Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցաւ Քիոքուշին քարաթէի 2025-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչները տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան:
Շուրջ 1400 մարզիկներ մասնակցեցան այս ախոյեանութեան` ներկայացնելով 40 երկիրներ: Հայաստանի Քիոքուշին քարաթէի հիմնադիր նախագահ Անդրանիկ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ Հայաստան 50 անդամներով պատուիրակութեան մը հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ:
Աշխարհի ախոյեան դարձան Յովհաննէս Սարգսեան եւ Էդուարդ Ղահրամանեան:
Արծաթէ մետալներ շահեցան Հայկ Միսաքեան, Էրիք Կոստանդեան, Էլեն Եփրեմեան եւ Արկադի Կիրակոսեան:
Իսկ պրոնզէ մետալներ շահեցան Պորիս Պետրոսեան, Նարեկ Կիրակոսեան, Արթուր Մելքոնեան, Յուսիկ Յեբոյեան, Յակոբ Բաղդասարեան եւ Ալեն Եգորեան:
Նշենք, որ Գահիրէի մէջ վերջ գտաւ նաեւ Քարաթէի այլ ֆետերասիոնի` «Տապըլեու-Քէյ. էֆ.»-ի հովանիին տակ տեղի ունեցած Քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստան նուաճեց 1 պրոնզ մետալ. Սուրէն Յարութիւնեան շահած էր 3-րդ դիրքի մրցումը` պարտութեան մատնելէ ետք ամերիկացի Թոմաս Սքոթը` 2-0 արդիւնքով:


