Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի 115-Ամեակ. Մէկ Ընտանիք

November 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՐԱՆ ԱՒԸՆԵԱՆ-ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ

Տարի մը եւ աւելի սպասումի ու բծախնդիր նախապատրաստութեան շրջանէ մը ետք, նշուեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը: Հայրենիքը` որպէս սրբազան հող ու հոգեմատեան, եղաւ այս տօնին ամենաբնական եւ արժանաւոր վայրը. հոն կը խարսխուին մեր արմատները, հոն սրտերը

կը գտնեն զիրար, եւ սէրը, կարծէք, որպէս յարատեւ կրակ` կը վերածնի: Ամէն մէկ քայլ, ժպիտ եւ հպում լեցուն էին ջերմութեամբ, իսկ ամէն ակնթարթ` հարազատ հոգիներու շունչով:

Տօնական օրերու կեդրոնաձեւ վայր դարձաւ Սայաթ Նովա պողոտայի «Անի» պանդոկը, որ այս օրերուն վերածուեցաւ ոչ միայն կեցավայրի, այլեւ` հարազատ օճախի: Սրահը գիշեր ու ցերեկ կը լեցուէր ծանօթ եւ սիրելի դէմքերով. ընկերուհիներ ու քոյրեր` տարիներու նուիրումով կազմուած մեծ ընտանիք մը: Ժպիտներ, գրկախառնութիւն եւ յուզումնալից պահեր կը լեցնէին ամէն անկիւն: Շատերու աչքերու փայլը պարզօրէն

կը պատմէր. «Մենք մեր տան մէջ ենք, միասին ենք»:

Հիւրընկալող ընկերուհիները սիրալիր եւ հոգատար աշխատանքով կազմակերպած էին տասը օրերու ծրագիրը` միշտ ջերմ ժպիտով դիմաւորելով հիւրերը:

ՀՕՄ-ի կեդրոնին մէջ հիմնադիր Ակնունիի կիսանդրիի զետեղման արարողութեան ընթացքին ներկաները աղօթքով եւ վերանորոգ ուխտով ամրագրեցին իրենց նուիրումը` մեծ պատասխանատուութեամբ շարունակելու միութեան սուրբ գործը:

Հասած էին 26 շրջաններէ սիրելի ՀՕՄ-ուհիներ. ոմանք ամուսիններով, ուրիշներ` զաւակներով: Բոլորը` մէկ սրտի նման, մէկ յիշողութեան եւ մէկ նուիրումի շուրջ համախմբուած:

Հայրենի հացին համը քիմքդ կը շոյէր, յատկապէս երբ «Հեքիաթ» մանկապարտէզի փոքրիկ մը սիրով եւ անմեղ ժպիտով կը հրամցնէր զայն: Ան կը զգար, որ այս օրը զինք սիրող հոգետար «մամաներ» էին հիւր եկած, իսկ սրահը լեցուած էր մանկական սրտերու եւ քաղցրիկ երգերու ջերմութեամբ:

Տօնական շարքը կ՛ընդհատուէր օգտաշատ այցելութիւններով.

Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» կեդրոնը այսօր կը գործէ նոր եւ անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներով` նուիրատու ընկերուհիներու շնորհիւ:

«Յոյսի օճախներ» ծրագիրի բացման արարողութիւնը նման էր գիւղական տօնախմբութեան` արցախեան երգով, պարով եւ հաց ու աղով: Քանի մը արցախաբնակ մեծ ընտանիքներ ստացան նոր, ապահով եւ սիրով լեցուն բնակարաններ` նոր շունչ եւ յոյս ներշնչելով:

Միօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին բաշխուեցաւ «Հայ սիրտ» բացառիկ պարբերաթերթը, որ վկայութիւնն էր միութեան վերջին տարիներու աշխատանքին:

Յուզումնալից էր նաեւ արցախահայութեան նուիրուած բաժինը: Երգեցինք Արցախի սուրբ քայլերգը դողդոջուն ձայներով եւ բոցկլտուն սրտերով:

Արցախը կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ: Եւ պիտի ապրի:

Ինչպէ՞ս կարելի էր չայցելել Եռաբլուր եւ մեր խոնաւ աչքերով, մոմի ջերմ լոյսով ու խնկաբոյր աղօթքով չյարգել մեր անմահ հերոս նահատակները:

Այդ խորհրդաւոր օրը բոլորս լուռ կը խոնարհէինք նահատակներու սրբազան շիրիմներուն առջեւ, սրտի խորքէն ելած մայրական աղօթքներով կը շոյէինք անոնց լուսաւոր հոգիները` շնորհակալութեամբ ու յաւիտենական սիրով:

Հպարտութիւն եւ ներշնչում պարգեւեց նաեւ Հաղբատի եւ Սանահինի վանքերու այցելութիւնը. հոն կը զգացուէին մեր ազգի ստեղծարար ոգին, միտքը եւ հաւատքը:

Այդ քարերուն մէջէն կը զգացուէին մեր պատմութեան կենդանի շունչը, որ համոզում կը ներշնչէր առ այն, որ մենք հզօր եւ վեհ ժառանգութեան կրողներն ենք:

115-ամեակի մեծ տօնակատարութիւնը դարձաւ անմոռանալի` բազմազան յայտագրերով, երգով, խօսքով, պարգեւատրումով եւ լի սրահով, որ երկար ժամանակ կը թնդար ծափողջոյններով:

Եւ երբ եկաւ հրաժեշտի պահը, ամէն մէկս իր սրտին խորքը զգաց նոյն յոյզը: Այս հանդիպումները պիտի մնան մեր մէջ ու վերապրին այլ ՀՕՄ-ուհիներու մէջ:

115 տարի անց ՀՕՄ-ը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ` խորհրդանիշը խնամքի, սիրոյ, նուիրումի ու համախմբումի:

Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է:

Մենք մէկ ընտանիք ենք:

Մէկ սիրտ:

Մէկ յիշողութիւն` սերունդներու մէջ շարունակուող:

 

 

 

Նախորդը

Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին

Յաջորդը

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Գ.

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.