Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ամերիկան «միակ կողմն է, որ կարող է բացերը փակել»` ընդգծելով, որ Ուաշինկթընի ուզածը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ընթացող պատերազմին վերջ տալն է:
Ռուպիօ աւելցուց, որ շաբաթական 7000 ռուս զինուոր կը սպաննուի` նշելով, որ ուքրանական կողմին մօտ ալ աւեր կայ: «Այս պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ, որովհետեւ անոր մէջ ոչ ոք յաղթանակ կ՛արձանագրէ», շեշտեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Ան ըսաւ, որ ներկայիս ամերիկեան ջանքերը կը կեդրոնանան ապահովական երաշխիքներուն վրայ, զորս կարելի է Ուքրանիոյ տրամադրել, ինչպէս նաեւ անոր տնտեսութեան վերականգնման վրայ: «Կարելի չէ պատերազմին վերջ տալ առանց Մոսկուայի հետ խօսելու, սակայն նաեւ պէտք է Քիեւի դիրքորոշումը հաշուի առնել», շեշտեց ան:
Ռուպիօ անդրադարձաւ վենեզուելական թղթածրարին` նշելով, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ անցնող տարիներուն տարբեր կողմերու հետ կնքած է հինգ գործարքներ եւ բոլորն ալ խախտած է:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թմրեցուցիչի մաքսանենգման վերաբերեալ տուած լիազօրութենէն դժգոհութիւնը «ցոյց կու տայ, թէ թմրեցուցիչները Վենեզուելայէն կը մաքսանենգուին»:
«Վենեզուելական վարչակարգը ամբողջ շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայեց», նշեց Ռուպիօ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, թէ Վենեզուելան «Իրանին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին եւ նոյնիսկ Հըզպալլային համար յենարան կ՛ապահովէ»:


