Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շեշտեց, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը «արժանի չէ, որ Իրան անոր հետ յարաբերութիւններ հաստատէ կամ անոր հետ գործակցի, բացարձակապէս»:
Ան Իրանի, շրջանին եւ աշխարհի մէջ վերջին զարգացումներուն շուրջ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին նշեց. «Իրանի մէջ հաստատուած եւ աճած դիմադրութեան տարրերը այսօր ընդլայնուեցան ու տարածուեցան, եւ արեւմտեան պետութիւններու քաղաքներուն թաղերուն, եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը տեսնենք Պաղեստինի եւ Կազայի մէջ դիմադրութեան աջակցող կարգախօսներ»:
«Իրանի մէջ սկսած այս մեծ ընդլայնումը աստիճանաբար տարածուած է աշխարհի մեծ մասերուն մէջ, եւ այս օրհնեալ շարժումին գոյատեւումը Իրանի մէջ անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք է սերունդներ շարունակ ամրապնդուի», յայտնեց Խամենէի:


