Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենեսի-Պլասխարթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց. «Յստակ է, որ ժամանակն է ներկայ պահուն առիթը օգտագործելու եւ անոր հրատապութեան գիտակցելու: Ատիկա Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն կը վերաբերի»:
«Երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները առանձին ամէն բան պիտի չփոխեն, սակայն պիտի օգնեն առկախ յանձնառութիւններու շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հաստատման, եւ աւելի կարեւորը, ճամբայ պիտի հարթեն անվտանգութեան ու կայունութեան, որոնց կը ձգտին երկու կողմերը», ընդգծեց ան:
«Այժմ երկխօսութեան ժամը հասած է: Չկայ մարտահաւէր, որ կարելի չէ շրջանցել: Բոլորին համար պայծառ ապագայ մը տակաւին կարելի է», յայտնեց Պլասխարթ:


