«Մեծն Բրիտանիան կը հետեւի Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ ստեղծուած կացութեան», 17 նոյեմբերին Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի նիստի ժամանակ յայտարարած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Սթիվըն Տաութին` պատասխանելով Սկովտիայէն ընտրուած պատգամաւոր Պրենտան Օ՛Հարայի հարցին:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ բոլոր գործողութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան` պատշաճ դատավարութեան ընթացք եւ արդարացի վերաբերմունք ապահովելով բոլորի համար: Կ՛ակնկալենք նաեւ, որ դատական գործընթացները կը մնան թափանցիկութեան եւ անաչառութեան շրջանակներուն մէջ», յայտարարած է բրիտանացի նախարարը:
Տաութիի համաձայն, «Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ վճռականօրէն յանձնառու ըլլալ ամբողջ աշխարհի մէջ կրօնի եւ համոզմունքի ազատութեան իրաւունքի խթանման ու պաշտպանութեան»:


