Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին հրաւիրեց չէզոք երկրի մէջ առկախ թղթածրարներու շուրջ բանակցելու: «Եթէ ոեւէ մէկուն հետ խնդիր ունիս, անոր հետ բանակցէ: Ես յանձնառու եմ նախարարաց խորհուրդի որոշումին, ինչ կը վերաբերի որեւէ պետութեան, ներառեալ Իսրայէլի հետ բանակցելուն, եթէ կառավարութիւնը այդ առնչութեամբ որոշում որդեգրէ»:
«Եթէ նախարարաց խորհուրդը բանակցիլ որոշէ, ապա մենք հոն ենք, ուր ուրիշներ չեն յանդգնիր ըլլալ (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նշանաբանը, «Ա.»)», նշեց ան` աւելցնելով. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ լիբանանեան դարձաւ, երբ ամէն ինչ էր բացի լիբանանեանէն»:
Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ արտասահմանի մէջ քուէարկութեան համար արձանագրուած լիբանանցիներուն ընդհանուր թիւը 152050 է:
Անդրադառնալով ներքին ու արտաքին յարաբերութիւններուն` Ռաժժի ըսաւ. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնը լաւ է, եւ անոնց միջեւ տեւական հաղորդակցութիւն կայ, նոյն նպատակը ունինք, թէկուզ կարգ մը նիւթերու շուրջ մօտեցումը տարբեր է»:
«Բանակի հրամանատարը նուրբ ժամադրութիւններ ջնջելէ ետք, ինք տուաւ Ուաշինկթըն այցելութիւնը յետաձգելու որոշումը», նշեց ան` աւելցնելով. «Հարցը բացառապէս քաղաքական է»: Ան նաեւ ըսաւ. «Ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի»:


