Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

December 11, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ֆրանսա

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեան Այցելեց ՀԱԵ Ֆրանսայի Հայոց Թեմ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան  Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի, Շահէ Մատենեանի, Գէորգ Մելիտոնեանի եւ Ռոմիկ Դաւթեանի, այցելեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի հայոց թեմ` յայտնելու համար իրենց զօրակցութիւնը Հայ եկեղեցիին: Անոնք հանդիպում ունեցան առաջնորդին հետ եւ յայտնեցին իրենց շարունակական զօրակցութիւնը Հայ եկեղեցիին, որ դէմ յանդիման կը գտնուի Հայաստանի մէջ գործող վարչակարգին կողմէ վարուող անընդունելի եւ ապօրինի յարձակողական քաղաքականութեան:

«Արմէնլիվր»-ի 20-րդ Տարեդարձի Նշում

Այս տարի Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը տօնեց «Արմէնլիվր»-ի 20-րդ տարեդարձը:

Տարուէ տարի Հայ մշակոյթի տունը կ՛ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը: Նոր տարուան սեմին գիրքի տօնավաճառը առիթ կը հանդիսանայ հանրութեան հետ մշակութային անմիջական շփումի` գիրքերու, հեղինակներու հետ հանդիպումով եւ մանուկներու եւ դպրոցականներու ուղղուած այլազան մշակութային աշխատանոցներու կազմակերպմամբ: Այս տարուան նորութիւններու շարքին էր Փարիզի Արաբական աշխարհի հիմնարկին եւ Ինալքոյի հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի գիրքերու տարածման իրաւասութիւնը, զոր ձեռք ձգած է Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը:

20-րդ տարեդարձին առիթով գրասէր մտաւորականներու կողմէ կատարուած էր 20 գիրքերու ընտրութիւն մը, որոնք յատուկ կերպով յանձնուած էին հանրութեան ուշադրութեան:

Նախատեսուած է «Եւ եղեւ սփիւռքը» դասախօսութիւններու շարք մը` 2026 տարեշրջանի առաջին եռամսեային ընթացքին, Մարկ Նշանեանի, Տիգրան Եկաւեանի եւ Անահիտ Տօնապետեանի մասնակցութեամբ:

Արդարեւ, 27 նոյեմբերին կայացաւ ձեռնարկի բացումը: Տան նորանշանակ տնօրէն Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան բացման խօսքին մէջ ընդգծեց Ալֆորվիլ քաղաքին հիւրընկալ ու մշակութային դիմագիծը` աւելցնելով, որ «Արմէնլիվր» գիրքի տարեկան տօնավաճառի իրադարձութիւնը անոր կարեւոր անդրադարձերէն մէկն է` իբրեւ հանդիպումի, փոխանակումի եւ յայտնագործումի վայր:

20-րդ տարեդարձը առիթ էր նաեւ նշելու Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան նախկին տնօրէններու ներդրումը: Բեմ հրաւիրուեցան հիմնադիրներ` Արա Գրիգորեան, Արշալոյս Սարգիսեան, Պէաթրիս Անանեան, Յասմիկ Գեւոնեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս եւ Հայ մշակոյթի տան նախագահ Եդուարդ Պառաւեան, որոնք ընդգծեցին եռօրեայ ձեռնարկի մշակութային բարձր որակը: Յայտնենք, որ քաղաքապետարանը ամէն տարի կը հիւրընկալէ «Արմէնլիվր»-ն ու նպաստը կը բերէ Հայ մշակոյթի տան գործունէութեան:

Երեկոյթը ընթացաւ երաժշտական կատարումով` Ռուբէն Կնիազեանի, Դաւիթ Աբրահամեանի եւ Անուշ Արշակունիի մասնակցութեամբ:

Բացի Ալֆորվիլէն` «Արմէնլիվր»-ը պիտի կրկնուի Իսի լէ Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, 13-14 դեկտեմբերին, եւ Փարիզ` ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ, 24-25 յունուարին:

Նետերլանտներ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին, 29 եւ 30 նոյեմբերին Ալմելոյի մէջ գումարուեցաւ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որ սովորաբար կը գումարուի երկու տարին անգամ մը: Աւելի քան քսան մասնակիցներ, որոնք կը ներկայացնէին Հայ դատի Եւրոպայի ամէնէն գործօն եւ քաղաքականապէս ներգրաւուած յանձնախումբերը, վերագնահատեցին նախընթաց ժամանակահատուածի գործունէութիւնը, վերահաստատեցին հաւաքական պատասխանատուութիւնը` ապահովելու համապատասխան միջազգային աջակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար:

Խորհրդաժողովին օրակարգը կը ներառէր` Պաքուի մէջ հայ պատանդներու ազատագրման ուղղութեամբ իրականացուող շարունակական ջանքերը, էթնիկ զտման ենթարկուած Արցախի հայերու պաշտպանութիւնը եւ հայրենիք հաւաքական վերադարձի արցախահայութեան իրաւունքը, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: Շեշտուեցան նաեւ համայնքներու մէջ Հայ դատի ծաւալած ծիրին մէջ երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու յետընթացը, որ էապէս կը թուլացնէ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը` Հայաստանի նկատմամբ միջազգային աջակցութիւն ապահովելու տեսանկիւնէն:

Այս առիթով ՀՅԴ Հայ դատի միջազգային յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ Եւրոպան շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ տեղ ունի Հայ դատի ցանցին մէջ: Շատ կարեւոր է աւելի ամրապնդել Պրիւքսելի մէջ գտնուող կեդրոնական գրասենեակի եւ տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող տարածաշրջանային յանձնախումբերու արդէն իսկ գործօն աշխատանքը եւ ապահովել, որ անոնք ստանան մեր համահայկական ցանցի աջակցութիւնը եւ հոգածութիւնը: Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայաստանի պետականութեան ուժեղացման, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անկէ բխող պահանջներու յառաջ մղումին, սփիւռքի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան միասնութիւնը եւ քաղաքական ներգրաւուածութեան խթան հանդիսանալու միտում ունեցող ձեռնարկներու իրականացման գործին մէջ բոլորս կը կրենք այս խորհրդաժողովին մէջ ընդունուած որոշումներու իրականացման պատասխանատուութիւնը:

Խորհրդաժողովին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ օտարալեզու լրատուամիջոցներու հետ աշխատանքի բարելաւումը, քննարկուեցան տարբերակներ` լրացնելու տեղեկատուական այն բացը, որ առկայ է հայ ժողովուրդի, Հայ եկեղեցւոյ եւ Արցախի ժողովուրդին դիմաց ծառացած իրականութիւններու եւ մարտահրաւէրներու եւ եւրոպական կառոյցներու միջեւ:

Խորհրդաժողովի աւարտին ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնելով մասնակիցներուն իրենց անխոնջ աշխատանքին համար` նշեց, որ հայ ազգը կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն մէկը, երբ հիմնարար կարեւոր հաստատութիւնները մնայուն սպառնալիքի տակ են: Ան ըսաւ, որ այս հաւաքը եւ այն հաւաքական պատասխանատուութեան զգացումը, որ կը ներկայացնէ, կրկին կ՛ընդգծէ եւ կը վերահաստատէ մեր անսասան յանձնառութիւնը` մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ զանոնք յաղթահարելու ուղղութեամբ: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի եւ առանձին երկիրներու յանձնախումբերու գործողութիւններու միջոցով կարեւոր քայլեր ձեռնարկուած են արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի յառաջմղման եւ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու ազատման գործին մէջ

Սուրիա

Այցելութիւններ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

* Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ վերջերս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը:

Վարչութեան ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան անդրադարձաւ միութեան յառաջիկայ գործունէութիւններուն: Ան հրաւիրեց սրբազան հայրը` նախագահելու ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներու յիշատակին կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութեան:

Սրբազան հայրը, իր կարգին, մեծապէս գնահատեց միութեան մարզական ու սկաուտական աշխուժ գործունէութիւնը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ազգօգուտ ծրագիրներուն:

* 2 դեկտեմբերին սրբազան հայրը ընդունեց ՍՕԽ-ի Ազգային պատսպարանի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնց կ՛ընկերակցէր ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան:

Ազգային պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետ Էմմա Վարդապետեան զեկուցեց պատսպարանի գործունէութեան մասին եւ հրաւիրեց սրբազան հայրը` պատսպարանի սաներուն հետ Նոր տարուան խրախճանքին ներկայ գտնուելու:

Սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ  պատսպարանի անձնակազմին, սաներուն եւ Նոր տարուան ընդառաջ իր բարեմաղթութիւնները կատարեց:

Իտալիա

 Միջազգային Գիտաժողով` Նուիրուած Թ.- ԺԴ. Դարերու Հայ Եւ Վրացի Առաքինի Կիներու

Կազմակերպութեամբ Ֆլորանսի համալսարանի բիւզանդագիտութեան դասախօս եւ «Armenia Entangled» եւրոպական հետազօտական ծրագիրի ղեկավար Զարա Պօղոսեանի, նախաձեռնութեամբ նոյն ծրագիրի անդամ, պատմաբան եւ ձեռագրագէտ Գոհար Գրիգորեանի, 24-25 նոյեմբերին Ֆլորանսի համալսարանի «Սակաս» (Պատմութիւն, հնագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, արուեստ եւ թատրոն) բաժինին մէջ կայացաւ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Թ.-ԺԴ. դարերու հայ եւ վրացի առաքինի կիներու: Ձեռնարկը միաւորեց Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Թուրքիայէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած ճանչցուած գիտնականներ:

Գիտաժողովին ուսումնասիրուեցաւ հայ եւ վրացի կիներու դերը` որպէս եկեղեցիներու, վանական կեդրոններու, կրթական ու մշակութային նախաձեռնութիւններու հովանաւորներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սակաս» բաժինի տնօրէն փրոֆ. Ֆուլվիօ Չերուինին, իսկ ողջոյնի խօսքով` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան: Ան ընդգծեց հայ եւ վրացի կիներու մեծարժէք դերակատարութեան պատմագիտական ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով, որ Թ.-ԺԴ. դարերուն հայ եւ վրացի թագուհիներն ու իշխանուհիները մեծապէս աջակցած եւ նպաստած են եկեղեցիներու ու վանքերու կառուցման, կրթական հաստատութիւններու հիմնադրման եւ արուեստի գործերու ստեղծման: Սրբազանը շեշտեց, որ անոնք եղած են գործուն առաջնորդներ, որոնց նուիրումն ու խորաթափանցութիւնը հասարակութիւններ ձեւաւորած են: Սրբազանը ցաւով նաեւ նշեց, որ այս կիներու ժառանգութիւնը ցայսօր յաճախ թերագնահատուած կամ խեղաթիւրուած է աւանդական պատմագրութեան եւ ժամանակակից հանրային խօսոյթի մէջ` ընդգծելով նման միջազգային գիտաժողովներու կարեւորութիւնը` երեւան բերելու մոռցուած էջերը եւ ձայն տալու այն կիներուն, որոնք դարեր շարունակ մնացած են ստուերի մէջ:

Գիտաժողովը շարունակուեցաւ մասնագիտական զեկոյցներով եւ քննարկումներով, որոնք ուղղուած էին հայ եւ վրացի քրիստոնէական իրականութեան պատմամշակութային զարգացման մէջ կիներու որոշիչ դերի խորքային ուսումնասիրութեան:

Միացեալ Նահանգներ

Նիւ Եորքի Մէջ Նշուեցաւ «Օրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութեան 10-Ամեակը

6 նոյեմբերին էլիս Այլընտի մէջ տեղի ունեցաւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 10-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Այս տարուան մրցանակակիրն էր տոքթ. Ճամալ Էլթայեպ, որ կը վարէ Սուտանի մէջ մնացած սակաւաթիւ հիւանդանոցներէն մէկը, ուր դաժան պայմաններու տակ վիրաւոր եւ տեղահանուած մարդիկ կը բուժուին:

2015-ին հիմնադրուելէն ի վեր «Օրորա»-ն դարձած է համաշխարհային ուժ մը` օժանդակելով եւ նիւթապէս սատարելով 517 մարդասիրական ծրագիրներու, որոնք կեդրոնացած են շտապ օգնութեան, բժշկական խնամքի եւ կրթութեան վրայ:

Նուպար Աֆէեան, որ «Օրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն է, հանգուցեալ Վարդան Գրիգորեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի (բանտարկուած Պաքուի մէջ) հետ, խորհրդածեց գերմանացի զինուորներու բարեացակամութեան եզակի շարժումին մասին, որ փրկած էր իր մեծ հայրը Հայոց ցեղասպանութեան տեղահանութեան ընթացքին եւ կարելի դարձուցած, որ իր ընտանիքը վերապրէր: Ան քաջալերեց հիւրերը, որ ապրին իբրեւ մարդասէրներ` օգնելով կարիքաւորներու: Աֆէեան յայտնեց, որ թէեւ հայերը ամէնէն հարուստ ազգերու թիւին մաս չեն կազմեր, սակայն անոնց պատմութիւնը եւ համոզումները կը պարտադրեն, որ մարդասէր ըլլան:

Ֆերահեան Վարժարանի Վերանորոգուած «Մասիս Եւ Մանուշ Ղեւոնդեաններ» Մարզասրահի Բացում

26 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի «Մասիս եւ Մանուշ Ղեւոնդեաններ» վերանորոգուած մարզասրահին բացումը:

Ուսումնական խորհուրդի փոխնախագահ Կարօ Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ միշտ հաճելի է վերամիաւորուիլ դպրոցին եւ ընկերներուն հետ, որոնց հետ յատուկ կապ ստեղծուած է Ֆերահեանի շնորհիւ: Ան ուրախութիւն եւ հպարտութիւն յայտնեց վերանորոգուած մարզասրահին առիթով, որ մեծապէս կը նպաստէ դպրոցի «Արմէնզ» անուանումով մարզական բաժանմունքի զարգացման:

Խօսելով վերանորոգումը հնարաւոր դարձուցած բարերարներու  մասին` Կարօ Յովհաննէսեան նշեց, որ Ղեւոնդեաններու  աջակցութիւնը դպրոցին եւ մարզական բաժանմունքին շարունակած են նաեւ անոնց ժառանգները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ղեւոնդեան ընտանիքին:

Մարզասրահին մէջ ուշադրութեան արժանի էր կրթօճախի մարզական յաջողութիւնները վկայող նորաբաց անկիւնը` «Դոկտոր Մելինա Իսրայէլեանի ախոյեաններու պատ»-ը, ուր ներկայացուած էին տարբեր տարիներու յաղթանակ արձանագրած մարզիկներուն անունները եւ ստորագրութեամբ մարզաշապիկներ:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Ուսումնական խորհուրդի նախագահ Վահէ Պենլեան եւ շրջանաւարտներէն Անտրէ Ահարոնեան:

Քանատա

 Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց  Քանատայի Մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան վերջերս ընդունեց Քանատայի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակութեան այցելութիւնը, որուն անդամներն էին` խորհուրդի ատենապետ Փիեր Շամմաս, ատենադպիր դոկտ. Ռաուֆ Այաս եւ խորհրդական Ալեն Քաատէ:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Յակոբ վրդ. Եագուպեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան` Միջին Արեւելքը յուզող հարցեր, Հայաստանի եւ Արցախի առնչուած մտահոգութիւններ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային խաղաղութեան հեռանկարները:

Հանդիպումը միջոց մըն էր երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան միջոցներ մշակելու:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Եւրոպացի Ղեկավարները Շատ Կը Խօսին, Սակայն Ոչինչ Կ՛ընեն, Եւ Ուքրանիոյ Պատերազմը Անվերջ Կը Շարունակուի»

Յաջորդը

Պատանիին Էջը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.