Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարանները Նշեցին Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներու Տօնը

December 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 30 նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի յիշատակի  տօնին առիթով, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս պատարագ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն եւ պատասխանատուներուն: Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մովսէս աբղ. Եոսուլքանեան այս առիթով հաւատացեալներուն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեան յղեց օրուան պատգամը:

Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ երկու առաքեալներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի սրբազան առաքելութեան եւ շեշտեց անոնց տօնին կարեւորութիւնը մեր Եկեղեցւոյ համար: «Սուրբերը եղան հիմնադիրները Հայ եկեղեցւոյ. անոնք որպէս Քրիստոսի անմիջական աշակերտներ` ստացան իրենց Վարդապետէն հաւատքի շունչը եւ այդ շունչը փոխանցեցին հայ ժողովուրդին:  Անոնք  իրենց փոխանցուած հաւատքի հունտերը  սերմանեցին Հայաստան աշխարհի սահմաներէն ներս», ըսաւ Մովսէս աբղ. Եոսուլքանեան:

Հայր սուրբը բարձրօրէն գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուներուն կատարած սրբազան առաքելութիւնը` շնորհաւորելով անոնց տօնը, որ կը զուգադիպի Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի յիշատակի օրուան:

Նշենք, որ այս տօնին ամէն տարի կը նշուի կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան օրը:

Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները ս. պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգեցողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասի առաջնորդութեամբ, ապա բոլորը մասնակից եղան հաւաքական խոստովանանքին եւ ստացան ս. հաղորդութիւն:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, ապա եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ` հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Յարութ Փամպուքճեանի Երգերուն Նուիրուած Երեկոյ

Յաջորդը

Գերձայնային Գործիքի Եւ Ըմպելի Ջուրի Զտման Կայանի Գործարկման Նուիրուած Ձեռնարկ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.