛ կ՛ըսեմ, հա՛րսս, դո՛ւն հասկցիր»):

… ՆԱԹՕ-ի անդամները չե՞ն գիտեր, որ ՔՊ-ական իշխանութիւնները հասած են այն իմաստութեան, որ պէտք է բանակը կրճատել, զէնքի գնումներու մասին ամբոխահաճոյ յայտարարութիւններով բաւարարուին (իսկ եթէ տեղ մը գնում կ՛ըլլայ, ո՞վ գիտէ, թէ «շահաբաժինները» ինչպէ՛ս կը բաշխուին` իբրեւ յաւելուած… պարգեւավճարներուն):

***

ՔՊ-ապետը դարձեալ «փայլատակեր» է Ազգային ժողովի բեմէն: Զինք մտիկ ընողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ անոր խելքի տոպրակը ամէն անգամ քիչ մը աւելի՛… սնանկութիւն կը բուրէ: Իմաստ չունի ասոր «գիւտերուն» եւ «բացայայտումներուն» մէկ առ մէկ անդրադառնալը, միայն կը բաւականանանք մատնանշելով, որ ան ընդդիմադիրներն ու ամբողջ ժողովուրդը կը դիտէ իբրեւ ապուշներու հատորներ: Ծիծաղելիութիւնը ամէն սահման կը գլէ-կ՛անցնի, երբ կը հաւաստէ, որ Հայաստանի մէջ աղքատներ չկան, կամ` երբ հարց կու տայ, թէ թոշակառուներու ամսականները 10-11 հազար դրամով բարձրացնելու պարագային, անոնք այդ դրամը ի՞նչ պիտի ընեն… Գաղտնիք չէ, որ թոշակառուները ժողովուրդի ամէնէն համեստ «բանակն» են. տարեց մը լրագրողի մը բացատրեր է, թէ իր դեղերու ծախսը որքա՛ն կը ճնշէ իր համեստ օրապահիկին վրայ: Աւելի՞ն. բայց ի՞նչ խօսիլ արցախեան բանակցութիւններու իր «հանճարե՜ղ» տեսութիւններուն եւ մեր պատմական հողերը դարձեալ իբրեւ ազրպէյճանապատկան կլլեցնելու (եւ այլ խեղաթիւրումներու) փորձերուն մասին (Հիթլեր պիտի ըսէր. «Ո՜վ կը յիշէ Մինսքի խումբը»), ի՞նչ ըսել հանգստեան կոչուածները գործի վերադարձնելու, տարիքի նշաձողը 70-75-ի բարձրացնելու չնաշխարհի՜կ գիւտերուն մասին:

… Հայաստանի ժողովուրդը լուր ունի՞, որ այս մարդակերպ «ազգընտիր»-ը ամէն տեսակի աճպարարութեան կը դիմէ եւ պիտի դիմէ (դիտեցէք ճաթած ձայնով աղաղակելու պահուն իր ձեռքերու շարժումները, որոնք մերթ պարող մը, աւելի յաճախ ծաղրածու մը կը պատկերեն), որպէսզի յառաջ տանի իր ընտրապայքարը:

Հիմա ըսէ՛ք, լապտերիս պէտք ունի՞ք:

3 դեկտեմբեր 2025

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Եռօրեայ Քերմես` «Խաղանք, Յաղթենք Եւ Ուրախանանք» Խորագիրով

Յաջորդը

Պատմական Օր Մը Մարսէյի Մէջ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.