Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան-Լիվըրփուլ` 0-1

December 11, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի 6-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումներուն անսպասելի հերոսներ փայլեցան, հետաքրքրական արդիւնքներ արձանագրուեցան, ձիւնածածկ դաշտեր, հռչակաւոր «քամպեքներ» եւ վճռորոշ հանդիպումներ տեղի ունեցան:

Ղազախստանի մէջ Քայրաթ 1-0 արդիւնքով «սպասուած» պարտութիւն կրեց Օլիմփիաքոսի դէմ: Հակառակ պարտութեան, Քայրաթի բերդապահ Թեմիրլան Անարպեքով մրցումի լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ` զսպելով աւելի քան 8 ստոյգ առիթներ: Ձիւնածածկ դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումը ծանր էր երկու խումբերուն համար, բայց պէտք է ըսել, որ յոյները շատ աւելի լաւ էին:

Պայերն Միւնիխ կոլ մը ստանալէ ետք երեք կոլեր նշանակեց մրցումի երկրորդ կիսուն, երբ մեծ թիւով առիթներ կոլի չկրցաւ վերածել առաջին կիսախաղին: 17 տարեկան Լենարթ Քարլ եղաւ մրցումին աստղը` նշանակելով կոլ մը եւ կատարելով գեղեցիկ փոխանցումներ: Պայերն, որ անցեալ հանգրուանին Արսենալէն պարտուած էր, 3-1 արդիւնքով ինքզինք գտաւ եւ արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը:

Լիվըրփուլ դժուար մրցում ունէր Իտալիոյ մէջ` մրցելով Ինթեր Միլանի դաշտին վրայ: Խումբերը գրեթէ հաւասար առիթներ ունէին, բայց մրցումի վերջին վայրկեաններուն իրաւարարը փենալթի նկատեց Ինթերի յետսապահ Պասթոնիի ֆաուլը, որուն շնորհիւ Տոմինիք Սոպոսլայ նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Բազմաթիւ մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, «շատ կակուղ» նկատեցին այս փենալթին, որ օգնեց» Լիվըրփուլ»-ին բարձրանալու 8-րդ դիրք:

Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 2 կոլ նշանակեց իր աջ ծայրի յետսապահ Ժիւլ Քունտէի շնորհիւ եւ 3 կէտեր աւելցուց իր 7-ին վրայ` բարձրանալով 14-րդ դիրքը:

Լամին Եամալ դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ արդիւնաւէտ խաղացողը, որ 14 կէտով (7 կոլ եւ 7 էսիսթ) գերազանցեց Էմպափէի նախկին մրցանիշը (13 կէտ):

Չելսի 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Աթալանթայէն, մինչ Թոթենհամ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլաւիա Փրական:

Մոնաքօ պարտութեան մատնեց Կալաթասարայը, Մարսէյ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Սեն Ժիլուազին` Պելճիքայի մէջ, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ ՓՍՎ Այնտհովընի դաշտէն:

 

Նախորդը

Արաուխօ Կրնայ Հեռանալ Պարսելոնայէն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պրանսըն 35 Կէտով Գլխաւորեց Նիւ Եորքի Յաջողութիւնը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.