Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Հրապարակեց Արցախի Հակամարտութեան Բանակցութիւններու Փաստաթուղթերը

December 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուեցան Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերող պետական գերատեսչութիւններուն մօտ գտնուող շարք մը փաստաթուղթեր:

Ինչպէս նշուած է այդ փաստաթուղթերուն կից` անոնք պատկերացում մը կու տան մինչեւ 2020 տարուած բանակցութիւններու գործընթացի բովանդակութեան մասին:

Ուշագրաւ է այն, որ փաստաթուղթերուն հրապարակումէն ետք յստակ դարձաւ, որ Փաշինեան չէ բացայայտած, թէ ինք ի՛նչ պատասխան տուած է 2019-ի առաջարկներուն, թէեւ ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի բացայայտէ նաեւ օրին իր տուած պատասխանը:

Տեղադրուած են նաեւ հրապարակաւ հասանելի շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք ուղղակի կապ ունին առաջին խումբի փաստաթուղթերուն հետ:

Հրապարակուած փաստաթուղթերու կարգին են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկները (2016) 2019, Քրաքովի փաստաթուղթը, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին (օգոստոս 2016), Քազանի փաստաթուղթը, Ռուսիոյ փաթեթային առաջարկները, Մատրիտեան սկզբունքները, Մեղրիի եւ Արցախի փոխանակման տարբերակը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համապարփակ առաջարկները, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յայտարարութիւնը Լիզպոնի վեհաժողովին, Պուտափեշտի վեհաժողովի յայտարարութիւնը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Սակայն, յայտնի չէ, որ արդեօք բանակցութիւններու բոլոր փաստաթուղթե՞րն են անոնք, թէ՞ ոչ, անյայտ է նաեւ, թէ ի՛նչ սկզբունքով ընտրուած են հրապարակումները:

Այս փաստաթուղթերուն շարքին չկայ Քի Ուեսթի տարբերակը, իսկ Մեղրիի եւ Ղարաբաղի փոխանակման տարբերակը պաշտօնական փաստաթուղթ չէ, այլ «Հայկական Ժամանակ»-ին մէջ 2008-ին լոյս տեսած հրապարակումը:

Կառավարութիւնը չի յստակացներ, թէ ինչո՛ւ նախկին ղեկավարներէն միայն երրորդ նախագահին նամակը կը հրապարակուի, իսկ միւս առաջնորդներուն գրագրութիւնը` ոչ:

Նշենք, որ կը բացակային նաեւ հայկական կողմի պատասխանները:

 

Նախորդը

Ստորագրուած Է «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Գործընկերութեան Ռազմավարական Օրակարգ» Փաստաթուղթը

Յաջորդը

Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Արժանավայել Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.