ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ
Կարելի չէ անցնիլ նոյեմբեր ամիսէն եւ չյիշել Լիբանանի անկախութիւնը, այն երկիրը, որ մեզ ընդունեց, երբ բռնագաղթի ենթարկուած եւ աքսորուած էինք մեր երկրէն:
Լիբանանը եւ յատկապէս լիբանանահայութիւնը միշտ կարեւոր դեր խաղացած է սփիւռքի մէջ, սակայն կրած է զանազան դժուարութիւններ` մանաւանդ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, բայց հայը միշտ մնացած է հաւատարիմ Լիբանանին եւ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, միշտ կանգնած է Լիբանանի պետականութեան կողքին:
Լիբանանահայութիւնը աշխարհի տարածքին ամէնէն հին գաղութներէն մէկն է. արդարեւ, Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդը կարճ ժամանակի մը ընթացքին ստեղծած է հայկական գաղութ մը` դպրոցներով, եկեղեցիներով, ակումբներով եւ մշակութային կեդրոններով, Լիբանանի մէջ նաեւ գործած են եւ կը շարունակեն գործել երեք հայ կուսակցութիւններ: Խորհրդարանին մէջ ունինք մեր երեսփոխանները, որոնք լիբանանահայութեան իրաւունքները կը պաշպանեն խորհրդարանին մէջ:
Այսօր լիբանանահայութիւնը պահած է իր մայրենի լեզուն, պատմութիւնը եւ գիրը` շնորհիւ հայկական վարժարաններուն, որոնք, հակառակ բազում դժուարութիւններուն եւ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն, կը շարունակեն ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն:
Լիբանանի մէջ մենք նաեւ պահած ենք մեր նախահայրերէն մնացած աւանդութիւնները եւ տօներն ու տարեկան դրութեամբ կը նշենք զանոնք` կազմակերպելով ձեռնարկներ, ցոյցեր եւ զօրակցական երթեր, նաեւ կը մասնակցինք լիբանանեան զանազան տօներու եւ աւանդական ձեռնարկներու:
Սակայն Լիբանան վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, որոնք կը վտանգեն լիբանանցիին եւ լիբանանահայուն առօրեայ ապրուստը:
Թէեւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը անապահով է եւ Լիբանան կը տառապի զանազան դժուարութիւններէ, բայց յիշենք, որ` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան», եւ միասնաբար, մէկ բռունցք դարձած, կրնանք դիմագրաւել որեւէ դժուարութիւն: Վստահ ենք, որ սեւ ամպերը պիտի հեռանան Լիբանանի երկինքէն, եւ կրկին պիտի ծագի արշալոյսը:
Մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, միշտ հպարտ ենք եւ շնորհակալ ենք այս երկիրին, որ մեր դժուար եւ վշտալի օրերուն հիւրընկալեց մեզ: Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորենք լիբանանցի մեր քոյրերն ու եղբայրները եւ յոյսով ենք, որ պիտի գան լաւ օրեր, եւ լիբանանցին պիտի ապրի անկախ եւ խաղաղ իր հողին վրայ:
Շնորհաւոր անկախութիւնդ իմ չքնա՛ղ Լիբանան:


