. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանեան դիրքորոշումը այսօր հիմնուած է երեք իրարու կապուած հոլովոյթներու` յարձակումը դադրեցնող եւ հողերը վերադարձնող լուրջ բանակցութեան ճամբով թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, բանակին աջակցիլն ու անոր ներկայութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ իբրեւ անդառնալի հոլովոյթ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «վարչապետ Սալամ ամերիկացի պատուիրակ Օրթէյկըսը Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան ի պատիւ ճաշէն ետք կէս ժամ աւելի պահեց եւ անկէ պահանջեց Իսրայէլի վրայ ամերիկեան շօշափելի ճնշում մը` խախտումներու դադրեցման ճամբով կացութեան մէջ բեկում յառաջացնելու համար»:
. «ԱՍԱՍ». «Նախագահ Աուն Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումին ճամբով պաշտօնական կերպով պահանջեց ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութեան երկարաձգման վրայ աշխատիլ»:
. ԱՅՆ Թինէի շրջանակները «Ախպար» օրաթերթին. «Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքին աւարտին գոյանալիք բացին հարցը լուծելու միջազգային պատրաստ այլընտրանքի չանդրադարձաւ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը բանակին զինաթափման ծրագիրի գործադրութեան եւ անկէ աւելի երկար ժամանակ պահանջելիք երկրորդ փուլի գործադրութեան մէջ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեց, իսկ լիբանանեան կողմը գոհ էր, որ պատուիրակութիւնը դրականօրէն լսեց իրեն»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «դեսպան Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ Լիբանանը ներկայացնող բանագնաց նշանակումը Լիբանանի նկատմամբ Իսրայէլի «հաստատ» օրակարգէն ոչինչ պիտի փոխէ»:
. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի աղբիւրները կը յայտնեն. «Դեսպան Քարամի ներկայութիւնը պիտի համապատասխանէ Հըզպալլայի զինաթափման գործընթացին, եւ կը նախատեսուի, որ ատոր օրակարգը ընդլայնուի, եւ, ինչպէս կը սպասուի այս ամսուան 19-ին գումարուելիք ժողովի ժամանակ, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի առաքելութիւնը կրնայ զարգանան»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան Սիմոն Քարամի նշանակման պիտի չառարկեր, եթէ պետութիւնը յաջողէր դադրեցնել Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորումը կուսակցութեան, որ զինուորական դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին Սիմոն Քարամի նշանակման հաւանութիւն չտուաւ առանց Հըզպալլայի հաւանութեան, որովհետեւ այսպիսի որոշում մը առանց իր դաշնակիցին չի տար»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահութենէն աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Պըրրի կը մերժէ որեւէ նոր համաձայնութիւն կնքել կամ տնտեսական, քարիւղային կամ ատկէ աւելի հեռու գացող գործակցութեան համաձայնութիւններու քննարկման մէջ Լիբանանը ներքաշելու «Նեթանիահուի թակարդ»-ին մէջ իյնալ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան մագլցումը թուեցաւ, թէ ուղղակի պատասխան է «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի առաջին նիստի ընթացքին քննարկուելիք խնդիրներու բնոյթին վերաբերեալ սպրդած տեղեկութիւններուն, որոնք կը վերաբերին զգայուն հարցերու, ներառեալ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը, գերիներու վերադարձը եւ բռնագրաւուած տարածքներէն զօրքերու դուրսբերումը»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ այս պատգամներուն ճամբով «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին կը վերաբերի իբրեւ տագնապի կառավարման թեքնիք միջոց եւ ոչ թէ անոր ընթացքը փոխելու հարթակ»:
. ԱՂԲԻՒՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանան կը պնդէ, որ բանակցութիւններուն օրակարգը սահմանափակուի ապահովական կէտերով, զորս կարելի չէ շրջանցել` քննարկելու համար Լիբանան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան գոյացումը»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան վերջին զգուշացումները ուղղուած են նախագահ Աունին եւ վարչապետ Սալամին` ընդգծելու համար, թէ պիտի չհրաժարի ուղղակի բանակցութիւններու, ժողովի եւ լիբանանեան ու իսրայէլեան պատուիրակութիւններու պետերու ձեռք սեղմումը լուսանկարելէն եւ այդ լուսանկարները հրապարակելէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սեղանի վրայ դրուեցաւ այն առաջարկը, որ իսրայէլեան «դահիճին» հետ միատեղ, Սուրիան դառնայ Հըզպալլայի դէմ կիրարկուելիք աքցանին երկրորդ թեւը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի կրնայ յառաջիկայ օրերուն այցելել Լիբանան եւ կրնայ իրեն հետ բերել Լիբանան-Իսրայէլ թղթածրարին շուրջ նոր մթնոլորտ, սակայն մինչեւ այս պահս պաշտօնական թուական չէ ճշդուած այդ այցելութեան»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պատերազմի նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Լիբանանին 90,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարտավարական մեքենաներու եւ սարքերու հաւանական վաճառման»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Զինաթափումը թէկուզ բռնի ուժով կատարելու համար լիբանանեան կառավարութեան վրայ ամերիկեան ճնշումներու նահանջը ցոյց կու տայ համատարած համոզում մը, թէ այդպիսի բան մը կարելի է իրագործել միայն երկխօսութեան եւ մէկէ աւելի կողմերէ գործադրուած յաւելեալ ճնշումներով»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «47 տարի առաջ Լիբանան ժամանած ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքի դադրեցումը բաց մը պիտի ստեղծէ, նոյնիսկ եթէ պետութիւնը իր իշխանութիւնը տարածէ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ հարցերը իր ձեռքը առնէ: Մեկնելով այս իրողութենէն է, որ հարցը արծարծուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութեան առջեւ»:


