Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ ռուսական Կրասնոտարի խմբապետ Էդուարդ Սփերձեան ամփոփեց ռուսական բարձրագոյն դասակարգի երթի մրցումները:
«Տարեշրջանի առաջին մասը աւարտեցինք առաջին դիրքի վրայ: Հիմա հանգիստը կրկնակի անգամ աւելի հաճելի է: Շատ շնորհակալ եմ իմ խմբակիցներուս եւ անշուշտ համակիրներուն», ըսած է Սփերձեան:
Ռուսիոյ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն ետք Կրասնոտար 40 կէտերով գրաւեց առաջին դիրքը: 39 կէտով Բ. դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Սենթ Փեթերսպուրկը:
Ռուսիոյ ախոյեանութեան դարձի մրցումը կը սկսի 2026-ի փետրուարին:
Կրասնոտար իր վերջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Մոսկուայի բանակայինները: Ճոն Քորտոպա, Վիքթոր Սա եւ Ժոաօ Պաչի նշանակեցին Կրասնոտարի 3 կոլերը, ուր Սփերձեան կատարած էր էսիսթ մը:


