Վաղը տեղի կ՛ունենայ 2025-ի «Ֆորմիւլա 1»-ի վերջին կրան փրին Ապու Տապիի մէջ, անոր աւարտին պիտի վճռուի այս տարուան ախոյեանը:
Առաջին դիրքը գրաւող բրիտանացի Լանտս Նորիս 12 կէտի առաւելութիւն ունի վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի վրայ, որ Միքայէլ Շումախըրէն ետք առաջին վարորդը կրնայ ըլլալ, որ շահի 5 յաջորդական տիտղոսներ:
24-րդ կրան փրիին կա՛մ աշխարհի նոր ախոյեան մը պիտի ունենանք «Մաքլարեն»-ի Նորիս-Փիասթրի զոյգէն, կա՛մ ալ «Ռետ Պուլ»-ի փորձառու ախոյեան Վերշթափընը պիտի ըլլայ ախոյեանը:
Հետաքրքրականը այն է, որ տարուան 15-րդ կրան փրիէն ետք` Նետերլանտներու մէջ, կը կարծուէր, որ ախոյեանութիւնը պիտի վճռուի «Մաքլարեն»-ի զոյգին միջեւ, մանաւանդ որ Վերշթափըն 104 կէտով ետ կը մնար պարագլուխէն, մինչ «Մաքլարեն» լայն առաւելութիւն ունէր բոլորին վրայ: Փիասթրի լաւ վիճակի մէջ էր, բայց Վերշթափըն եւ «Ռետ Պուլ» բարելաւեցին իրենց արդիւնքները, օգտուեցան ամէնէն պզտիկ սխալներէն եւ հասան մինչեւ վերջին կրան փրի:
Նորիսի կը մնայ փոտիում բարձրանալ եւ նոյնիսկ Վերշթափընին յանձնել աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:
Բայց բան մըն ալ կայ, որ Նորիսի պարզապէս մրցումը աւարտելու նպատակն ալ կրնայ իր ժխտական դերը ունենալ, երբ մրցակից վարորդներ «Մերսետես»-էն կամ նոյնիսկ «Ֆեռարի»-էն կրնան զինք աւելի ետ տանիլ մրցումի պահուն:
Վերշթափըն ճնշումի տակ չէ, մինչ ճնշումը մանաւանդ Նորիսի վրայ է, բան մը, որմէ կրնայ նոյնիսկ օգտուիլ Փիասթրի, որ կրնայ օգտուիլ որեւէ Նորիս – Վերշթափըն անակնկալ արկածէ մը եւ ինքզինք թագադրել աշխարհի ախոյեան:


