ՀՈՒՐԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երբեմն ազգի պատմութեան մէջ կան այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնց կեանքը անցած դարու էջերուն մէջ չի մնար, այլ կը դառնայ լոյս մը` լուսաւորելու նոր սերունդներու ուղին: Նիկոլ Աղբալեան այդպիսի մեծերէն մէկն է: Անոր անունին կը կապուին` մեր մշակոյթի զարթօնքը, մեր միտքին ու հոգիին զարգացումը եւ այն անսասան հաւատքը, թէ հայ մարդը կրնայ կերտել իր ապագան, եթէ պահէ իր ինքնութեան շունչը:
Նիկոլ Աղբալեանը հայ մտաւոր, քաղաքական եւ մշակութային գործիչ էր, որ իր երկարամեայ գործունէութեամբ նշանակալի դեր խաղաց հայ կրթական համակարգի, գրականագիտութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան զարգացման մէջ: Ան միաժամանակ մանկավարժ էր, գրականագէտ, հրապարակախօս, պետական գործիչ եւ ազգային դաստիարակութեան տեսաբան:
Նիկոլ Աղբալեան ծնած է 1875 մարտ 4-ին, Թիֆլիս, համեստ ընտանիքի զաւակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի յայտնի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, որ այդ ժամանակ Կովկասի հայութեան կրթամշակութային կեդրոններէն մէկն էր: Ապա յաճախած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուր ձեւաւորուած են անոր ազգային գիտակցութեան հիմքերը եւ հետաքրքրութիւնը` դէպի գրականութիւն ու պատմութիւն:
Հակառակ նիւթական իր անձուկ պայմաններուն` ան կրցած է հետեւիլ բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու` Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի համալսարաններուն մէջ:
Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագիրին` գրական-քննադատական յօդուածներով:
Կանուխէն մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ եղած է ղեկավար դէմքերէն մէկը:
Աղբալեանի գրական-քննադատական ժառանգութիւնը բազմաբովանդակ է: Ան, այլ մեծերու կողքին, եղած է իր ժամանակի գրական կեանքի կազմակերպիչներէն մէկը: «Վերնատան» հանդիպումներուն էր, որ թրծուեցաւ գրողներու նոր սերունդը: Անոր վերլուծութիւնները միշտ կ՛առանձնանային խորութեամբ, համապարփակ դիտարկումներով եւ ազգային ինքնագիտակցութեան շեշտադրումով: Բացառիկ քննադատի կարողութեամբ եղած է առաջին անվրէպ արժեւորողը ժամանակակից գրողներուն ստեղծագործութիւնները եւ անոնց ապագայ իրագործումները կանխատեսողը: Աղբալեանի դրական մէկ արտայայտութիւնը բաւարար էր, որ հեղինակը դառնար հանրաճանաչ:
Նիկոլ Աղբալեանի համոզումով, գրականութիւնը ոչ միայն գեղարուեստական երեւոյթ է, այլ նաեւ` ազգային ինքնութեան եւ մտածողութեան արտայայտութիւն:
Իբրեւ մանկավարժ` Աղբալեանը հանդէս կու գայ ազգային դաստիարակութեան գաղափարով: Ըստ անոր, կրթութեան նպատակը գիտելիք հաղորդելը չէ միայն, այլ` ազգային ոգիի ձեւաւորում: Անոր մանկավարժական գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է դպրոցներէն ներս նորարարական կրթական մեթոտներու տարածման:
Աղբալեան գործօն քաղաքական գործիչ էր: Անոր քաղաքական գործունէութիւնը միահիւսուած էր կրթական եւ մշակութային աշխատանքին:
1918-ին, երբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ, Նիկոլ Աղբալեան նշանակուեցաւ լուսաւորութեան նախարար: Անոր ջանքերով կազմակերպուեցաւ հայ կրթական համակարգը, եւ ձեւաւորուեցաւ պետական մշակութային քաղաքականութիւնը: Անոր նախաձեռնութեամբ բացուեցան նոր դպրոցներ եւ գրադարաններ: Իր օրով հիմը դրուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանին, Ալեքսանդրապոլի մէջ, Գիւմրի:
Աղբալեանի մտայղացմամբ հիմնադրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Պետական թանգարանը (այժմ` Հայաստանի Պատմութեան թանգարան), որ պիտի դառնար նորաստեղծ պետութեան մշակութային խորհրդանիշներէն մէկը:
1920-ին` խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, Նիկոլ Աղբալեան, իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ստիպուած էր հեռանալ Հայաստանէն: Անցաւ Պարսկաստան, ապա` Եգիպտոս, ուր զբաղեցաւ մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ` իբրեւ Աղեքսանդրիոյ ազգային վարժարանի տնօրէն:
1928-ին Գահիրէի մէջ Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ Գ. Իփէկեանի հետ միասին հիմնեցին Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերութիւնը:
1930-ին Լեւոն Շանթի հետ հիմնեցին Համազգայինի Պէյրութի Հայ ճեմարանը: Այնուհետեւ ապրեցաւ Լիբանան եւ մահացաւ 15 օգոստոս 1947-ին:
Անոր կեանքի ուղին կը խորհրդանշէ հայ մտաւորականի տիպարը, նուիրուած` ազգային գործին, կրթութեան ու մշակոյթին: Անոր գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ գրեթէ բոլոր այն ոլորտները, որոնք կապուած են հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքին: Ան ապացուցեց, որ մարդ մը կրնայ ըլլալ ե՛ւ գիտնական ե՛ւ պետական գործիչ ե՛ւ դաստիարակ` պահպանելով ազնիւ նուիրուածութիւն հանդէպ իր ազգին:
Այսօր Աղբալեանի անունը կը կրեն շարք մը դպրոցներ, ակումբներ, միութիւններ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Աղբալեանի ներկայութիւնը մեր ազգային հաւաքականութեան մէջ մինչեւ օրս կը շարունակէ հնչել` իբրեւ հզօր ձայն, որ կը հրաւիրէ մտածելու, գործելու եւ չմոռնալու, թէ կրթութիւնը ոչ միայն գիտելիք փոխանցելու գործընթաց է, այլ` ժողովուրդի հոգիին ձեւաւորումը, իր արմատներուն հետ կապուելու եւ ապագան վստահ ձեռքերով կերտելու ճանապարհ:


