Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան 95-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, որուն շնորհիւ Պնէյ Սախնին յաղթեց Մաքքապի Պնէյ Ռէյնէի:
Իսրայէլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգուանին գծով այս մրցումին Միրանեան բարձր մակարդակի մրցում ունեցաւ եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին` 4 անգամ հարուածելով մրցակիցի բերդին ուղղութեամբ:
Միրանեանի 3-րդ կոլն էր ասիկա ախոյեանութեան գծով, եւ այս յաղթանակով Պնէյ Սախնին բարձրացաւ 8-րդ դիրք:


