Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Էն. Էս. Էյ. 100-92

December 3, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Լիբանանի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին գծով 100-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ` իր 6-րդ յաղթանակը ձեռք ձգելով:

Էն. Էս. Էյ., որ օր մը առաջ ձեռք ձգած էր երկու նոր օտար մարզիկներ, լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, ուր ՀՄԸՄ քիչ մը ուշ մտաւ մթնոլորտին մէջ եւ դժուարութիւն ունեցաւ մանաւանդ Մաքայ Ռիչըրտի դէմ, որ 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց: Էն. Էս. Էյ. 30-25 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին, եւ իր երկրորդ մասի առաջին բաժինին 31-45-ի բարձրացուց իր առաւելութիւնը: Մարզիչ Ճօ Մոժահեսի թայմ-աութէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ աւելի լուրջ պաշտպանողական ճնշում բանեցուեցաւ մանաւանդ Էն. Էս. Էյ.-ի օտարներուն վրայ, եւ արդիւնքը 51-49-ի բարձրացաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, որ կիսախաղի դադար մտաւ 51-50 արդիւնքով:

Ճորտըն Սթիվընզ մրցումի երկրորդ կէսին աւելի աշխուժ եւ յաջող կողովներ նշանակեց, մինչ թեթեւօրէն վիրաւոր Թայլըր Պէյ ցաւերը մոռնալով 29 կէտ նշանակեց 12 ռիպաունտի հետ: Ճորտըն 34 կէտ նշանակեց, հակառակ անոր որ ան շատ լաւ վիճակի մէջ չէր 3 կէտնոց կողովներու փորձերով, ուր 20 տոկոս յաջողութեամբ միայն նշանակեց:

Ահմետ Իպրահիմ բաւական լաւ մրցում ունեցաւ եւ նշանակեց 19 կէտ: Խալիտ Թոմաս իր կարգին ուշ մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ եւ 7 կէտ նշանակեց բայց 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Այզաք Այյուպի (4 կէտ) Կապրիէլ Աճէմեան (3 կէտ), Ազիզ Ապտել Մասիհ (2 կէտ), Թանիոս Աքիքի (2 կէտ), Սէրուժ Աւետիսեան, Քարիմ Սալամ, Փիթըր Տեքերմէնճեան եւ Ճիօ Մանուկեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի 6-րդ յաջորդական յաղթանակին:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին, մինչ Էն. Էս. Էյ. 12 յաջող 3 կէտնոց կողովներ ձեռք ձգեց (26 փորձերէն):

Մրցումէն ետք ՀՄԸՄ-ի մարզիչը յայտնեց, որ քանի մը շաբաթ մրցում չկատարելու պատճառով էր «մթնոլորտին մէջ ուշ մտնելը», ինչպէս նաեւ մրցակիցի նոր 2 օտարները ճիշդ ձեւով կասեցնելու ձեւը չգտնելը, բան մը, որ «շտկուեցաւ» Բ. կիսախաղին: ՀՄԸՄ յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի, Մարիսթի դէմ` Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ:

Այսօր Անդրանիկ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին, իսկ Սանթրալ պիտի հիւրընկալէ Մարիսթը:

Վաղը Պէյրութ Ֆըրսթ պիտի հիւրընկալէ Շապապ Պաթրունը, իսկ ուրբաթ օր Սաժես պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Հարաժելը:

Նախորդը

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաուֆիր` 14 Դեկտեմբերին

Յաջորդը

Սթարմըր. «Չինաստանը Բրիտանիոյ Համար Իրական Սպառնալիք Է»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.