ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին ընդունեց Ամալ շարժումի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Ամալ շարժումի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Մուսթաֆա Խաուաժա եւ կարգ մը պատասխանատու անդամներ:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց ՀՅԴ Լիբանանի նոր Կեդրոնական կոմիտէի եւ ներկայացուցիչի ընտրութիւնը:
Հանդիպումին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային վերջին զարգացումները` քաղաքական, անվտանգային, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ: Կարեւոր նկատուեցան շարունակական կապի պահպանումը եւ գործակցութիւնը:


