Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան պետական վարչութիւններու ներկայացուցիչները 28 նոյեմբերին հանդիպած են սահմանի Ախուրիկ-Աքիաքա անցակէտին եւ Գիւմրիի մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կայացած է Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման ուղղուած թեքնիք քննարկումներու երկրորդ փուլը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ծաւալած դրական երկխօսութիւնը յոյս կու տայ, որ յառաջիկային հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ:


