Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Իսա հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ լիբանանեան բանակին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնները կը շարունակուին:
Ան նշեց, որ Իսրայէլ լիբանանեան կառավարութեան հետ ընթացող բանակցութիւններն ու Հըզպալլայի դէմ իր պատերազմը կը զատորոշէ, եւ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, լուծումի հասնելու փորձի ծիրին մէջ է:
Դեսպանը շեշտեց, որ Հըզպալլան պէտք է «կատարէ իր պարտաւորութիւնները, զորս գիտէ»:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ բանակի հրամանատարին Ուաշինկթըն ացելութեան թուական չկայ:
Իսա յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած որեւէ պատգամ աւելի լաւ է, որ ուղղակի ըլլայ:


