Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլիվուտեան Հայածին Տաղանդներ

November 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Վերիվայրումներով յատկանշուող ու յախուռն փորձութիւններով լի մեր կեանքի հոլովոյթի ընթացքին, բոլոր մահկանացուներուն նման, հասուն տարիքիս ես ալ հասած եմ այն եզրակացութեան, որ ցաւն ու մորմոքը, ուրախութիւնն ու բարեբեր արգասիքներով լեցուն բախտը իրարու հետ համատեղ ընթացող անբաժանելի հոգեվիճակներ են, յաճախ խռովուն, երբեմն ալ` զուարթ պահերու, որոնցմով յագեցած է մարդ էակի իրերայաջորդ տագնապներով լեցուն կեանքը:

Սոյն գրութեանս երկայնքին նախ պիտի անդրադառնամ վերջին քանի մը տարիներուն կրած հոգեկան ահաւոր ցաւերուն ու ցնցումներուն, զորս զգացի մեզմէ բաժնուած երկուորեակ եղբօրս ու գրչեղբայրներուս անժամանակ կորուստով, բան մը, որ պիտի ամայացնէր հանդերձեալ կեանքիս մնացեալ օրերը: Ինչո՞ւ չէ, ապերախտ չըլլանք, ցաւի ու մորմոքի կողքին, կեանքը ինծի պարգեւեց նաեւ հրճուանքի ու երջանկութեան պահեր ալ, զորս մարդ պէտք չէ անտեսէ…

Այո՜, հասած եմ տարիք մը, երբ մահը ամէն վայրկեան կրնայ թակել կենաց դուռն ու դարպասը: Արդէն եղբօրս պատահածը նախազգուշացում ու կարմիր լոյս էր այդ ուղղութեամբ: Ու պէտք է խոստովանիմ, որ յաճախ յանցաւոր զգացումով կը համակուիմ, երբ կը վերյիշեմ, եղբօրս կողքին, այս կարճ ժամանակաշրջանին կորսնցուցած մեր հարազատ գրչեղբայրները, որ բառացիօրէն առած գրեթէ ամայացուց սփիւռքահայ գրական ու մտաւորական աշխարհը եւ մեր անմիջական շրջապատը…

Ո՜ր մէկը յիշեմ…

Երկուորեակ եղբօրս` Փիերին կողքին, Երուանդ Գոչունեանը, Յակոբ Կարապենցը, Խոսրով Ասոյեանը, Վաչէ Սէմէրճեանը, Կարօ Մոմճեանը, Թոփճեան եղբայրներն ու Անահիտը, Գէորգ Քրիստինեանը, Հայ գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, հայր Բարսեղ Ֆերհաթեանն ու հայր Անդրանիկ Կռանեանը, Սահակ Թութճեանը, Անթուան Գարամանլեանը, Սարգիս Վահագնը, Գրիգոր Շէնեանը, Մասիս Արարատեանը, Հրանդ Սիմոնեանը, Ալիսիա Կիրակոսեանը եւ վերջերս` Զաւէն Խանճեանը եւ դեռ քանիներ, որոնց անունները չեմ յիշեր այս պահուս: Իսկ գալով վերջերս մեզմէ հեռացած մտերիմ բարեկամիս ու սիրելի գրչեղբօրս Զաւէնին, անոր մահուան տակաւին չանդրադարձայ, իր պարագային, նկատի ունենալով քիչ մը խճողուած հրապարակը: Այո՛, ի տես սաստկացող ամայութեան` յանցանքի զգացումով համակուած եմ տարեկիցներուս մէջ փոքրաթիւ վերապրողներէն մէկը ըլլալուս համար, ի բացառութիւն Գրիշ Դաւթեանին, որ գրական շրջապատին մէջ իր բարեբեր ներկայութեամբ, մեծ սփոփանք ու օրհնութիւն դարձած է բոլորիս համար: Վերը նշած ահագնացող ցաւէն առաջնորդուելով, ուզեցի անդրադառնալ աւելի խրախուսիչ, ուրախ եղելութեան մը: Գուցէ հարց տաք, թէ այդ ինչպիսի՛ ուրախ եղելութեան մասին է խօսքը…

Յուսամ` խորագիրէս կռահեցիք գրութեանս շարժառիթը…

Հոլիվուտեան շարժանկարի խստապահանջ աշխարհին հարթակներուն լայն ճանաչում գտած մանչիս` Հրաչ-Ռաճըրին ստեղծագործական ձեռքբերումներուն ու անոր յաջողութեան պիտի փորձեմ անդրադառնալ` մէկդի թողնելով համեստութիւնը: Այո՛, այդքանը պարտական եմ բազմատաղանդ, բայց եւ այնպէս չափազանց համեստ այդ հայորդիին` մեր հարազատ որդիին…

Համեստութիւնը, կարծէք, մեր գերդաստանին յատկանիշը եղած է…

Հայրս, որ Երուսաղէմի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային առջեւ կանգնած, 15 տարու հասակին, Պեթհովենի «Ջութակի քոնչերթօ»-ն նուագած է` զարմանք պատճառելով օտար հիւրերուն, օր մը հասարակութեան առջեւ կանգնելով` գլուխը չէ գոված…

Նոյնպէս մեծ մայրս` որբանոցի մեծաւորուհի Մարիա Խանումը, որ նոյն ճաշկերոյթին իր պատրաստած չի քէօֆթէով ու հայկական խոհանոցի համադամներով այցելու թուրք փաշային համակրանքը շահած է ու որպէս նուէր` իր կինը բռնաբարող թուրք ոստիկանը ոչխարի պէս մորթած Ղասսապ Արթինին կեանքը փրկած է կախաղանէն: Ան ալ օր մը օրանց գլուխը չէ գոված:

Տակաւին, հայրս երբեք հասարակութեան առջեւ չէ յիշած ֆրանսական հոգատարութեան տակ Ալեքսանտրեթի քաղաքապետական փողերախումբին ղեկավարը եղած ըլլալու պարագան, նաեւ` հետագային ալ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ ֆանֆարին հիմնադիրը ըլլալուն եւ անվճար հայ տղաքը մարզելու իր անսակարկ նուիրումի մասին: Իսկ մօրենական դեղագործ մեծ հայրս` Էզաճը Աւագ էֆէնտին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն կամաւորաբար հայերէն սորվեցուցած է ու` հայ աքսորեալներուն բժշկական խնամք ընձեռած:

Իմ խոնարհ անկիւնէս տակաւին կը յիշեմ այդ պահը, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեանը անարժանիս մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ ոսկէ մետալը կը պարգեւէր 2008-ին. այդ հաւաքոյթին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահը հետեւեալ դիպուկ խօսքերով կը ներկայացնէր անարժանս. «Պօղոս Գուբելեանը, պարոն նախագահ, Սփիւռքի լաւագոյն արձակագիրներէն մէկն է եւ ամէնէն համեստը…»:

Այո՛, ամէնէն համեստը…

Քիչ մնար, որ աչքերէս արցունք խլէր Անանեանի դիպուկ բնորոշումը:

Տակաւին, Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, Հայ դատի հետապնդման ճամբով, երբ ընկեր Շաւարշ Թորիկեանին, Հայկական հարցին նուիրուած ֆրանսերէն` «Հայկական հարցը եւ միջազգային օրէնքը» (La Question Arménienne) հատորը Կինէյի նախագահին կը նուիրէի, այդ շրջանին ցուցաբերած երիտասարդ գործարարի ու գրողի համար չտեսնուած աշխուժութիւնս ու ազգային Դատին նուիրումս, Կինէյի հայասէր նախագահ Սեքու Թուրէն դրականօրէն կը տպաւորէր, ու ան իր դեսպանին դառնալով` հետեւեալ ձեւով կը յայտնէր իր կարծիքը. «Ընդհանրապէս, գործարարները ինծի կը դիմեն իւղոտ պայմանագիրներ ձեռք ձգելու համար. այս երիտասարդ գործարարն ալ, փոխանակ այդ դուռը թակելու, եկած է իր ժողովուրդին արդար Դատը պաշտպանելու: Այս մէկը բացառիկ երեւոյթ է, զոր պէտք է դրականօրէն գնահատենք…»:

Սիրելինե՛ր, ասիկա ինքնագովութիւն չէ, թերեւս ինքնակենսագրութիւն մըն է, որ օրինակ կրնայ ծառայել գալիք սերունդներուն:

Բնական է, որ անդրանիկ որդիս ալ ժառանգէր մեր տոհմին աղաղակող համեստութիւնը: Եթէ անարժանիս փոխարէն որեւէ մէկը միջազգային գետնի վրայ Հայ դատին այնքան ծառայութիւն մատուցած ըլլար, ներկայիս թեւեր առած` կը թռչկոտէր փառքի ոլորտները: Սակայն այս պահուս, որպէս նուիրեալ սփիւռքահայ գործիչ, մեզ յիշատակող չկայ:

Եղածը պարզ գնահատագիր մըն է` մեր զաւակներուն ու թոռներուն որպէս ապագայի խրախուսանք:

Այժմ վերադառնանք բուն նիւթին` բազմատաղանդ հայորդիին հոլիվուտեան ձեռքբերումներուն ու անոր յաղթահարած միջազգային ճանաչողութեան:

Ափրիկէի մէջ շատ կանուխ հասակէն Հրաչը, բեմական անունով` Ռաճըր, արուեստներու հանդէպ որոշ սէր ու հակում ցուցաբերած է: Հայրենապաշտ հօրը մղումով անգիր ըրած է հայր Վահան Յովհաննէսեանի «Վարդան քաջ զօրավար էր» կամ «Կարմիր Վարդան» կտորը, զոր 8 տարու հասակին, առաջին անգամ հրապարակով ասմունքեց, երբ խորհրդահայ զբօսաշրջիկներ «Արմէնիա» պերճանաւով Ֆրիթաունի նաւահանգիստը խարսխեցին: Այցելուները ապշահար, հիացմունքով մտիկ ըրին եօթը-ութ տարու լաճին ելոյթը` չհաւատալով իրենց  տեսածին: Գուցէ Մխիթարեան վարդապետին հայրենասիրական այդ ստեղծագործութիւնը իր անջնջելի տպաւորութիւնը թողուց զգայուն մանուկի անոր ենթագիտակիցին վրայ, երբ ան տարիներ վերջ իր արուեստին ուժով նուաճեց Հոլիվուտի դժուարահաճ հասարակութեան հիացմունքը` Հայոց պատմութեան ու Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած արուեստի իր գործերով: Երբ Հրաչը 13-ը թեւակոխեց, ընտանեօք, ստիպուած, Ամերիկա հաստատուեցանք: Այս երկրին մէջ ալ զաւակ մեծցնելը նորեկ ծնողքի մը համար երկսայրի սուր կրնար դառնալ` ճակատագրական սխալներ գործելու: Զաւակիդ սխալ միջավայրէ ընկերներ ընտրելու կործանարար ընթացքէն կախում պիտի ունենայ անոր ճակատագիրը: Փողոցային, տեսակ տեսակ ախտերով լեցուն միջավայր, ուր զաւակդ շատ շուտ զոհը պիտի դառնայ եղծանիչ նիւթերու եւ այլ մոլութիւններու: Պիտի շեղի ուղիղ ճանապարհէն ու ստահակներու ազդեցութեան տակ ընդմիշտ պիտի հեռանա՜յ, ընդմիշտ խոյս տայ իր ազգային պատկանելիութենէն ու խրի տիղմին մէջ, եթէ ծնող մը զգուշ չըլլայ: Կամ ալ, հակառակ պարագային, հայեցի լաւ դաստիարակութեամբ, յաջողակ պիտի դառնայ ան իր ասպարէզին մէջ եւ կարգ մը յատուկ պարագաներուն ալ` համաշխարհային հռչակի հասնի: Այժմ, մէկդի թողնելով տոհմային ամօթխածութիւնը, փորձենք իր ամբողջութեամբ ներկայացնել արուեստագէտ Հրաչը, տեղական անունով` Ռաճըր Գուբելեանն, ու Հոլիվուտէն ներս անոր ձեռքբերումները: Յաջորդ գրութեամբ, կարելիութեան սահմանին մէջ պիտի քննարկենք ու ներկայացնենք արուեստագէտ Ռաճըրին հսկայ ներդրումը եւ ձեռք բերած յաջողութիւնները շարժանկարի արուեստի աշխարհէն ներս:

Օսքարակիր Ռաճըր  Գուբելեանի Անձն Ու Հոլիվուտեան Ձեռքբերումները

Հօր մը համար երբեք դիւրին չէ եղած իր հարազատ զաւակը մամուլով ներկայացնելը, լրջօրէն կեդրոնանալը հոլիվուտեան շատ դժուարահաճ միջավայրին մէջ անոր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն վրայ: Հրաչ-Ռաճըր Գուբելեան տեսողական ու տպաւորապաշտ արուեստի հռչակաւոր ստեղծագործ, շարժապատկերի տնօրէն ու հեքիաթասաց մըն է, որուն ասպարէզը կը տարածուի հոլիվուտեան լուրջ դիւցազներգութիւններէն մինչեւ անհատական, խորազգաց ստեղծագործութիւններու ոլորտը: Ան Լիբանան աշխարհ եկաւ ու երեք ամսու մանուկ հասակին Ափրիկէ իր հօրը կարօտակէզ գիրկը ոստում կատարեց: Սիերա Լիոնի մայրաքաղաք` Ֆրիթաունի մէջ հասակ նետեց ան ու 13 տարու հասակին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցաւ, քանի որ ծննդավայր Լիբանանը մխրճուած էր քաղաքացիական եղբայրասպան, արիւնալի պատերազմի մէջ: Ափրիկէ հասակ նետած ըլլալով` ան մօտէն յարաբերելու եւ ծանօթանալու բախտը ունեցաւ տարբեր մշակոյթներու եւ ազգերու համաշխարհային իւրայատուկ պատմութեան, երեւոյթ մը, որ զինք պատուաստեց տիեզերական գիտակցութեամբ, ճանաչողութեամբ ու տեսլականով, իր մէջ ջրդեղելով կիրքը պատումի ու որպէս արդիւնք` արուեստագէտի անոր դժուարին ուղին կերտեց: Գուբելեանի շարժապատկերի արուեստը սկիզբ առաւ 1994-ին, նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին` որպէս արցախեան հերոսամարտի մասնակից ու վաւերագրական ժապաւէնի նկարիչ: Մէկ ուսը զէնք, միւսին` նկարչական գործիք, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ արցախեան գոյամարտին: Անձամբ վկայելով քաոսը պատերազմի դաշտին վրայ մարտնչող մարդկային հասարակութեան` ան իր հարազատութեան մէջ խլեց ու տուաւ արիւնոտ պատկերները կռիւի դաշտին: Ու իր այդ փորձառութիւնը ապագային ձեւաւորեց տիեզերական իր մօտեցումը եւ ամրապնդեց իր հաւատքն ու համոզումը, պատմական եղելութիւն մը կամ հերոսապատում մը, իր հարազատութեան մէջ պատմելու` առանց ծեքծեքումներու եւ աւելորդաբանութիւններու: Տարիներու տքնաջան աշխատանքով ու արուեստին իր նուիրումով Հոլիվուտի մէջ ան փառքի ու հռչակի հասաւ` իր ժամանակի ամենայայտնի ժապաւէններու վրայ աշխատելով: Ան համաշխարհային ճանաչում ձեռք ձգեց Փիթըր Ճեքսընի «Օսքար»-ի արժանացած «Մատանիներու տիրակալը» ժապաւէններու եռեակին` Նոր Զելանտայի մէջ նկարահանման ընթացքին, շատ կարեւոր, չըսելու համար` առիւծի իր բաժինը բերելով: Նաեւ ան ստեղծեց Մոտերոյի (Modero) կերպարն ու նկարչութիւնը «Fellowship of the Ring» ժապաւէնին մէջ: Այդ մէկը ոչ միայն տեսողական արուեստի առաջատարը դարձաւ, այլ նաեւ` Նոր Զելանտան բնորոշող վաւերական դրոշմաթուղթի բնանկարը: Անոր ստեղծագործական ճիգն ու ընթացքը շարունակուեցան «Զոյգ պարիսպներ» ժապաւէնով եւ այդ շրջանին հրապարակ ելաւ «Վիտիոյի ստեղծագործութիւն»-ը, ուր մանրամասն կերպով ու հարազատօրէն կը յայտնուէր անոր ներդրումը` հերոսական ու տեսողական ժապաւէններու պատրաստութեան մէջ:

Հոլիվուտեան նշանաւոր ձեռքբերումներու շարքին կը դասուին նաեւ Թիմ Պըրթընի «Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ»-ը (Alice in the Wonderland), ինչպէս նաեւ Քլինթ Իսթվուտի «Մեր հայրերու դրօշը», Էփըլ Մաքպեթի «Մարվըլզ մուն քնայթ», «Էքս մեն», «Տը քրոնիքըլ աֆ ռոտտիք» եւ Մայքըլ Ճորտընի «Ըսփէյս ճեմ» ժապաւէնները:

Իր ասպարէզի տեւողութեան Գուբելեան առանձնաշնորհումը ունեցաւ գործակցելու եւ ստեղծագործական հարթակը բաժնելու տեսողական արուեստի հսկաներուն հետ, ինչպիսիք են` Փիթըր Ճեքսընը, Իվան Նէյթմենը, Ճօ Փիրքան, Մել Կիպսընը եւ Թիմ Պըրթընը:

Անոր անձնական անկախ ծրագիրները նոյնպէս ուշագրաւ են: Այստեղ տեղին է յիշատակել անոր գործակցութիւնը նշանաւոր հայու, յայտնի երաժշտագէտ, երգիչ Սերժ Թանգեանի հետ, որուն տաղանդը կը տարածուի` ընդգրկելով նաեւ գծանկարչական ու գրողական ոլորտները: Նոյնպէս, որպէս տաղանդաւոր գրող, հրապարակագիր Ռաճըրին գործերը լոյս տեսած են բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ` անոր ապահովելով խոհուն արուեստագէտի ճանաչում: Միեւնոյն ատեն ան հռչակ վայելող գրող-գծանկարիչ է, որուն արգասիքը կը կազմեն եռեակ գործեր` «Պատերազմի աստուածները», «Ռազմիկ սուրբեր» եւ «Մուրճերը» ստեղծագործութիւնները, որոնք ներշնչուած են Գուբելեանի հաւատքի եւ յեղափոխականի ազգային ոգիէն ու կը պեղեն զայն պատկերներու հմայիչ լեզուով:

«Պատերազմի աստուածները» կը կեդրոնանայ ազգային-կրօնական նշանաւոր հերոսներու մարտնչումներու վրայ: «Ռազմիկ սուրբերը» կը դրուատէ ըմբոստութեան մարտահրաւէրը եւ հերոսութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ամուր կառչած են իրենց հաւատքին ու ազգային ոգիին: Նոյնպէս, «Մուրճ»-ը գործը հիւսուած է պատմութեան ու առասպելի սահմանին գործող անհատներով: Մրցանակի արժանացած Գուբելեանի «Սուրբեր ու մարտիկներ» վիպային շարքը կեանքի կոչուեցաւ Էլի Ժարրայի եւ Փիթըր Պահլաւանեանի երկարամեայ գործակցութեամբ. անոնք իրենց տաղանդը ցուցաբերեցին պատմութիւն հիւսելու իրենց արդիական մօտեցումով: «Կարմիր Վարդան»-ի վեցերորդ յայտագիրը ճանաչում ստացաւ կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային հանրայայտ փառատօնին:  Նոյնպէս, նշեալ ֆիլմաշարը յատուկ մրցանակի արժանացաւ Թորոնթոյի ժապաւէնի փառատօնին, 2024-ին:

Գուբելեանի ստեղծագործութիւնները կը յատկանշուին իրենց ցցուն կարողականութեամբ կամրջելու` առասպելի մը տարողութիւնը իր անձնական փորձառութեան հետ: Անոր ափրիկեան ցամաքամասին ու մասամբ մըն ալ Լիբանանի մէջ հասակ նետելը, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմը անձամբ վաւերագրելու խիզախութիւնը իր մէջ ամրացուցին խորունկ այն գիտակցութիւնը, որ մարդկային ողբերգութիւնները ամէնուրեք միաձուլուած են իրարու: Հոգ չէ, թէ մէկը առասպելական ասոյթով հանդէս կու գայ թէ հետազօտելով խորապէս ամրագրուած մշակոյթի մը փառապանծ պատմութիւնը: Գուբելեանի պատմագրութիւնը կը բացայայտէ իւրայատուկ ոճ մը արուեստագէտի ու վարպետօրէն կը դրսեւորէ անոր քննական ոգին:

Այս պահուս Ռաճըր իր իրաւունքին մէջ գնահատուած ու փառաբանուած է` որպէս տեսողական արուեստի տաղանդաւոր ստեղծագործ-արուեստագէտ մը, որ իր անսպառ ներդրումը կը բերէ Հոլիվուտի շարժապատկերի արուեստին ու կը շարունակէ հիացմունք պատճառել ամէն ազգի ու գոյնի հասարակութեան: Անոր արուեստը իր անսպառ, ներքին ուժը կը ցուցաբերէ` միաւորելու եւ ներշնչելու անխտիր ամէն ազգի շարժանկարի արուեստի սիրահարները` գոյութիւն ունեցող բոլոր սահմանումները խորտակելով…

 

Ռիչմընտ, Վըրճինիա

Նախորդը

Փարիզի Մէջ ՀՄԸՄ- «Ֆրանս»-ի Մարզահամալիրի Բացում

Յաջորդը

Նշմար. Պանկլատէշի Կողմնացոյցը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.