Թիրօ հիւղաւանէն եւ Նոր Մարաշ շրջանէն ետք, 1930-1940 երկարող տարիներուն կը կազմուի Նոր Սիսի շրջանը` 57 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ: 1500 օսմանեան ոսկիի վճարումով փոքր հողաշերտեր կը գնուին սիսեցիներուն կողմէ, եւ կը սկսի շինութիւնը թէկուզ փոքր հիւղակներու: Հոն բնակող ժողովուրդը ջուր կը կրէր մարաշցիներուն շինած ջրամբարներէն եւ Նապաայի շրջանի ակերէն:
1931-ին կը կառուցեն թիթեղաշէն եկեղեցի մը, որ 50-ական թուականներուն կը դառնայ քարաշէն եւ կը կոչուի Ս. Սարգիս եկեղեցի:
1930-ականներու սկիզբները դպրոցի մը անհրաժեշտութենէն մեկնած`կը կառուցուի երկյարկանի դպրոց մը, որ 60-ական թուականներուն սսեցի Աքսոր Գասարճեանի բարերարութեամբ կը կոչուի անոր անունով: Նոյն փուլին Միսաք Ազիրեան կը նուիրէ հողաշերտ մը ակումբի շինութեան համար: Ակումբը կը կառուցուի եւ կը կոչուի «Միսաք Ազիրեան»:
Արագած շրջանը կազմուած է 1930-ին մարաշցիներուն կողմէ գնուած տարածքին վրայ, որ նախատեսուած էր իբրեւ գերեզման, սակայն նկատի ունենալով, որ 1939-ին գաղթականներու մեծ հոսք կ՛արձանագրուի, այդ հողաշերտը կը տրամադրուի իրենց, որպէսզի հիւղակներ շինեն հոն եւ պատսպարուին: Այդպիսով, 700 ընտանիքներ բնակութիւն կը հաստատեն հոն, եւ այդ տարածքը կը կոչեն Արագած անունով:
Ինչպէս միւս շրջանները, Ատանայէն եկած գաղթականները բնակութիւն կը հաստատեն Թրատի շրջան եւ զայն կը կոչեն Նոր Ատանա: Վերապրողներու սովորութեան համաձայն, հոն եւս կը հիմնուին «Նիկոլ Դուման» ակումբը, Աբգարեան վարժարանը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին:
1960-ականի կէսերուն այդ շրջանին մէջ քաղաքապետութեան կողմէ կը ձեռնարկուի ժողովրդային բնակարաններու կառուցման: Հսկայ նարինջի պարտէզին տեղ կը բարձրանան շէնքեր, ուր 1969-ին ժողովուրդը կը փոխադրուի, հակառակ անոր որ անոնց մէկ մասը տակաւին կիսաւարտ էր: Անոնք այս քայլին կը դիմեն, որովհետեւ օտարները կը նպատակադրէին այդ տուները մտնել եւ բնակութիւն հաստատել հոն: Այդ շէնքերը կը կոչուի «Քաղաքապետարանի շէնքեր»:
Այս տողերը կը գրեմ, որպէսզի նոր սերունդը գիտնայ, թէ որքա՛ն մեծ դժուարութիւններով, անսահման զոհողութիւններով կառուցուած եւ յառաջացած են հայահոծ շրջանները: Կան ճանչցուած յայտնի անձնաւորութիւններ, որոնք մասնակցած են այդ աշխատանքին, բայց կան նաեւ խոնարհ հերոսներ, որոնք իրենց կեանքի գնով պայքարեցան, որպէսզի Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծը չփոխուի:



