99 տարեկան հասակին հայկական ֆութպոլի պատմական դէմքերէն Նիքիթա Սիմոնեան մահացաւ կիրակի գիշեր, հիւանդանոցին մէջ:
Հեծելարշաւի ֆրանսացի պատմական դէմքերէն Շարք Քոսթի մահանալէն ետք (30 հոկտեմբերին), Սիմոնեան ամէնէն տարեց Ողիմպիականի ոսկի մետալակիրն էր:
Սիմոնեանի մահուան լուրը հրապարակեց Ռուսիոյ ֆութպոլի վեթերաններու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Միրզոյեան: Ըստ Միրզոյեանի, Սիմոնեան 20 նոյեմբերին անհանգիստ զգալով փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Անցեալ 12 հոկտեմբերին 99 տարեկան դարձած Սիմոնեան հայկական եւ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ամէնէն փայլուն դէմքերէն մէկն էր:
Ֆութպոլիստ եղած օրերուն ան 4 անգամ Խորհրդային Միութեան ախոյեան դարձած էր Սպարտակ Մոսկուայի հետ` դառնալով ակումբի ամէնէն փայլուն կոլ-սքորըրներէն:
Իբրեւ մարզիչ ան Սպարտակը գլխաւորած է շահելով 2 ախոյեանութիւն եւս: Ան Արարատ Երեւանի հետ 1973-ին եւ 1974-ին շահած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնն ու բաժակը: 1984-էն 1985 ալ ան մարզած է Արարատը:
1956-ին ան Մելպուռնի Ողիմպիականին շահած է ոսկի մետալ` Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի խումբին հետ:
Նիքիթա Սիմոնեան, որ 12 հոկտեմբեր 1926-ին ծնած էր, տարիներով աշխատած է նաեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ:


