Հաւատամք`
Ի մի հայրենիք` կոչեալ Հայաստան
Եւ`
Ի մի հայութիւն` կոչումով յաւերժութիւն:
Հաւատամք`
Ազատ եւ անկախ պետականութեան
Եւ`
Արդար ու հաւասար ընկերութեան:
Հաւատամք`
Բանին, ազատ եւ անկաշկանդ
Եւ`
Կարգին ժողովրդավարական:
Հաւատամք`
Հաւաքատիրութեան
Եւ ո՛չ մենատիրութեան,
Ազգերու համակայութեան
Եւ ո՛չ գերակայութեան:
Հաւատամք`
Հայութեան պատմական Դատին`
Ահազանգ խղճի եւ արդարութեան:
Հաւատամք`
Հայ մշակոյթին`
Խարիսխ գոյութեան
Եւ փարոս փրկութեան:
Հաւատամք`
Հայ ժողովուրդի
Յամառ գոյատեւութեան,
Լուռ զգաստութեան
Եւ զգաստ բնազդին:
Հաւատամք եւ հաւատամք հայ ժողովուրդի
Ֆիզիքական գոյութեան
Գերագոյն նպատակ բոլո՛ր ծրագիրներուն:
Հաւատամք, հաւատամք եւ հաւատամք`
– ուղղափառօրէն եւ աներկմիտ –
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ
Անգերազանցելի, անառարկելի
Եւ
ԱՆՔՆՆԵԼԻ:
Հաւատամք եւ ԻՆՁ` սահմանեալիս`
Անսակարկ նուիրեալ,
Օղա՛կ պատմութեան,
Հունտ ապագայի:
Հաւատամք եւ ՀԱՒԱՏԱՄՔին`
Օրէնք կենաց
Կոչում քանդակեալ
Եւ անքակտելի:
Ապրիլ 1992 – Նիւ Եորք



