Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Այցելելով` Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Չկայ Խաղաղութիւն Առանց Արդարութեան»

Դեկտեմբեր 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեւոն ԺԴ. պապը կիրակի կէսօրէ ետք եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու առաջին տիկին Նեհմաթ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու անոր կինը` Ռանտա Պըրրին, վարչապետ Նաուաֆ Սալամն ու անոր կինը` Սահար Պաասիրի-Սալամը, պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիան եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը:

Պապը օդակայանին մէջ դիմաւորող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէջ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Բագրատունին:

Օդակայան կարճ դադարէ ետք պապը ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, եւ ճամբուն ամբողջ ընթացքին, մասնաւորաբար նախագահական պալատին մուտքին ողջունեց հակառակ անձրեւոտ օդին զինք դիմաւորելու դուրս եկած ժողովուրդը:

Լեւոն ԺԴ. պապը Պաապտայի պալատին մէջ կարճ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին հետ, ապա ուղղուեցաւ սրահ, ուր հաւաքուած էին նախարարներ, երեսփոխաններ, տարբեր համայնքներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն խօսք մը արտասանելով` յանուն լիբանանցի ժողովուրդին բոլոր բաղադրիչ մասերուն, համայնքներուն ու պատկանելիութիւններուն ողջունեց սրբազան քահանայապետը «տարածութեամբ այս փոքր, իր առաքելութեամբ մեծ հայրենիքին` Լիբանանի մէջ, որ էր եւ կը մնայ հող մը, որ կը միատեղէ հաւատքն ու ազատութիւնը, տարակարծութիւններն ու միասնականութիւնը, ցաւն ու յոյսը»:

Ան պապին ուշադրութեան յանձնեց, որ ան պարզ երկիր մը չ՛այցելեր, այլ հող մը, որ սուրբ գիրքին մէջ բազմիցս նշուած է, եւ վեհութեան, անսասանութեան եւ սրբութեան խորհրդանիշ է:

«Ամբողջ կենդանի մարդկութեան պարտականութիւնն է պահպանել Լիբանանը: Որովհետեւ եթէ տարբեր կրօններու հետեւորդներու միջեւ ազատ եւ հաւասար համակեցութեան այս բնորդը փլուզուի, երկրի վրայ ատոր համար յարմար այլ վայր չկայ: Եւ ինչպէս Նիւ Եորքի մէջ ըսի, Պէյրութէն կը կրկնեմ. եթէ Լիբանանէն քրիստոնէական ներկայութիւնը անհետանայ, ժողովուրդի հաւասարակշռութիւնը կը փլուզուի, եւ անոր արդարութիւնը կը վերանայ: Եւ եթէ Լիբանանէն իսլամական ներկայութիւնը անհետանայ, ժողովուրդի հաւասարակշռութիւնը կը խաթարուի, եւ անոր չափաւորականութիւնը կը կորսուի: Եւ եթէ Լիբանանը կաթուածահար ըլլայ կամ վերափոխուի, անխուսափելի այլընտրանքները պիտի ըլլան մեր շրջանին եւ աշխարհի վրայ խզման գիծերը` բոլոր տեսակի ծայրայեղական գաղափարախօսութիւններու, մտածելակերպի ու  ֆիզիքական եւ նոյնիսկ արիւնալի բռնութեան միջեւ»,  նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Մենք այսօր կը հաստատենք, որ այս Լիբանանի գոյատեւումը, որ հիմա ձեր շուրջ հաւաքուած է, պայման է Աբրահամի բոլոր զաւակներուն միջեւ խաղաղութեան, յոյսի եւ հաշտութեան հաստատման համար», ըսաւ ան:

«Ձերդ Սրբութիւն, աշխարհին ըսէք, թէ մենք պիտի չմահանանք, պիտի չհեռանանք, պիտի չյուսահատինք եւ պիտի չյանձնուինք: Փոխարէնը, մենք պիտի մնանք այստեղ` շնչելով ազատութիւն, յօրինելով ուրախութիւն, կիրարկելով սէր, ընդունելով նորարարութիւնը, ձգտելով արդիականութեան եւ ամէն օր ստեղծելով աւելի հարուստ կեանք… Աշխարհին ըսէք, թէ մենք կը մնանք ամբողջ շրջանին մէջ, եւ ես կ՛ըսէի` ամբողջ աշխարհի վրայ, հանդիպման միակ տարածքը», յայտարարեց նախագահ Աուն:

Լեւոն ԺԴ. պապը իր կարգին հանրապետութեան նախագահին, քաղաքային ու կրօնական իշխանութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ ներկայացուած դեսպաններուն ուղղած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այցելել այս հողը, ուր խաղաղութիւնը պարզապէս խօսք մը ըլլալէն աւելի է: Այստեղ խաղաղութիւնը կարօտ ու ճակատագիր է, անիկա պարգեւ է եւ միշտ բաց աշխատանք: Ձեզի վստահուած է իշխանութիւն այս երկրին մէջ` իւրաքանչիւրս իր ոլորտին մէջ եւ որոշակի դերով: Ատկէ մեկնելով` ես կ՛ուզէի ձեզի ուղղել Յիսուսի խօսքը, որ ընտրուած է իբրեւ այս այցելութեան ոգեշնչման հիմնական աղբիւր. «Երանի՛ խաղաղարարներուն» (Մտ.5:9)»:

«Այստեղ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ կան միլիոնաւոր լիբանանցիներ, որոնք առօրեայ դրութեամբ լուռ կերպով կը ծառայեն խաղաղութեան: Ինչ կը վերաբերի ձեզի, որոնք տարբեր պատասխանատուութիւններ կը կրէք այս երկրի հաստատութիւններուն մէջ, ապա դուք յատուկ օրհնութիւն ունիք, եթէ կարենաք խաղաղութեան նպատակը ամէն բանէ վեր դասել», աւելցուց պապը:

«Դուք ժողովուրդ մըն էք, որ չի յանձնուիր, այլ անսասան է դժուարութիւններուն առջեւ եւ միշտ գիտէ ինչպէ՛ս քաջութեամբ վերածնիլ: Ձեր դիմացկունութիւնը իսկական խաղաղարարներու անփոխարինելի առանձնայատկութիւնն է, իսկապէս, խաղաղարարութիւնը նորացուած եւ շարունակական սկիզբ է:

«Խաղաղութեան նկատմամբ նուիրուածութիւնն ու խաղաղութեան սէրը ակնյայտ պարտութիւններու առջեւ վախ չեն ճանչնար եւ ո՛չ ալ կ՛արտօնեն, որ ձախողութիւնը խանգարէ զիրենք: Փոխարէնը, խաղաղութիւն որոնողը գիտէ ինչպէ՛ս նայիլ ապագային` ընդունելով եւ յոյսով ու լաւատեսութեամբ կառչելով ամբողջ իրականութեան: Խաղաղութիւն կառուցելը կը պահանջէ յամառութիւն, իսկ կեանքը պաշտպանելն ու սնուցանելը կը պահանջէ վճռականութիւն եւ անսասանութիւն», աւելցուց պապը:

«Դուք բազմազանութեամբ օժտուած երկիր մըն էք, որ զանազան խմբաւորումներէ կազմուած խումբ մըն է, սակայն մէկ լեզուով միաւորուած: Այստեղ ձեր խօսած եւ ձեր անգնահատելի անցեալին մէջ տարածուած լիբանանեան արաբերէն լեզուին չեմ ակնարկեր, այլ յոյսի լեզուին, այն լեզուին, որ ձեզի միշտ արտօնեց վերստին սկսիլ», նշեց Լեւոն ԺԴ. պապը:

«Մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ, գրեթէ ամէնուրեք, կարծէք թէ տեսակ մը յոռետեսութիւն եւ անօգնականութիւն տիրած է. մարդիկ այլեւս նոյնիսկ չեն կրնար իրենք իրենց հարցնել, թէ ի՛նչ կրնան ընել պատմութեան ընթացքը փոխելու համար:

«Հիմնական որոշումները, կարծէք, կը կայացուին մէկ քանիին կողմէ, երբեմն` ընդհանուր բարօրութեան հաշուոյն, եւ ասիկա, կարծէք, անխուսափելի ճակատագիր է:

«Դուք մեծապէս տուժած էք մարդասպան տնտեսութեան հետեւանքներէն, համաշխարհային անկայունութենէն, որ նաեւ աւերիչ հետեւանքներ ունեցած է Արեւելքի մէջ, ծայրայեղականութենէն, ինքնութիւններու բախումներէն եւ տագնապներէն, սակայն դուք միշտ ուզած էք եւ գիտցած ինչպէս նորէն սկսիլ», նշեց պապը:

«Խաղաղութիւնը շատ աւելին է, քան մէկ տանիքի տակ առանձին ապրողներու միջեւ անկայուն հաւասարակշռութիւնը: Խաղաղութիւնը կը նշանակէ ինչպէ՛ս միասին ապրիլ, միասնութեան եւ գործընկերութեան մէջ, իրարու հետ հաշտուած: Հաշտութիւնը, որ մեզի կ՛արտօնէ ապրիլ միասին, նաեւ մեզի կը սորվեցնէ միասին աշխատիլ, կողք-կողքի` համատեղ ապագայի համար: Այնուհետեւ խաղաղութիւնը կը դառնայ այն առատութիւնը, որ պիտի զարմացնէ մեզ, երբ մեր հորիզոնները ընդարձակուած են ամէն սահմանէ եւ արգելքէ այն կողմ», ըսաւ ան:

«Երբեմն կը կարծենք, թէ նախքան որեւէ քայլ ընելը, ամէն ինչ պէտք  է պարզաբանուի եւ լուծուի, սակայն փոխադարձ բախումը, նոյնիսկ թիւրըմբռնման դէպքերու մէջ, հաշտութեան տանող ճամբան է: Մեծ ճշմարտութիւնը այն է, որ մենք միասին կը յայտնուինք Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած ծրագիրին մէջ, որպէսզի կարենանք դառնալ ընտանիք», եզրափակեց Լեւոն ԺԴ. պապը:

Պապը երկուշաբթի օր այցելեց Աննայայի վանք, ուր լուռ աղօթեց Ս. Շարպելի շիրիմին առջեւ: Ապա Հարիսայի մէջ պատարագի մասնակցեցաւ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու հետ:

Ան մատնանշեց «երիտասարդներուն նկատմամբ մեր կրած պատասխանատուութիւնը: Անհրաժեշտ է, նոյնիսկ եկեղեցական ոլորտներուն մէջ անոնց ներկայութիւնը ամրապնդել»:

«Կը քաջալերեմ բոլորդ, որ ուշադրութիւն դարձնէք մասնաւորաբար կարիքաւորներուն, որոնք յոյս չունին եւ որոնք ծանր կացութեան մէջ են` որդեգրելով ընտրանքներ, որոնք հիմնուած են առաւելագոյն առատաձեռն սիրոյ, դէպի երկինք բարձրացող, նոյնիսկ ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ», ըսաւ Հռոմի քահանայապետը:

Ան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ միջկրօնական հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր միասնաբար ապրիլը կը թուի հեռաւոր երազանք ըլլալ, Լիբանանի ժողովուրդը` իր բազմազան հաւատքներով, կը մնայ հզօր յիշեցում, թէ վախը, անվստահութիւնն ու նախապաշարումը վերջնական խօսքը չունին, եւ որ միասնութիւնը, գործընկերութիւնը, հաշտեցումը եւ խաղաղութիւնը կարելի են:

«Ասիկա այն ուղերձն է, որ անփոփոխ մնացած է այս սիրելի երկրի պատմութեան ընթացքին. վկայութիւն այն անսասան ճշմարտութեան մասին, թէ քրիստոնեաները, իսլամները, տիւրզիները եւ շատ ուրիշներ կրնան միասին ապրիլ եւ միասին կառուցել յարգանքի եւ երկխօսութեան միջոցով միաւորուած ազգ», նշեց պապը:

«Ձեր այստեղ եւ ամբողջ աշխարհի վրայ ներկայութիւնը կը հարստացնէ մոլորակը ձեր հազարամեայ պատմութիւն ունեցող ժառանգութեամբ, եւ ատիկա նաեւ կոչում է: Հետզհետէ աւելի փոխկապակցուած աշխարհի վրայ դուք կոչուած էք խաղաղութեան կառուցողներ ըլլալու` դիմակայելու անհանդուրժողականութիւնը, անտեսելու բռնութիւնը, մերժելու մեկուսացումը եւ լուսաւորելու արդարութեան եւ ներդաշնակութեան ճամբան բոլորին համար` ձեր հաւատքի վկայութեամբ», յայտնեց Լեւոն ԺԴ. պապը:

Լեւոն ԺԴ. պապը երկուշաբթի երեկոյեան Պքերքէի մէջ Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն երիտասարդներու հետ բազմամարդ հանդիպումի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Լսած վկայութիւններս յոյսի եւ սիրոյ մասին կը խօսին` հակառակ լիբանանցի երիտասարդներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն»:

«Լիբանանի պատմութիւնը լեցուն է ձեռքբերումներով ու իւրայատկութեամբ, սակայն նաեւ կը պարունակէ դժուար դարմանելի խոր վէրքեր կը պարունակէ», ըսաւ ան:

«Ապագան ձեր ձեռքն է: Պատմական առիթ մը ունիք ապագան փոխելու, եւ սէրը կրնայ բոլոր վէրքերը դարմանել», աւելցուց պապը:

«Ձեր հայրենիքը պիտի վերատիրանայ իր երիտասարդութեան` իբրեւ ժողովուրդին միասնականութեան եւ արդիւնաւէտութեան նշան», նշեց ան:

«Խաղաղութիւնը ամբողջական չէ, եթէ կարգ մը անձնաւորութիւններու շահերու արդիւնքն է, եւ չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան, եւ չկայ արդարութիւն առանց ներումի», շեշտեց պապը:

Լեւոն ԺԴ. պապը երէկ` իր այցելութեան վերջին օրը, այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր նաւահանգիստի պայթումի զոհերու յիշատակին կանգնուած յուշարձանին առջեւ վարեց մոմ մը եւ լուռ աղօթք մը կատարեց, ապա ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութ, ուր բազմահազարներու ներկայութեան սուրբ պատարագ մատուցեց:

Պապը ֆրանսերէնով իր քարոզին մէջ յայտնեց. «Բոլորս հրաւիրուած ենք չյուսահատելու եւ բռնութեան տրամաբանութեան չյանձնուելու, չերկրպագելու դրամի կուռքին եւ չարիքին չյանձնուելու»:

«Պէտք է մեզմէ իւրաքանչիւրը իր դերը կատարէ, եւ բոլորս միաւորենք մեր ջանքերը, որպէսզի այս հողը պահէ իր շքեղութիւնը», ըսաւ ան:

«Զինաթափենք մեր սրտերը, հեռացնենք մեր ցեղային եւ քաղաքական մեկուսացման վահանները, եւ բանանք մեր կրօնական պատկանելիութիւնը փոխադարձ հանդիպումներու համար», յայտնեց Հռոմի քահանայապետը:

«Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ այս օրերը ձեզի հետ անցուցի, եւ սրտիս մէջ կը կրեմ ձեր ցաւն ու յոյսերը եւ ձեզի համար կ՛աղօթեմ», ըսաւ պապը:

«Մեր մէջ արթնցնենք երազը միացեալ Լիբանանի, ուր խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կը տիրեն, եւ բոլորը զիրար իբրեւ եղբայր ու քոյր կը ճանչնան», յայտնեց ան:

«Ո՜վ Լիբանան, վեր կա՛ց եւ եղի՛ր արդարութեան ու եղբայրութեան տուն, եւ եղի՛ր խաղաղութեան մարգարէութիւն ամբողջ Արեւելքի համար», յայտարարեց Լեւոն ԺԴ. պապը:

Պապը սուրբ պատարագին աւարտին նաեւ արտասանեց անգլերէնով հակիրճ խօսք մը, որուն մէջ Լիբանանի քրիստոնեաներուն կոչ ուղղեց` իրենց ապագան Աստուծոյ վստահելու:

«Միջին Արեւելքը կարիքը ունի նոր մօտեցումներու` մերժելու համար վրէժի ու մերժումի գաղափարները որպէսզի շրջանցենք քաղաքական ու կրօնական պառակտումները, եւ յանուն հաշտութեան ու խաղաղութեան նոր էջեր բանանք», ըսաւ ան:

«Հասարակաց թշնամանքի, քանդումի եւ պատերազմի արհաւիրքի ճամբուն վրայ երկար ժամանակ անցաւ: Կարիքը ունինք նոր ուղիի: Պէտք է մեր սրտերուն խաղաղութեան ուղին սորվեցնենք: Այստեղէն կ՛աղօթեմ Միջին Արեւելքի եւ պատերազմէն տառապած իւրաքանչիւր անձի համար, եւ կ՛աղօթեմ, որ քաղաքական խնդիրներու ճիշդ լուծումներ ըլլան: Եւ չենք մոռնար զոհերն ու անոնց ընտանիքները: Կ՛աղօթենք մասնաւորաբար Լիբանանի համար, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ, որ որեւէ առիթ չփախցնէ երկխօսութեան եւ հաշտութեան առիթներու ամրապնդման համար: Մտիկ ըրէ՛ք ձայնին ձեր ժողովուրդին, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէ», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. պապը:

Պապը այնուհետեւ ուղղուեցաւ օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ ողջերթի պաշտօնական արարողութիւն` մասնակցութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ու առաջին տիկին Նեհմաթ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ու անոր կնոջ` Ռանտա Պըրրիի, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ու անոր կնոջ` Սահար Պաասիրիյի Սալամի, պապական նուիրակ Փաոլօ արք. Պորճիայի եւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի:

Օդակայանին մէջ պապի ողջերթի լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէջ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Բագրատունին:

Հանրապետութեան նախագահը այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այս այցելութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին յիշողութեան մէջ պիտի մնայ»:

«Մեր ժողովուրդը հաւատացեալ ժողովուրդ մըն է, որ կը մերժէ մահը եւ հեռանալը», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

«Ձեր պատգամը լսեցին, եւ պիտի շարունակենք զայն մարմնաւորել: Կը մնայ մէկ բան մաղթենք, որ միշտ ձեր աղօթքներուն մէջ ըլլանք», յայտնեց նախագահ Աուն:

Լեւոն ԺԴ. պապը իր կարգին վերյիշեցուց Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապի խօսքը. «Լիբանանը երկիրէ մը աւելին է, ան պատգամ է»:

«Պէտք է բոլորս գիտակցինք, թէ զինեալ տագնապը անօգուտ է, եւ զէնքը մահաբեր է, մինչ  բանակցութիւններն ու երկխօսութիւնները շինիչ են», աւելցուց ան:

«Կ՛ողջունեմ Լիբանանի բոլոր շրջանները, որոնց չկարողացայ այցելել, հիւսիսի մէջ Թրիփոլին, Պեքան եւ հարաւը, որ տագնապի եւ անկայունութեան իրավիճակի մէջ է», նշեց պապը:

«Այս քանի մը օրուան ընթացքին բազմաթիւ մարդոց հանդիպեցայ եւ բազմաթիւ ձեռքեր սեղմեցի, եւ խաղաղութեան նկատմամբ յոյսս կ՛արտայայտեմ», յայտնեց Լեւոն ԺԴ. պապը:

Նախորդը

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը` Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալեանի Բանաձեւը (Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Խմբագրական.   Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալեանի Բանաձեւը (Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Կենսունակ Պետութիւն․Աղբալեանի Բանաձեւը (Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով)

Դեկտեմբեր 3, 2025
Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը`  Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Խաղաղութեան Պապը` Պատգամի Երկիր Լիբանանի Մէջ»

Դեկտեմբեր 3, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Ձեր Այցելութիւնը Օրհնեալ Թող Ըլլայ»

Դեկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?