. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ անոր յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` զինք Սպիտակ տուն հրաւիրելու փափաքին նկատմամբ շնորհակալութիւնն ու այդ հրաւէրին ընդառաջելու պատրաստակամութիւնը:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Անցնող շրջանին հանրապետութեան նախագահին Իսրայէլի հետ ՄԱԿ-ի, ամերիկեան կամ արաբական հովանաւորութեամբ բանակցութեան վերաբերեալ աստիճանական կերպով ներկայացուցած նախաձեռնութեան նկատմամբ միջազգային լուրջ մօտեցում եւ հետաքրքրութիւն չտեսանք»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւ անցեալ ժամերուն յաջողեցաւ Լիբանանի մէջ քաղաքական ու դիւանագիտական քարտերը խառնել եւ բարդացնել, մանաւանդ անոնք, որոնք առնչուած են ֆրանսական եւ եգիպտական նախաձեռնութիւններուն, որոնք այսօր Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու ամէնէն լուրջ շրջագիծերն են»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացիները դիտմամբ ապահովական կացութեան վերաբերող լուրեր կը տարածեն, եւ իրենք ալ բազմիցս կը յայտարարեն, թէ Իսրայէլ ստացած է ամերիկեան-արեւմտեան լիազօրութիւն, որ կ՛արտօնէ ընել այն, ինչ որ կը նկատէ նպատակայարմար` Հըզպալլայի սպառնալիքները դիմակայելու համար»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Եգիպտական դերակատարութիւնը ոչ իսկ օր մը դադրեցաւ, այլ նահանջեց, ապա վերականգնեցաւ շրջանային պայմաններու բերմամբ, եւ այսօր Գահիրէն լիբանանեան բեմ կը վերադառնայ չափազանց նուրբ պահու, որուն ընթացքին որեւէ մեծ պայթումի լայնածաւալ հետեւանքներուն նկատմամբ մտավախութիւն ունի»:
. ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարարի նախագիծին ծանօթ քաղաքական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Նոր գաղափարները կը մեկնին Լիբանանի մէջ կացութեան պայթումին եւ «քայլի դիմաց քայլ» սկզբունքին վրայ հիմնուած շրջանային ու միջազգային հաղորդակցութիւններու արդիւնքներուն նկատմամբ արաբական ու միջազգային մտավախութիւններէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին. «Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը լիբանանցի պաշտօնատարները զգուշացուց Լիբանանի գտնուած փուլի վտանգաւորութենէն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ահաբեկումէն ետք Հըզպալլայի հռետորաբանութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ լիբանանեան պետութեան ու անոր ընտրանքներուն դէմ մագլցում կը պարունակէր, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի Անկախութեան տօնին կատարած նախաձեռնութեան ուղղակի պատասխան մը»:


