Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը մարդասիրական ոլորտին մէջ գործող ՄԱԿ-ի գործակալութիւններէն եւ միջազգային գործընկեր կազմակերպութիւններէն խնդրած է աշխուժացնել արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրները` պատերազմական հաւանական բեմագրութեան կանխատեսումով, որ ՄԱԿ-ի գնահատականներով կրնայ յանգեցնել շուրջ մէկ միլիոն լիբանանցիներու հարաւէն, Պեքայի հովիտէն եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն տեղահանման»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սիմոն Քարամի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի մէջ Լիբանանի պատուիրակութեան պետ նշանակումը պատահական չէր, այլ Լիբանանի Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները մերժելէն ի վեր անոր անունը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն մէջ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Այն Թինէի այցելուները կ՛ըսեն, թէ Պըրրի յայտնած է. «Դեսպան Քարամի առաքելութիւնը բացառապէս թեքնիք է եւ կը վերաբերի յարձակումներու դադրեցման, գերիներու ազատ արձակման եւ բռնագրաւումին վերջ տալու շուրջ բանակցութեան, եւ թեքնիք շրջագիծէն որեւէ շեղում Քարամի դերի անմիջապէս դադրեցումը կը նշանակէ»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Դեսպան Քարամ ծանօթ է իբրեւ պինդ դիրքորոշման տէր: Վարած է դիւանագիտական եւ վարչական պաշտօններ, որոնց վրայ երկար չմնաց, որովհետեւ կը մերժէր ցուցմունքները, եւ իր կարծիքը երբեմն նեղութիւն պատճառող անկեղծութեամբ կ՛արտայայտէ` առանց նկատի առնելու հակազդեցութիւնները»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ի տարբերութիւն ոմանց շրջանառութեան մէջ դրած տարաձայնութիւններուն, Լիբանան յաջողեցաւ Իսրայէլի հետ բանակցութեան իր պատկերացումը պարտադրել` նկատի ունենալով, որ վերջինս «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբէն դուրս քաղաքական ուղղակի բանակցութեան ուղղութեամբ աշխատանք կը տանէր, ապա համաձայնեցաւ լիբանանեան կեցուածքին»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահելու  համար քաղաքական անձնաւորութիւն մը նշանակելու հարցին շուրջ աշխատանքը սկսաւ երկու ամիս առաջ, երբ մանրակրկիտ քննարկման համար նախնական անուանացանկ մը պատրաստուեցաւ, եւ Քարամին շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը յարգեց Իսրայէլի պատուիրակութեան հետ ուղղակի չխօսելու սկզբունքը»:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի 19 դեկտեմբերին»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Բանակի հրամանատար զօր. Հայքալ այսօր կառավարութեան նիստին իր ներկայացնելիք զեկուցումին մէջ պիտի հաստատէ Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման մինչեւ տարեվերջ պայմանաժամին իր յանձնառութիւնը: Գրաւուած զէնքի հարցը պիտի լուծուի երկու կամ երեք ամսուան ընթացքին»:

. ԵԳԻՊՏԱՑԻ պաշտօնատար մը «Ախպար» օրաթերթին. «Գահիրէն պիտի շարունակէ իր միջնորդական դերը` լիբանանեան պետական կառոյցներու կամ Հըզպալլայի հետ` իբրեւ ազդեցիկ խմբակցութիւն, զոր կարելի չէ անտեսել, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով կուսակցութեան կամ որեւէ քաղաքական շարժումի հետ բախումէն խուսափելու եւ Պէյրութի մէջ Դիմադրութեան զէնքի հարցը համապարփակ շրջանակներու մէջ լուծելու ուղղութեամբ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը, եւ ոչ թէ ժամանակային տեսանկիւնէ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը երէկ կէսօրէ ետք սպառնալէ ետք, հարաւային Լիբանանի Ժպահ, Մահրունա, Մաժատել եւ Պարաաշիթ գիւղերուն մէջ տուներ ռմբակոծեց:

Նախորդը

Ճինփինկ. «Փեքին Պիտի Շարունակէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Շինիչ Լուծումի Վրայ Աշխատիլ»

Յաջորդը

Բանակը Կը Հերքէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.