Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Պաղեստինեան Այն Հըլուէ Գաղթակայանին Վրայ

November 20, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր շուրջ ժամը 9:30-ին երեք փուլով յարձակում գործեց Սայտայի մէջ պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանին վրայ` թիրախաւորելով Խալետ Պըն Ուալիտ մզկիթի մերձակայքին մէջ գտնուող խաղավայր մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ 13 զոհերու եւ շարք մը վիրաւորներու արձանագրման:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է «Համաս շարժումին պատկանող մարզումի կեդրոն մը»:

Այն Հըլուէի մէջ Համասի քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Խալետ Զաայթեր (Ապու Հուսամ) երէկ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին ջարդ գործեց մանուկներու եւ դեռատիներու դէմ, որոնք մանուկներու յատուկ մարզական դաշտի, ակումբի եւ լողաւազանի մը մէջ կը խաղային, վայր մը, որ գաղթակայանին մէջ բոլորին ծանօթ է»:

Զաայթեր լրագրողներու հետ Թահթանի թաղին մէջ յարձակումի թիրախ դարձած վայր շրջագայութեան ընթացքին ըսաւ. «Այն Հըլուէ գաղթակայանին վրայ ահաբեկչական այս յարձակումը Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ մեր ժողովուրդին վրայ սիոնական ահաբեկչական յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումներուն շարունակութիւնն է»:

«Իսրայէլեան բանակին պնդումները, թէ թիրախաւորուած վայրը «շարժումին պատկանող մարզումի համալիր է», բացայայտ յերիւրանք եւ սուտ է, եւ անոր նպատակը ոճրային անոր յարձակումը արդարացնել եւ գաղթակայաններուն ու պաղեստինցի մեր ժողովուրդին դէմ հրահրում կատարելը, որովհետեւ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ զինուորական կառոյցներ չկան», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Հըզպալլա. «Ազգային Պարտականութիւնը Կը Պահանջէ Թշնամիի Ոճիրին Բոլոր Կարելի Միջոցներով Դիմակայման Առումով Վճռական Եւ Միասնական Կեցուածք Որդեգրել»

Յաջորդը

Աուն. «Ոչինչ Բանակը Իր Դերը Կատարելէ Ետ Պիտի Կանգնեցնէ, Ո՛չ Հրահրումը, Ո՛չ Կասկածի Տակ Առնելը»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.