Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Առաջարկին Իրանի Պատասխանը

December 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին 20 նոյեմբերին իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիին առաջարկեց Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի կամ Միացեալ Նահանգներու հետ Ռուսիոյ բանակցութիւններուն օրինակով չէզոք երկիրի մը մէջ երկու երկիրներուն միջեւ առկախ թղթածրարներու` իմա Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլայի զինաթափման շուրջ բանակցելու:

Արաղչի, սակայն, 3 դեկտեմբերին Ռաժժին հրաւիրեց երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներու շուրջ քննարկումներու` այդպիսով մերժելով իր լիբանանցի պաշտօնակիցին առաջարկած բանակցութեան վայրը, եւ ինքնին` բանակցութեան գաղափարը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը 5 դեկտեմբերին «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Հըզպալլան չի կրնար իր զէնքը առանց իրանեան որոշումի յանձնել»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի 7 դեկտեմբերին անուղղակի կերպով Ռաժժիի հակադարձելով` նշեց. «Լիբանանի ներքին հարցերուն բացարձակապէս չենք միջամտեր», աւելցնելով. «Հըզպալլան լիբանանեան հասարակութեան մէջ խոր արմատներ ունի եւ գործունեայ է, եւ ինք կ՛որոշէ իր վարքագիծն ու քաղաքականութիւնը»:

«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին նշեց, մենք ամբողջովին պատրաստ ենք լիբանանցի պաշտօնատարներուն հետ երկկողմ յարաբերութիւններու շուրջ երկխօսութիւն կատարելու», նշեց ան:

Այսպիսով, Թեհրան լիբանանեան կողմին հասկցուց, որ կը մերժէ Հըզպալլայի զէնքի հարցին շուրջ բանակցիլ, եւ այդ մերժումը հիմնաւորելու նպատակով նշեց. «Լիբանանի ներքին հարցերուն բացարձակապէս չենք միջամտեր»:

Այդ մերժումին իսկական պատճառը, սակայն, այն է, որ այդ զէնքը առ երեւոյթ միայն Լիբանան-Իրան հարց մըն է եւ խորքին մէջ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն: Անիկա աշխարհաքաղաքական հարց մըն է, եւ ոչ թէ` երկկողմ:

Ահա այդ պատճառով է, որ Թեհրան կը մերժէ Պէյրութի հետ երրորդ երկիրի մը մէջ բանակցիլ, որովհետեւ այդպիսի քայլ մը խնդիրը պիտի տեղափոխէ Լիբանան-Իրան յարաբերութիւններու ոլորտ: Իրան կը մերժէ այդ քայլին դիմելով այդ խաղաքարտը արժեզրկել, եւ պատրաստակամ չէ զայն դուրս բերել ամերիկեան կողմին հետ բանակցութիւններու աւելի ընդարձակ օրակարգէն ու այդ խաղաքարտի զիջման դիմաց գանձելիք հաւանական նշանակալից գինէն հրաժարիլ:

Զէնքի շուրջ բանակցութիւնները միայն Ուաշինկթընի հետ են, իսկ Պէյրութի հետ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման շուրջ երկխօսութիւն ու քննարկում կարելի է. այս է Լիբանանի բանակցութեան առաջարկին Իրանի դիւանագիտական ոճով արտայայտուած «շնորհակալութիւն, սակայն` ոչ» պատասխանը:

 

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»- ի Առաջնորդող. Այդ Ընդդիմադիրը Եւ Մեր Առաջիկայ Քննութիւնը

Յաջորդը

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.