Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի, մեկնաբանելով Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծման համաձայնութեան ստորագրութիւնը, նշեց. «Յունական հարաւային Կիպրոսի վարչութիւնը 2003 թուականէն ի վեր շրջանին մէջ ծովեզերեայ պետութիւններու հետ Կիպրոս կղզին շրջապատող ծովային շրջաններու սահմանագծման շուրջ երկկողմանի համաձայնութիւններ կը կնքէ, առանց նկատի ունենալու թուրք կիպրացիները, որոնք կղզիին վրայ համահաւասար գերիշխանութեան տէր տարր մը կը նկատուին»:
«Երէկ Լիբանանի եւ յունական հարաւային Կիպրոսի վարչութեան միջեւ վերաստորագրուեցաւ տնտեսական բացառիկ շրջանի սահմանագծման համաձայնութիւն մը, որ երկու կողմերուն միջեւ 2007 թուականին կնքուած էր, սակայն օրին գործադրութեան չէր դրուած», նշեց ան:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ այս համաձայնութիւնը ներառող շրջանը դուրս կը գտնուի արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական տարածքէն, որ 18 մարտ 2020-ին պաշտօնապէս ՄԱԿ-ի մօտ արձանագրեցինք, մեր երկիրը այս հարցին կը վերաբերի Կիպրոսի հարցի եւ կիպրացի թուրքերու իրաւունքի տեսանկիւնէն», ըսաւ Քեչելի:
«Լիբանանի կամ շրջանին մէջ ծովեզերեայ որեւէ այլ պետութեան հարաւային Կիպրոսի յունական վարչութեան հետ այսպիսի համաձայնութիւններ կնքելը ուղղակի կերպով կ՛ոտնահարէ կղզիին վրայ թուրք կիպրացիներու համահաւասար իրաւունքներն ու շահերը», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Հարաւային Կիպրոսի յունական վարչութիւնը ո՛չ թուրք կիպրացիները, ո՛չ ալ ամբողջ կղզին կը ներկայացնէ եւ որեւէ իրաւասութիւն չունի ամբողջ կղզիին վերաբերող միակողմանի քայլեր որդեգրելու», շեշտեց Քեչելի:
Ան միջազգային ընտանիքին, նախ եւ առաջ շրջանի պետութիւններուն կոչ ուղղեց` «չզօրակցելու Կիպրոսի յունական վարչութեան կատարած այս միակողմանի քայլերուն, եւ չներգրաւուելու փորձերու մէջ, որոնց նպատակը խլելն է իրաւունքներն ու օրինական շահերը թուրք կիպրացիներուն, որոնք կղզիին վրայ գերիշխան եւ համահաւասար տարր կը նկատուին»:
«Թուրքիան պիտի շարունակէ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական կառավարութեան հետ գործակցիլ եւ վճռական կերպով պաշտպանել թուրք կիպրացիներուն իրաւունքներն ու շահերը», յայտարարեց Քեչելի:


