Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ այցելեց Լիբանան եւ Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք նշեց. «Այցելութիւնս ցոյց կու տայ Եգիպտոսի ներգրաւուածութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին անվտանգութեան ու կայունութեան նկատմամբ»:
«Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախագահ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեց վերջին զարգացումները», նշեց ան:
«Նախագահ Աունին փոխանցեցի Եգիպտոսի աջակցութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ բանակին բոլոր բռնագրաւեալ կէտերը ստանձնելու պատրաստակամութեան վերաբերեալ նախաձեռնութեան», յայտնեց Ապտելաթի:
«Աշխուժ ջանք կը թափենք Լիբանանը որեւէ յարձակումէ զերծ պահելու համար, եւ մենք հետաքրքրուած ենք Լիբանանի մէջ կայունութեամբ եւ անոր գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան Իսրայէլի ոտնահարումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեամբ», նշեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:
«Ուժի բռնատիրութիւնը Իսրայէլի եւ շրջանին կայունութիւն պիտի չապահովէ, եւ մենք դիւանագիտական ու քաղաքական լուծումներուն հետ ենք, եւ ոչ թէ` զինուորական», ըսաւ Ապտելաթի:
«Ամբողջ շրջանը ամբողջական մագլցումի եզրին է, եւ ատիկա բացարձակապէս որեւէ խումբի չի ծառայեր: Մեր հաղորդակցութիւնները կը ծառայեցնենք ուղղակի կամ անուղղակի երկխօսութեան ճամբով մագլցումի նուազեցման», նշեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը:
Ապտելաթի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ իր յարձակումները, եւ լիբանանեան բանակին առիթ ընծայէ ամբողջ պատասխանատուութեամբ ու հայրենասիրութեամբ իր առաքելութիւնը կատարելու»:


