Իսրայէլեան կողմերու գնահատումով` լիբանանեան կառավարութիւնը կ՛ուղղուի քանի մը օր ետք Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող լայն շրջաններու մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը յայտարարելու, նախքան այս ամսուան վերջաւորութեան Պէյրութի ճշդած պայմանաժամի աւարտը:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի այն կարելիութեան, որ այս յայտարարութեան հետ միատեղ լիբանանեան կողմը պահանջէ վերջին պատերազմի ընթացքին իսրայէլեան բանակին Լիբանանի մէջ իր տակաւին բռնագրաւած հինգ կէտերէն հեռացումը, մինչ իսրայէլեան ապահովական մարմինները կը պնդեն, թէ Հըզպալլան «կը ձգտի հարաւային Լիբանանի մէջ իր զինուորական կարողութիւններու մէկ մասը վերականգնել»:
Կայանին համաձայն, լիբանանցի պաշտօնատարներ ամերիկեան կողմին փոխանցած են, թէ լիբանանեան բանակը մինչեւ հիմա կրցած է Լիթանի գետէն հարաւ գտնուղ տարածքին շուրջ 80 առ հարիւրին մէջ «զինաթափում կատարել» կամ «զինուորական ենթակառոյցները կազմաքանդել»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Ուոլթըրզ երեքշաբթի օր այցելած է Իսրայէլի հետ Լիբանանի սահման եւ այցելութեան ընթացքին «հիւսիսային շրջանի հրամանատարութենէն բարձրաստիճան սպաներէ Հըզպալլայի` իր կարողութիւնները վերականգնելու փորձերուն վերաբերեալ իսրայէլեան բանակի գնահատումներուն մասին զեկուցում ստացած է»:


